«Յոյսով Եմ, Որ Շուտով Դաշտ Կը Ներկայանամ» Կ՛Ըսէ Մխիթարեան
Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի եւ Շախտիոր Տոնեցքի միջնապահ Հենրիխ Մխիթարեան երէկ կարճ հարցազրոյց մը ունեցաւ Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնի պաշտօնական կայքէջին հետ:
Մխիթարեան ըսաւ. «Խումբին բոլոր մարզիկներուն նման իմ փորձերս կը կատարեմ: Նկատի ունենալով, որ ստացած վնասուածքս թեթեւ էր, յաջողեցայ շուտ վերագտնել ինքզինքս: Յոյսով եմ, որ յաջորդ մրցումին կրնամ դաշտ ներկայանալ իբրեւ հիմնական մարզիկ` բաւական լաւ կազմուածքի մէջ ըլլալով»:
Նշենք, որ ան այս շաբթուան սկիզբը Ուքրանիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան գծով տեղի ունեցած մրցումի մը ընթացքին վիրաւորուած էր:
Մխիթարեանի կազմը իր յաջորդ մրցումը պիտի կատարէ 7 ապրիլին, երբ 26-րդ հանգրուանի ծիրին մէջ պիտի հիւրընկալէ Տինամօ Քիեւը:
CATEGORIES Մարզական


