Թաղման Կարգի Արարողութիւնը` Սրբոց Քառասնից Մանկանց Եկեղեցւոյ Մէջ

Երէկ` Աւագ ուրբաթ, Քրիստոսի չարչարանաց, խաչելութեան եւ թաղման յիշատակին սրբազան արարողութիւն կատարուեցաւ Նոր Մարաշի Սրբոց Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ մէջ: Արարողութեան հանդիսապետեց Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեան, որ իր քարոզին մէջ նկատել տուաւ, որ Յիսուսի փրկագործական ծրագիրին մէջ իր աշակերտները յարութեան աւետիսով տարուեցան. Քրիստոս Յարութիւն առաւ եւ աշակերտները այդ աւետիսը պիտի քարոզէին աշխարհի մէջ: Սրբազանը բացատրեց, որ Թաղման կարգը կը խորհրդանշէ Աստուծոյ յայտնութիւնը: «Աստուած ինքզինք յայտնեց մարդուն զանազան կերպերով», շեշտեց սրբազանը:

Առաջնորդ սրբազանը ըսաւ, որ մարդու կեանքը Աստուծոյ ներկայութիւնն է եւ հակառակ պարագային յաւիտենական մահուան դատապարտուած է` աւելցնելով, որ այս բոլորը վերստին սրբագրելու համար Աստուած ծրագիրը դրաւ, գործադրեց, եւ այդ ծրագիրը իր գագաթնակէտին հասաւ Քրիստոսի խաչելութեամբ: «Աստուած մեզի հետ հաղորդուեցաւ Քրիստոսի միջոցով», հաստատեց սրբազանը` եզրափակելով, որ Քրիստոս իր մահով կոխկռտեց իսկական մահը եւ Քրիստոսի հետեւելով կրնանք հասնիլ յաւիտենական կեանքի:

 

Share this Article
CATEGORIES