Քրիստոսի Թաղման Կարգին Նախագահելով` «Քրիստոսի Գերեզմանը Կեանքի Ու Յարութեան Աղբիւր Է» Ըսաւ Արամ Ա. Կաթողիկոս

Քրիստոնեայ աշխարհին համար Աւագ ուրբաթը երկիւղածութիւն եւ յարգանք պարտադրող օր է` իբրեւ Յիսուս Քրիստոսի գերագոյն սիրոյ նշան հանդէպ մարդկութեան, որուն համար յանձն առաւ Աստուածորդին գերեզման իջնել:

Անթիլիասի մայրավանքին մէջ հարիւրաւոր հաւատացեալներ, իրենց նուիրաբերած ծաղիկներով զարդարեցին Քրիստոսի խորհրդանշական գերեզմանը եւ խուռներամ բազմութեամբ լեցուցին մայրավանքի շրջափակը:

Քրիստոսի թաղման արարողութեան հանդիսապետեց Արամ Ա. կաթողիկոս եւ այս առիթով փոխանցեց իր հայրապետական պատգամը: «Սուրբ Աստուած»-ի պահուն, վեհափառը եւ միաբան հայրեր Քրիստոսի գերեզմանը խորհրդանշող բեմին առջեւ իրենց վեղարները հանելով գլխաբաց ծնրադրեցին` կատարելով Աստուածորդիին Թաղման կարգը: Ծանրագին կտաւներով ծածկուած Քրիստոսի գերեզմանը զարդարուած էր նաեւ Կենաց խաչափայտի մասունքով եւ Կիլիկիայէն բերուած հնադարեան սպասներով:

Վեհափառը ներկայ բազմութեան ուղղելով իր հայրապետական պատգամը, օրուան խորհուրդին ընդմէջէն հաւատացեալներուն հաղորդեց Քրիստոսի Ս. գերեզմանին զօրութիւնը եւ անկէ ճառագայթող յարութեան շունչը: Վեհափառը ըսաւ, որ Թաղման այս կարգը կեանքի ու յարութեան շունչով լեցուն է, եւ յոյս կը ներշնչէ մանաւանդ մեզի` հայ ժողովուրդի զաւակներուս: Ապա հայրական սիրով վեհափառը գնահատեց յատկապէս մեծ թիւով երիտասարդութեան ներկայութիւնը Աւագ շաբթուան եկեղեցական արարողութիւններուն, եւ այս երեւոյթին մէջ տեսաւ աւանդապահ մեր ժողովուրդին ամուր կապուածութիւնը իր արժէքներուն, աւանդութիւններուն ու սրբութիւններուն:

Եկեղեցական արարողութեան աւարտին, վեհափառը Քրիստոսի գերեզմանին վրայ դրուած «Կենաց փայտ»-ի մասունքով օրհնեց ներկայ հաւատացեալները: Հին աւանդութեան համաձայն, հաւատացեալ ժողովուրդը անցաւ Քրիստոսի դատարկ գերեզմանին տակէն, ստացաւ Ս. գերեզմանէն բաշխուող ծաղիկները` յարութեան ու անմահութեան յոյսը իր հետ տանելով իր տունը:

 

 

Share this Article
CATEGORIES