Մահուան Օծումէն` Նպատակադրուած Կեանքի
«Շո՛ւտ գացէք անոր աշակերտներուն ըսէք, թէ`
«անիկա մեռելներէն յարութիւն առաւ…»:
Անոնք (կիները) շուտ մը գերեզմանէն ելան
վախով ու մեծ ուրախութեամբ եւ վազեցին
աշակերտներուն պատմելու»:
(Մատթ. 28. 7-8)
Ծանր եւ տարապայման վիճակներէ կ՛անցնինք յաճախ. այն տպաւորութեան մէջ կրնանք ըլլալ, թէ` ներկայ վիճակները շատ երկար տեւեցին, այնքան երկար, որ ա՛լ մնայուն կրնան ըլլալ: Երբ երկարատեւ վիճակներէն գոհ ենք` հարց չկայ, կամ` հարց չենք ըներ զանոնք. իսկ երբ այդ վիճակները կը ցաւցնեն, կը յոգնեցնեն կամ կ՛ընկճեն մեզ` այն ատեն կը յուսահատինք, կա՛մ կը համակերպինք, եւ կա՛մ կ՛ըմբոստանանք անոնց դէմ:
Տէր Յիսուս Քրիստոսի աշակերտներուն համար` իրենց Վարդապետին մահը բարդացած` հրեաներէն վախնալու իրենց վիճակին մէջ, վերջնական իրականութիւն էր. վիճակ, որ կը պարտադրէր իրենց թողուլ իրենց տուն ու տեղը, պահուիլ իրենց թշնամիներէն եւ կիներուն վստահիլ վերջին պարտականութիւն մը իրենց սիրելի Վարդապետին նկատմամբ: Շաբաթին պատճառով չէին կրցած ընել այդ պարտականութիւնը, որ էր Վարդապետին «դիակին» օծումը. վերջին պարտականութիւն մը, որմէ ետք` վերջ կը գտնէր ամէն ինչ:
Ահա այս պարտականութիւնը կատարելու կ՛երթային կիները` իրենց յուսահատ եւ ցաւագին վիճակին մէջ միայն մէկ մտահոգութիւն ունենալով. ո՞վ պիտի գլորէր գերեզմանին մուտքը փակող հսկայ քարը… (Ըստ Մարկոսի): Վարդապետին շինիչ եւ քաջալերող ներկայութեան վիճակը անցած էր. հալածանքի եւ անարգանքի վիճակներ անխուսափելի կը թուէին: Ինչ որ ակնյայտ էր` Վարդապետին մահուան ստեղծած վիճակին «վերջնականութիւնն» էր: Ա՛լ չկար Ան, որ կոյրին աչքերը կրնար բանալ, կաղը եւ անդամալոյծը բժշկել, համրերուն ձայն ու խօսք պարգեւել եւ մանաւանդ` զիրենք կրնար յուսադրել եւ առաջնորդել: Ա՛լ չկար Յիսուս:
Վիճակները, յատկապէս` անբաղձալի վիճակները փոխել կ՛ուզենք: Զանոնք փոխելու համար կը տքնինք ու կը տագնապինք: Յաճախ մեր աշխատանքը կը բարդացնէ վատթար վիճակները` զանոնք դրապէս փոխելու փոխարէն: Որքա՛ն աւելի խոր կ՛ըլլայ մեր յուսալքումը, երբ կը ձախողինք վիճակները փոխել, կամ կ՛երկարի ցաւերու, յոգնութեան եւ ընկճուածութեան ժամանակաշրջանը մեր պատճառով: Սակայն ընդունելու ենք, թէ վիճակները միշտ ենթակայ են փոխուելու. նոյնիսկ մահուան չափ «վերջնական» վիճակները:
Ա՛լ չկար Տէր Յիսուս, սակայն, գերեզմանին մէջ ալ չկայ: «Հրեշտակը ըսաւ կիներուն. «Մի՛ վախնաք, քանզի գիտեմ, թէ կը փնտռէք Յիսուսը, որ խաչուեցաւ: Ան հոս չէ, վասնզի յարութիւն առաւ, ինչպէս ըսած էր» (Մատթ. 28. 5-6)»: Մեր ներկայ վիճակները եւս կրնան վախ ազդել մեզի: Պիտի կարենա՞նք ուրախութեամբ վազել կեանքի լուր տանելու յուսահատութեան մէջ ընկղմած մարդոց, որոնք մեր շուրջն են: Այս լուրը չի կրնար հասցնել մէկը, որ ինքնի՛ն ընկղմած կը մնայ վախի եւ յուսահատութեան մէջ. հակառակ վիճակներու պատճառած վախերուն` ուրախութեամբ կեանքի լուր տալու արտորալու համար անհրաժեշտ է, որ Տէր Յիսուս Քրիստոսի հրաշափառ յարութեան հաղորդ ըլլայ մէկը: Իսկ այդ սքանչելի լուրին հաղորդ ըլլալու համար, անհրաժեշտ է հաւատալ եւ ընդունիլ Տէր Յիսուսի յարութեան զօրութիւնը: Երբ ընդունինք հաւատքով, մեր կեանքը կը վերածուի նպատակադրուած վկայութեան, որուն մէջ փոփոխութիւնը պատահական չէ, այլ` ծրագրային զօրութեամբ դրական, բոլոր անոնց համար, որոնք փոխուելու կարիքը ունին:
ՔՐԻՍՏՈՍ ՅԱՐԵԱ՛Ւ Ի ՄԵՌԵԼՈՑ.
ՕՐՀՆԵԱԼ Է ՅԱՐՈՒԹԻՒՆՆ ՔՐԻՍՏՈՍԻ
ՎԵՐ. ՄԿՐՏԻՉ ԳԱՐԱԿԷՕԶԵԱՆ
ՆԱԽԱԳԱՀ
ՄԵՐՁԱՒՈՐ ԱՐԵՒԵԼՔԻ
ՀԱՅ ԱՒԵՏԱՐԱՆԱԿԱՆ ԵԿԵՂԵՑԻՆԵՐՈՒ ՄԻՈՒԹԵԱՆ
Ապրիլ 2012

