Երկնաքաղաքացի` Յարութեան Հաւատքով
«Ուրեմն ի՞նչ. անոնք, որոնք Քրիստոսի հաւատացին
եւ մեռան` կորսուա՞ծ են ընդմիշտ: Եթէ այսպէս է,
եւ միայն այս կեանքին համար
յոյս դրած ենք Քրիստոսի վրայ,
մարդոց մէջ ամէնէն խղճալիներն ենք»:
(Ա. Կորնթացւոց 15:18)
Յիսուս Քրիստոսի հրաշափառ յարութեան աւետիսը աննախընթաց եւ անխառն ուրախութեան զգացումներով ողողեց մարդոց հոգիները: Նոր կեանքի եւ Նոր ուխտի առաջին եւ անգերազանցելի ուրախութիւնը:
Մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի վարդապետած բոլոր ճշմարտութիւնները մարդուն համար իրականութեան շրջագիծին մէջ մտան Քրիստոսի հրաշափառ յարութեան առաւօտուն: Աստուածային եւ յաւիտենական ճշմարտութիւնները շօշափելի իրականութիւն դարձան ի տես Քրիստոսի թափուր գերեզմանին, որուն բացուած փոսին մէջ ընկլուզուեցան մարդկային ցեղին բոլոր մեղքերը, տկարութիւնները, թերութիւնները, եւ սկսաւ մարդկութեան Նոր օրը եւ հետեւաբար Նոր կեանքը, որուն արեւը այս աշխարհին վրայ ծագեցաւ, բայց այս աշխարհին վրայ մայրամուտ չունի:
Յիսուս Քրիստոսի հրաշափառ յարութեամբ, յետմահու կեանքը փափաք, ցանկութիւն կամ երազանք չմնաց, ինչպէս որ պատմութեան ամբողջ տեւողութեան ընթացքին մարդկային զանազան քաղաքակրթութեանց մէջ անդրշիրիմեան կեանքը մնացած էր փայփայելի երազանք, որ մահացողին հետ անոր շիրիմին մէջ ապրելու համար անհրաժեշտ իրեր զետեղած ըլլալու փորձառութենէն անդին չէր կրցած անցնիլ եւ տեսնել: Մինչեւ յարութեան առաւօտը, անդրշիրիմեան յոյսով ապրած մարդը այսրշիրիմեան փորձառութիւն չէր ունեցած: Յարութեան առաւօտուն, Քրիստոսի երկրաւոր կեանքին մերձաւորները, նախ իւղաբեր կանայք եւ ապա առաքեալներ, տեսան եւ շօշափեցին այսրշիրիմեան այդ իրականութիւնը: Իրենց վարդապետին մեռելներէն յարութիւն առած ըլլալու առաքեալներուն ուրախութիւնը որքան որ մեծ էր, այլեւս նոյնքան մեծ ու հաստատ էր անոնց հաւատքը. մինչեւ իսկ թերահաւատ առաքեալը Թովմաս վերջապէս իր մատին օժանդակութեամբ հաւատացած էր, որ իր դիմացը կանգնողը իրենց վարդապետն էր, այնքան կենդանի եւ զգալի, որքան նոյնինքն իր անձը:
Ս. Յարութեան առաւօտուն, իւղաբեր կիները յարուցեալ Փրկիչին առաջին վկաները եղան եւ առաքեալներուն յայտնեցին, որ Տէրը յարութիւն առաւ, ինչպէս իրենց նախապէս ըսած էր: Իսկ Գալիլիոյ մէջ, համբարձումէն առաջ, Քրիստոս առաքեալներուն տուաւ իշխանութիւնը աշխարհին քարոզելու եւ Նոր կեանքին վկաները ըլլալու:
Հրաշափառ յարութեան վաղ առաւօտուն, իւղաբեր կիներուն տեսած յարուցեալ Փրկիչը նոր մարդն է, վերանորոգուած կեանքով, որ խորքին մէջ աստուածաստեղծ մարդուն վերականգնումն է: Քրիստոսի յարութիւնը սրբագրութիւնն է մարդու մահկանացու կեանքին: Աստուած Իր անսահման սէրէն մղուած վերստին հաշտեցուց մարդը Իրեն: Մահուան կապանքներէն ազատած մարդը այսուհետեւ կրնար դէպի անմահութիւն երթալ, պայմանաւ որ հին մարդէն հրաժարի, իր կեանքով ու աշխարհով, եւ Քրիստոսի միացած ըլլայ, ինչպէս որ հրաշափառ յարութեամբ հաստատուած հաւատքին եւ նոր կեանքին ամէնէն պերճախօս վկայողն է Պօղոս առաքեալ, որ կ՛ըսէ, «Ոեւէ մէկը, որ Քրիստոսի միացած է, նոր արարած է, այլեւս չէ այն, ինչ որ էր նախապէս, որովհետեւ ամբողջութեամբ նորոգուեցաւ»:
Քրիստոնեային համար հրաշափառ տօնը անօգուտ կը դառնայ, եթէ ան շարունակէ մնալ հին մարդու կերպարին եւ հանդերձին մէջ: Պէտք է որ ան Քրիստոսի շնորհած նոր կեանքը զգենու: Նոր կեանքը ի զօրու կը դառնայ անոր համար, որ Աւետարանը իր կեանքի նոր կանոնագիրքը դարձնելով նոր կեանքին սկզբունքներով կ՛ապրի:
Քրիստոնեային քրիստոսազգեաց նոր կեանքը այն չէ եւ չի կրնար ըլլալ այն, ինչ որ էր նախապէս: Ան պէտք է ապրի նոր հայեցակարգով, նոր հաշուարկներով, նոր նպատակներով, նոր չափանիշերով, նոր կենցաղակերպով եւ ապրելակերպով: Սակայն, այս բոլոր նորերու համակարգը նաեւ պիտի ունենայ տարբեր աշխարհ մը, տարբեր մարդիկ, տարբեր վերաբերմունք, սակայն նոյն մարդոց կողմէ, որոնք նախապէս նման էին, հարազատ էին, համամիտ էին իրեն հետ, եւ այդուհետեւ տարբեր, տարօրինակ, անբարեացակամ, հեգնոտ, ատելավառ եւ սպառնական:
Քրիստոսազգեաց նոր կեանքը իր նոր պարագաներով իրեն հետ պիտի բերէ ցաւ ու տառապանք, նեղութիւն, յուսախաբութիւն, վանողական կեցուածք շատ շատերէն, որոնք օր մը բարեկամ էին, ընկեր եւ սրտամօտ: Ահա այստեղ է, որ քրիստոնեան իր նոր կեանքին մէջ հաստատակամ կը յառաջանայ, ապաւինելով յարութեան հաւատքին, որուն հաշուարկին մէջ այդ բոլոր բացասական երեւոյթները, վիճակները անհոգ կը պահեն զինք, ինչպէս որ Պօղոս առաքեալ կ՛ըսէ. «Իսկ մե՞նք, ինչո՞ւ կը շարունակենք նեղութիւններ կրել: Ամէն օր ես ինքզինքս մահուան վտանգին կ՛ենթարկեմ, եղբայրներ. վկայ էք դուք` իմ պարծանքս, որ մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի կը պատկանիք: Եթէ իբրեւ մարդ մտածէի` ինչ պէտք ունէի «գազաններու» դէմ կռուելու այստեղ, Եփեսոսի մէջ: Եթէ մեռելներու յարութիւն չկայ` ուրեմն «ուտենք, խմենք. քանի վաղը պիտի մեռնինք», ինչպէս մարդիկ կ՛ըսեն» (Ա. Կորնթացւոց 15.30):
Յարութեամբ նորոգուած նոր կեանքը` իրեն յատուկ պայմաններով, այս աշխարհի կեանքին տարողութեամբ դիտուած, կրնայ ծանր եւ անիմաստ թուիլ, բայց յարութեան հաւատքով, այս նոր կեանքը այս աշխարհի վրայ կը սկսի, բայց կ՛անդրանցնի այս աշխարհի կեանքը` հասնելու համար երկնքի արքայութեան, ուր քրիստոնեան կը մտնէ իբրեւ երկնաքաղաքացի:
Ուրեմն, որքան որ դժուար պայմաններու դէմ յանդիման կրնայ գալ քրիստոնեան, իր հաւատքը կ՛ենթադրէ մնալ հաստատ եւ անայլայլ, որովհետեւ, նոյնինքն Տէրը կ՛ըսէ. «Ամէն մարդ ձեզ պիտի ատէ իմ պատճառովս: Բայց ով որ մինչեւ վերջը դիմանայ, անիկա պիտի փրկուի» (Մատթէոս 10.22):
Յարութեան հաւատքը մեզ կը հրաւիրէ ապրիլ աստուածահաճոյ կեանք մը, հիմնուած Աւետարանի սկզբունքներուն վրայ, աստուածասէր եւ մարդասէր կեանք մը, որ ինքնին պիտի ըլլայ աղը եւ լոյսը աշխարհին:
Հետեւաբար, սիրելի՛ հայորդիներ, քրիստոնէական հաւատքի ախոյեան հայ ժողովուրդի ժառանգորդներ, Ս. Յարութեան տօնին այս առաւօտուն, Հայաստանեայց առաքելական Ս. եկեղեցւոյ հոգեպարար շարականները անգամ մը եւս օրհնաձայն կ՛աւետեն մեր Փրկիչին` Յիսուս Քրիստոսի յարութեան քաղցրալուր աւետիսը եւ կը հրաւիրեն մեզ հաղորդ մնալու յարութեան աւետիսին, կը գօտեպնդեն մեզ հաստատ մնալու յարութեան հաւատքին վրայ եւ կը քաջալերեն մեզ անշեղ քալելու աստուածահայեաց, աստուածամերձ ճանապարհէն` հասնելու մինչեւ երկնքի արքայութեան դռները, յարութեան հաւատքի անցագիրով անկէ ներս մտնելու իբրեւ երկնաքաղաքացիներ:
Փառք յարութեան քո Տէր. Ալէլուիա:
ԳԵՂԱՄ ԱՐՔ. ԽԱՉԵՐԵԱՆ
ԱՌԱՋՆՈՐԴ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՀԱՅՈՑ
7 ապրիլ, 2012

