Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ՄԱՐՈՆԻ համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը Ս. Զատկուան տօնին առիթով իր ուղղած պատգամին մէջ մաղթեց, որ Յիսուս Քրիստոս յեղափոխութիւն ապրած բոլոր երկիրներուն խաղաղութիւն պարգեւէ, եւ յոյս յայտնեց, որ այդ երկիրներուն մէջ որդեգրուին ժողովրդավարական վարչակարգեր:

ՆԵՐՔԻՆ գործոց նախարար Մարուան Շարպել «Ժումհուրիա» օրաթերթին հետ իր ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին յայտնեց, որ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահի դէմ գործուած մահափորձին առումով լուրջ փաստեր կան: Ան կոչ ուղղեց բոլորին սպասելու այդ մասին բացուած հետաքննութեան արդիւնքներուն:

«ԱԽՊԱՐ» օրաթերթին համաձայն, ամերիկեան «Սի. Այ. Էյ.» գաղտնի սպասարկութիւնը Լիբանանի մէջ գործող ամերիկեան համալսարաններուն ուսանողները կը համախմբէ ուսանողական յատուկ խորհուրդի մը մէջ: Այդ խորհուրդին մաս կը կազմեն այն ուսանողները, որոնք ծագումով լիբանանցի են եւ ամերիկեան քաղաքացիութիւն կը կրեն:

ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի անդամ Ալի Խրէյս յայտնեց, որ համամասնական դրութեան վրայ հիմնուած ընտրական օրէնքը կառավարութեան կողմէ իբրեւ վերջնական ընտրանք պիտի չ՛որդեգրուի, մինչեւ անոր մասին նուազագոյն համախոհութեան գոյացումը:

«ՀԱՅԱԹ» օրաթերթին համաձայն, ընդհանուր ապահովութեան ուժերը Պէյրութի մէջ սուրիական դեսպանատան դիմաց գրաւած են ներքին ապահովութեան ուժերու յատուկ փոխադրակառք մը, որ լեցուն էր զէնքերով ու զինամթերքով: Ընդհանուր ապահովութեան ուժերուն համաձայն, այդ փոխադրակառքը պիտի ուղղուէր Սուրիա:

ՄԻԱՑԵԱԼ Նահանգներ եւ Ֆրանսա կը դատապարտեն Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահի դէմ կատարուած մահափորձը:

ԸՆԿԵՐՎԱՐ յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ «Ախպար» օրաթերթին հետ իր ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին հերքեց այն տեղեկութիւնները, թէ ինք կառավարութենէն պիտի հեռացնէ իր նախարարները, եթէ համամասնական դրութեան հիման վրայ ընտրական օրէնքի նախագիծը քննարկուի:

ԼԻԲԱՆԱՆԻ յատուկ Միջազգային դատական ատեանի նախագահ Տէյվիտ Փարակուանաթ շեշտեց, որ նախկին վարչապետ Ռաֆիք Հարիրիի սպանութեան հետաքննութեան յատուկ յանձնախումբին մօտ գտնուող երեք գաղտնի փաստաթուղթեր սպրդած են:

ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Պութրոս Հարպ շեշտեց, որ Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերուն կողմէ Պքերքէի դէմ պոյքոթ յայտարարելու ոչ մէկ որոշում տրուած է: Միւս կողմէ, սակայն, Հարպ աւելցուց, որ շատ աւելի նախընտրելի էր, որ մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը անձամբ հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունենայ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահի հետ` անոր փոխանցելու համար իր դատապարտումը:

ԱՌՈՂՋԱՊԱՀՈՒԹԵԱՆ նախարար Ալի Հասան Խալիլ ընդգծեց, որ Լիբանանի շահերուն չի ծառայեր երեսփոխանական ընտրութիւնները յետաձգելու հաւանականութիւնը` աւելցնելով, որ յառաջիկայ երեսփոխանական ընտրութիւններուն համար անհրաժեշտ է որդեգրել համամասնական դրութեան վրայ հիմնուած ընտրական օրէնքը:

«ՌԻԱՏ» օրաթերթին համաձայն, Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան պատասխանատու աղբիւրներ յայտնած են, որ նման բռնարարքներ զիրենք չեն վախցներ:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի անդամ, երեսփոխան Ահմետ Ֆաթֆաթ` անդրադառնալով Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահի դէմ կատարուած մահափորձին, յայտնեց, որ այդ գործողութիւնը լիբանանեան ներքին լարուածութիւն հրահրելու վտանգաւոր փորձ մըն է:

ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի անդամ, երեսփոխան Ֆարիտ Խազեն յայտնեց, որ այս հանգրուանին Լիբանանի մէջ ապահովական միջադէպեր ստեղծելու եւ քաղաքական հաշիւները ապահովական քայլերով մաքրելու փորձեր պէտք չէ ըլլան:

«ՀԱՅԱԹ» օրաթերթին համաձայն, լիբանանեան քաղաքական կարգ մը ուժերու կողմէ համամասնական դրութեան հիման վրայ ընտրական օրէնք մը մշակելու կառչածութիւնը կ՛արագացնէ Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթի եւ կառավարութեան միջեւ ամուսնալուծումը:

ԿԸ նախատեսուի, որ Ս. Զատկուան տօնին առիթով մատուցուելիք պատարագէն ետք Ռայի պատրիարքին եւ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյմանի միջեւ տեղի ունենայ վեհաժողով մը:

ՄԱՐՏ 14-ի քաղաքական ուժեր «Լիուա» օրաթերթին կատարած իրենց յայտարարութիւններուն մէջ յայտնեցին, որ ոմանք Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահը ահաբեկել փափաքած են, որովհետեւ ան Հըզպալլայի զէնքին դէմ հզօր պատնէշ մը կը նկատուի:

«ՏԻԱՐ» օրաթերթին համաձայն, Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ Պքերքէի հետ իր յարաբերութիւնները պոյքոթի ենթարկած է` Սուրիոյ նկատմամբ երկուքին կեցուածքներուն միջեւ արձանագրուած տարակարծութեան պատճառով:

ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի անդամ Ալի Օսէյրան շեշտեց, որ Լիբանանի կառավարութիւնը կազմուած է տագնապալի կացութեան մէջ` աւելցնելով, որ կառավարութեան աշխատանքներուն մեծ մասը անկազմակերպ է:

 

 

 

Share this Article
CATEGORIES