Ելեկտրական Հոսանք Արտադրող Թրքական Նաւերը Յուլիսին Կը Հասնին Լիբանան

Վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի մօտիկ աղբիւրներ «Նահար» օրաթերթին կատարած իրենց յայտարարութիւններուն մէջ նշեցին, որ ելեկտրական հոսանք արտադրող թրքական նաւերը, որոնք պիտի վարձուին Լիբանանի կառավարութեան կողմէ, յառաջիկայ յուլիսին պիտի հասնին Լիբանան:

Այդ նաւերուն ժամանումին զուգահեռ Լիբանանի մէջ պիտի սկսի նաեւ ելեկտրական կայաններու կառուցումը, որ պիտի տեւէ երկուքէն երեք տարի:

Լիբանանեան ջուրեր հասնելիք թրքական նաւերէն մէկը, որ 90 մեկաուաթ ելեկտրական հոսանք պիտի արտադրէ, խարիսխ պիտի նետէ Ժիէի մօտ, իսկ երկրորդ թրքական նաւը, որ 180 մեկաուաթ ելեկտրական հոսանք պիտի արտադրէ, Լիբանան պիտի հասնի օգոստոսին եւ խարիսխ պիտի նետէ Զուքի մօտ:

Ըստ նոյն աղբիւրներուն, լիբանանեան պետութեան համար այս ծրագիրը պիտի արժէ 360 միլիոն տոլար, փոխան` 870 միլիոն տոլարի:

Նշենք, որ թրքական ընկերութիւնը խոստացած է առանց միջնորդչէք վճարելու ելեկտրական հոսանք արտադրող նաւերը ուղարկել Լիբանան:

 

Share this Article
CATEGORIES