Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց Սուրիոյ Դեսպանը

Նախարար Մանճեան, դեսպան Ալի, Արամ Ա. կաթողիկոս եւ երեսփոխան Բագրատունի

Երէկ` ուրբաթ, 6 ապրիլ 2012-ի առաւօտուն, Արամ Ա. կաթողիկոս ընդունեց Լիբանանի մէջ Սուրիոյ դեսպան Ալի Ապտել Քերիմ Ալին: Վեհափառին կողքին հանդիպման ներկայ էին նախարար Փանոս Մանճեան եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի:

Հանդիպումին ընթացքին դեսպանը լայնօրէն բացատրեց Սուրիոյ մէջ տեղի ունեցած դէպքերը, անոնց ետին գտնուող դրդապատճառները, շրջանային եւ միջազգային ուժերու միջամտութիւններն ու մօտեցումները, ինչպէս նաեւ ներկայ կացութիւնը եւ ապագայի հորիզոնները:

Վեհափառը իր կարգին նախ անցեալին անդրադառնալով յիշեց, թէ սուրիացի ժողովուրդը սիրով ընդունած էր Ցեղասպանութենէն ճողոպրած հայ ժողովուրդի զաւակները եւ իր հայրենիքն ու հացը բաժնած անոնց հետ: Ան նաեւ յիշեց, թէ հայ ժողովուրդը Սուրիոյ մէջ իր գործօն մասնակցութիւնը բերաւ սուրիական հայրենիքի հզօրացման ու բարգաւաճման աշխատանքներուն: Անդրադառնալով ներկայ կացութեան` վեհափառը շեշտեց, որ պէտք է շուտով դադրի արիւնահեղութիւնը, Անանի ծրագիրը գործադրութեան դրուի, ինչպէս նաեւ արագացուին պետութեան կողմէ ծրագրուած բարեկարգութիւնները:

Հանդիպման ընթացքին նաեւ անդրադարձ եղաւ շրջանին մէջ տակաւ աճող թրքական դերակատարութեան եւ յստակօրէն շեշտուեցան այդ դերակատարութեան լուրջ վնասները ընդհանրապէս իսլամական ու յատկապէս արաբական աշխարհին մէջ:

Սուրիոյ դեսպանը, յատուկ կերպով անդրադառնալով Սուրիոյ հայութեան դերակատարութեան, մեծապէս գնահատեց անոր հաւատարմութիւնն ու կապուածութիւնը սուրիական հայրենիքին:

 

Share this Article
CATEGORIES