Նախագահ Սլէյման Ներկայ Գտնուեցաւ Յիսուսի Խաչելութեան Կարգի Արարողութեան
Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման երէկ կէսօրէ առաջ ուղղուեցաւ Քասլիքի Ս. Հոգի համալսարան, ուր ներկայ գտնուեցաւ Յիսուսի խաչելութեան առիթով մատուցուած պատարագին:
Պատարագին նախագահեց Մարոնի միաբանութեան նախագահ հայր Թաննուս Նաամէ, որ իր քարոզին մէջ շեշտեց, որ իրենք կը սիրեն իրենց երկիրը` Լիբանանը, ինչպէս նաեւ բոլոր մարդ արարածները եւ կ՛աղօթեն բոլոր ղեկավարներուն համար, յատկապէս հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյմանի համար:
«Լաւ գիտենք, որ դուք արժանիքներ ունիք եւ իմաստուն էք ու կը փափաքիք, որ լիբանանեան ընկերութեան մէջ սիրոյ մթնոլորտ մը տիրէ», ըսաւ ան` մաղթելով, որ Աստուած յաջողութիւն տայ նախագահ Սլէյմանին, որպէսզի կարելի եղածին չափ փրկէ ցաւերէ տառապող Լիբանանը:
Հայր Նաամէ շեշտեց իշխանութեան նկատմամբ յարգանք տածելու անհրաժեշտութիւնը: Ան մաղթեց, որ Աւագ ուրբաթ օրը ըլլայ առիթ մը, որպէսզի իւրաքանչիւր անհատ գիտակցի ուրիշին նկատմամբ իր գործած սխալին: