Պրայզա Որոշ Տեղաշարժ Կ՛Ակնկալէ Ղարաբաղեան Բանակցութեանց Մէջ

Ազրպէյճանի մէջ Միացեալ Նահանգներու նախկին դեսպան, ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի ամերիկացի նախկին համանախագահ Մեթիու Պրայզա կ՛ակնկալէ, որ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի լուծման հոլովոյթին մէջ շուտով ճեղք պիտի արձանագրուի: Ան այդ մասին լրագրողներուն յայտնեց նախանցեալ օր Պաքուի մէջ Միացեալ Նահանգներու եւ Ազրպէյճանի միջեւ դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատման 20-ամեակին նուիրուած ձեռնարկին ընթացքին:

«Այն ժամանակաշրջանին, երբ ես այնտեղ չեմ եղած (այս տարուան սկիզբէն), կտրուկ տեղաշարժ չէ արձանագրած Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի լուծման գործին մէջ: Ինչպէս անցեալին, ես համոզուած եմ, որ բանակցութիւններու սեղանին վրայ կը գտնուին իրականանալի եւ արդարացի առաջարկներ, որոնց վրայ համանախագահները աշխատած են տարիներ շարունակ, եւ կը մտածեմ, որ ճեղքը տեղի կ՛ունենայ, երբ երկու երկիրներու նախագահները զգան, որ կրնան բաւականաչափ վստահիլ իրարու», յայտարարեց Պրայզա:

Ան յոյս յայտնեց, որ ատիկա շուտով տեղի կ՛ունենայ, սակայն ըստ անոր ատիկա կախեալ է նախագահներէն եւ ժողովուրդներէն: Պրայզա աւելցուց, որ ժողովուրդները եւս պէտք է հասկնան, որ պէտք է միասին ապրին:

 

Share this Article
CATEGORIES