Դուին Եւ Աւօ Մումջողլեան Մեկնեցան Պուլկարիա
Իրենց մասնակցութիւնը բերելու համար Պուլկարիոյ մէջ տեղի ունենալիք Եւրօ-հայկական փինկ փոնկի խաղերուն, ՀՄԸՄ Պէյրութի մաս կազմող Դուին եւ Աւօ Մումջողլեաններ մեկնեցան Պուլկարիա:
7-10 ապրիլին Սոֆիայի մէջ տեղի ունենալիք այս խաղերուն իրենց մասնակցութիւնը պիտի բերեն եւրոպական 27 երկիրներ:
Դուին Մումջողլեանի համար այս խաղերը կը նկատուին կարեւոր` նկատի ունենալով, որ անիկա լաւագոյն պատրաստութիւնը պիտի ըլլայ 2012-ի Լոնտոնի Ամառնային ողիմպիական խաղերուն:
CATEGORIES Մարզական

