Լիբանանեան Ֆութպոլ. Դ. Դասակարգի Ախոյեանութիւն- Վաղը` ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ – Ռայէ
Լեռնալիբանանի նահանգին ծիրին մէջ տեղի ունեցող Լիբանանի Դ. դասակարգի ախոյեանութեան Ա. հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, վաղը ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտի կազմը կը մրցի Ռայէի դէմ: Մրցումը, որ պիտի սկսի առաւօտեան ժամը 10:00-ին, տեղի պիտի ունենայ Նըժմէի դաշտին վրայ:
ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ, որ ցարդ իր կատարած չորս մրցումներուն ալ յաղթանակ արձանագրած է եւ ապահոված առաւելագոյն 12 կէտը, արդէն իսկ ապահոված է Բ. հանգրուանի իր տոմսը:
Սակայն Բ. հանգրուանը աւելի մեծ եռանդով եւ թափով սկսելու համար ՀՄԸՄ-ի մարզիկները ոչ մէկ ճիգ պիտի խնայեն Ա. հանգրուանի մրցումները աւարտելու առանց պարտութեան` արձանագրելով 100 առ հարիւր փայլուն արդիւնք:
ՀՄԸՄ-ի համակիրներուն երթեւեկին համար տրամադրուած է փոխադրակառք մը, որ առաւօտեան ժամը 9:00-ին ՀՄԸՄ-ի շեփորախումբին ընկերակցութեամբ պիտի ուղղուի Նըժմէի դաշտ` տօնելու համար խումբին Բ. հանգրուան անցնիլը:
Փոխադրակառքով Նըժմէի դաշտ մեկնիլ փափաքողները պէտք է վերոնշեալ ժամուն, ներկայ ըլլան ՀՅԴ «Սարդարապատ» ակումբին մուտքին:

