50 Տարի Առաջ ( 10 ապրիլ 1962 )

Հայ Կեանք

Ամերիկահայ Մը Նախագահ Նիւ Եորքի
Դեմոկրատական Կուսակցութեան

3 մարտ 1961 թուակիր «Նիւ Եորք Թայմզ»-ի մէջ լոյս տեսած է շուրջ երեք սիւնակ գրութիւն մը, որուն ցայտուն մասերը կու տանք ամփոփելով.

37-ամեայ փաստաբան Էտուըրտ Նազար Քոսթիկեան 2 մարտ 1962-ին նախագահ ընտրուեցաւ ամերիկեան դեմոկրատական կուսակցութեան Նիւ Եորքի ութերորդ շրջանի: Նիւ Եորքի կուսակալ Վակներ թեւ թիկունք հանդիսացաւ ընտրութեանը Նազար Քոսթիկեանի, որ այսպիսով 1961-ի սեպտեմբերին պաշտօնէ հեռացուած Քարմին տի Սափիոյի տեղը կը գրաւէ: Ընտրութիւնը կատարուեցաւ  Ասթոր հոթել»-ի մէջ, դռնփակ նիստով, Նազար Քոսթիկեան նոյն ատեն անուանական նախագահը պիտի ըլլայ Մենհեթընի շրջանի կուսակցութեան կազմակերպութեան:

Նազար Քոսթիկեան ծնած է 1924-ին, Նիւ Ճըրզիի Ուիքհոքըն քաղաքին մէջ: Հայրը հայկական գորգերու առաջնակարգ վաճառական մըն է: Մայրը Քոլոմպիա համալսարանի ուսուցչական վարժարանի դասախօս էր. Նազար Քոսթիկեան 1949-ին Քոլոմպիա համալսարանի իրաւագիտական բաժնէն վկայական ստացաւ: 1950-ին ամուսնացաւ Ֆրենսիս Հոլմկրնի հետ: Ունին քսանմէկ տարու մանչ զաւակ մը:

Բ. աշխարհամարտին մասնակցեցաւ խաղաղականի պատերազմներուն եւ Օքինաւայի ճակատամարտերուն: Քորէայի մէջ ալ շրջանային զինուորական կառավարիչ եղաւ տեղակալի աստիճանով:

Նազար Քոսթիկեան «Քոլոմպիայի համալսարանը առաջնորդութեամբ աւարտելէ ետք նահանգային դատաւոր Հարոլտ Սետինայի կողմէ դատական քարտուղար անուանուեցաւ: Երկու տարի ետք Փոլ, Ուայս, Միֆքայնա, Հուորթըն եւ Կերըիսըն, իրաւագիտական հաստատութեան մէջ պաշտօն ստանձնեց: Ներկայիս սոյն հաստատութեան բաժնետէրերէն է:

Դասախօսութիւն
Մխիթարեաններու
Մասին

Անցած չորեքշաբթի Փարիզի Տըպիւսի սրահին մէջ դասախօսած է պահեստի զօրավար Փրիւօ` նիւթ ունենալով «Մխիթարեան հայրերու կաճառին պատմութիւնն ու ճառագայթումը»:

Դասախօսութիւնը կազմակերպուած է «Պրեմոն մրցանակի յանձնախումբին» կողմէ, հովանաւորութեամբ «Գալուստ Կիւլպենկեան» հիմնարկութեան: Նախագահած է Արեւելեան լեզուներու վարժարանի վարիչ Պ. Միրամպել:

Դասախօսը վկայուած է Փարիզի Բազմարուեստից վարժարանէն եւ 1949-էն ի վեր կը գործէ Մուրատ-Ռաֆայէլեան վարժարանին մէջ:

Լեւոն Քէշիշեան Պէյրութի Մէջ

Անցած ուրբաթ Գահիրէէն Պէյրութ հասաւ Լեւոն Քէշիշեան  եւ օդակայանին մէջ դիմաւորուեցաւ բարեկամներու եւ ծանօթներու կողմէ: Լ. Քէշիշեան «Ահրամ» թերթին կողմէ մասնաւոր առաքելութեամբ ղրկուած էր Միջին Արեւելքի երկիրները:

Շաբաթ օր խմբագրատունս այցելեց Լ. Քէշիշեան, որ տարիներէ ի վեր թղթակցութիւններ կը ղրկէ մեզի Նիւ Եորքէն եւ իր պտտած երկիրներէն: Քանի մը օր մնալէ վերջ Լիբանան, պիտի մեկնի Սուրիա, Թուրքիա, Թունուզ, ուրկէ պիտի մեկնի Միացեալ Նահանգներ:

Հայերը Քուէյթի Մէջ

Լեւոն Քէշիշեան Միջին Արեւելք կատարած իր շրջապտոյտի ընթացքին, քանի մը օր առաջ հանդիպած է նաեւ Քուէյթ, որուն հեռատեսիլի եւ ձայնասփիւռի Նիւ Եորքի թղթակիցն է: Լեւոն Քէշիշեան Քուէյթի հայութեան մասին կը գրէ.

Ասկէ չորս տարի առաջ այցելած էի այս երկիրը, այդ ժամանակ կը տեղեկացնէին, թէ հայերուն թիւը կը հասնէր մօտ 3000-ի: Այս անգամ կը տեղեկանամ, որ այս թիւը հասած է ներկայիս աւելի քան 5000-ի, իսկ երկիրը գրեթէ անճանաչելի դարձած է:

Գոյութիւն ունի Հայ առաքելական եկեղեցւոյ հոգաբարձութիւն մը, որ ունի նաեւ քահանայ մը` Պարոյր քհնյ. Մինասեան:

Ուրբաթ օրերը պատարագ կը մատուցուի Ամերիկեան հիւանդանոցի բողոքականաց եկեղեցւոյ մէջ, որ կը տրամադրուի հայ համայնքին: Այս թեմը կը պատկանի Անթիլիասին:

Հայերը որպէս պաշտօնական համայնք չեն կազմուած ու կազմակերպութեան ու կառավարութեան կողմէ վաւերացման աշխատանքներ կը տարուին:

Գաղութը ունի իր դպրոցը` մօտ 125 աշակերտներով, որոնց կէսը հայերէ կը բաղկանայ, մանկապարտէզ ու Ա. եւ Բ. դասարաններով:

Հայերը սիրուած փոքրամասնութիւն մըն են: Քանի մը հայեր բարձր դիրքեր գրաւած են կառավարական հաստատութեանց մէջ, ինչպէս, օրինակի համար, տոքթ. Գառնիկ Յովասափեան կամ Գառնիկ Սարաֆեան ու Յովակիմ Յովակիմեան, տոքթ. Լեւոն Ռուպեան:

Հայերուն տնտեսական վիճակը ընդհանրապէս լաւ է:

Հոգաբարձութեան անդամներն են` Եդ. Պարսամեան` ատենապետ, անդամներ` Յակոբ Սողոմոնեան, Յակոբ Պէրպէրեան, Յակոբ Յովհաննէսեան եւ Յովհաննէս Թորիկեան:

Յայտնի ֆրանսահայ նկարիչ Շարթի եղբայրը հոս լ ուսանկարչական յաջող սթիւտիօ մը ունի:

 

Share this Article
CATEGORIES