Ցեղասպանութեան Ճանաչման Արշաւ Ոչ Հայ Աշակերտներու Կողմէ
ԱՐՄԷՆ ԻՒՐՆԷՇԼԵԱՆ
Շաբաթ, 30 մարտ 2011-ի ամբողջ օրը, լիբանանեան ամերիկեան համալսարանի Ժիպէյլի համալիրը մեղուափեթակի կը նմանէր: 16-18 տարեկան հարիւրաւոր լիբանանցի տղաք եւ աղջիկներ կը մասնակցէին համալսարանին կազմակերպած մանրակերտ ՄԱԿ-ի (MUN) յանձնախումբերու նիստերուն` քննարկելով ամենատարբեր հարցեր ու փորձելով լուծում գտնել զանազան համաշխարհային խնդիրներու… Անդին, նոյնքան խանդավառ, այլ հարիւրաւոր երիտասարդներ մեծ եռանդով կը պատրաստէին իրենց երկիրները ներկայացնող տաղաւարները: Նախագիծին տրուած «Համաշխարհային գիւղ», անուանումը շատ հարազատ էր ստեղծուած մթնոլորտին:
Սակայն կ՛ուզեմ կեդրոնանալ մէկ երեւոյթի վրայ:
Հայ ըլլալով` անմիջապէս ուղղուեցայ դէպի հայկական եռագոյնը պարզած տաղաւարը ու սկսայ «լրտեսել. ովքե՞ր են «մեր դեսպանները», արժանի պատրաստութիւն տեսա՞ծ են, յուսամ սխալ բաներ չեն ըներ եւ այլն, եւ այլն: Մէկ խօսքով` հայու սովորական մտահոգութիւն եւ հետաքրքրութիւն:
Ժիպէյլի Քոլեճ տը ֆրէր Մարիսթ-ի աշակերտներն էին, որոնք հոգիս լեցուցին այնքա՛ն հպարտութեամբ, որ անկեղծօրէն չեմ կրնար նկարագրել: Բոլորին պէս, անոնք ալ իրենց փոքրիկ տաղաւարը զարդարած էին դրօշակով, հայկական յուշանուէրներով նկարներով: Հայկական տարազ հագած երիտասարդ-երիտասարդուհիներ անցորդներուն հայկական համադամ ճաշատեսակներ կը հրամցնէին: Յատկանշականը սակայն այլ էր: Անոնք բացած էին արձանագրութեան մատեան մը, ուր անցորդներ` 16-20 տարեկան երիտասարդ-երիտասարդուհիներ, Հայոց ցեղասպանութիւնը դատապարտող ու անոր ճանաչումը պահանջող խօսքեր կ՛արձանագրէին: Դատելով իրենց լամբակին եռագոյն դրօշակ կրողներուն թիւէն` բազմաթիւ էին անոնք: Մենք վարժ ենք նմանատիպ արաքներու, կազմակերպուած… Հայերու կողմէ: Բայց ոչ հայե՞ր, Լիբանանի՞ մէջ… Ինծի համար աննախընթաց էր:
Սիրտս ուռեցնող հպարտութիւնը կ՛աճէր ու կ՛աճէր ամէն անգամ, երբ այդ սիրելի տղաքն ու աղջիկները, եռագոյնին առաջնորդութեամբ, բարձրաձայն «Ar-men-ia, Ar-men-ia» վանկարկելով կը շրջէին հսկայական շրջափակին մէջ:
Կուրծքս լեցուցած հպարտութիւնը պայթեցաւ, երբ այս տղաքը բեմ բարձրացան եռագոյն փուչիկներով ու յայտարարեցին, թէ իրենք ո՛չ պիտի պարեն, ո՛չ ալ երգեն: Անոնք խօսեցան անպատիժ մնացած Ցեղասպանութեան մասին, խօսեցան աշխարհին կողմէ մոռցուած մէկուկէս միլիոն նահատակներուն մասին ու կոչ ուղղեցին` լռութեան պահով մը ոգեկոչելու հայոց նահատակներուն յիշատակը: Քար լռութեան մէջ տուտուկի մեղեդիի տակ Ցեղասպանութեան նկարներու ցուցադրումով, ներկաները երգ-պարի մթնոլորտէն դուրս եկան պահ մը, մարդացան ու անդրադարձան թէ կայ նաեւ ցաւ, կայ նաեւ վիշտ, եւ ուրախութիւնը կատարեալ կ՛ըլլայ, երբ իսկական համաշխարհային գիւղ դարձած Երկիր մոլորակին բոլոր անդամները ճանչնան մէկզմէկու ցաւը ու նոր վիշտ ու աղէտ չպատճառեն այս «գիւղին»: «Հայաստանը չէ մեռած, Հայաստանը կ՛ապրի դեռ, ահա մենք կանք» յայտարարութեամբ, խանդավառ ծափողջիւններու ու կանչերու տակ, Մարիսթ Ֆրերներու սիրելի տղաքն ու աղջիկները իջան բեմէն: Ողջագուրուեցանք բոլորին հետ, եւ ես յուզմունքով դիտեցի իմ հայ տղոցս ու աղջիկներուս աչքերը լեցուցած հպարտութեան արցունքները:
Կոչ կ՛ուղղեմ ամէն հայորդիի, որ կապ պահէ քոլեճի տը ֆրեր Մարիսթ – Ժիպէյի տնօրէն ֆրեր Քարլոս Մըքաուէն Օշոային հետ եւ շնորհաւորէ իր աշակերտներուն այս հոգեպարար արարքը: Անոնք ստիպուած չէին այս քայլին դիմելու. ոսպով քէօֆթէով ու քանի մը նկարով կրնային բաւարարուիլ, ինչպէս տասնեակ այլ վարժարաններ ըրած էին: Սակայն այս անուշ տղաքն ու աղջիները քայլ մը անդին երթալով ցուցադրականէն անցած էին էականին: Կեցցե՛ն բոլորը: Գրեցէք իրենց խումբի ղեկավար Ժանին. [email protected] ե-նամակի հասցէով եւ շնորհաւորեցէք զիրենք:
Հայ մարդու իրաւունքով կը պահանջե՛մ:

