Նամակ – 324

ԱՐՄԷՆ ՅԱՐՈՒԹԻՒՆԵԱՆ

Քաղաքական ներկայ կացութիւնը ոչինչ ունի ցանկալի` մեզի եւ մեր դրացիներուն համար: Բայց եւ այնպէս, մենք անպակաս ենք պարահանդէսներէ. սուրբ Վելընթայնը  վկայ… Պէտք է յարգենք մեր դրացի հայրենակիցներուն զգացումները եւ ըստ այնմ շարժինք:

Այս թոհուփոհին մէջ կը զանգեմ մանկութեան ընկերոջս` Յակոբ Ադամեանին եւ բժ. Թ. Թորանեանին: Տարօրինակօրէն, երկուքին ալ տրամադրութիւնները բարձր են, վկայ` իրենց գրական աշխատանքները, որոնք հաճոյքով կը կարդացուին, քանի որ «խելօք» բաներու մասին կը գրեն: Օրինակ առնել պէտք է, բայց…

Այս առթիւ Յ. Ադամեան ըսաւ, թէ Յ. Պարոնեանի օրերուն ալ գոյութիւն ունէր օսմանեան գրաքննութիւնը, որ նուազ խիստ էր, քան` մեր հայ գրաքննիչները: Յ. Պարոնեանի թերթերը յաճախ կը փակուէին, բայց ան անվհատօրէն նոր թերթի մը արտօնագիրը կ՛ունենար:

Երկու բարեկամներս ալ զարմացան, որ չեմ գրեր, լուր չունէին, որ երկու նամակ ունիմ անտիպ, ինչ որ ոեւէ գրողի հաճոյք չի պատճառեր: Բարեկամներս պնդեցին, որ գրեմ, այն յոյսով, որ բարեդէպ օր մը լոյս կ՛ընծայուին. նման բարի խրատականներ հասած էին նաեւ տեղական եւ արտասահմանեան ընկերներէս: Ուրեմն մուսաներուս հետ հաշտուելով` սկսինք:

Այսօր երիտասարդութիւնը շշմեցնող երեւոյթ մըն է համակարգիչը, որ անոնց ժամանակին մեծագոյն մասը կը խլէ: Չեմ գիտեր, թէ որքա՛ն օգտակար է, մասնագէտներ թող որոշեն, բայց մեծ վնաս կը հասցնէ հայերէն ընթերցանութեան, եւ գիտցածնին ալ կը մոռնան:

Արեւմտահայերէնի մասին որքան ալ համագումարներ գումարենք, զգալի արդիւնքներու պիտի չհասնինք: Արեւմտահայերէնի պաշտպանութիւնը պէտք է սկսի ենթակային ծննդեան օրէն, եւ հայկական վարժարանն է, որ պիտի ջամբէ այդ հայեցի դաստիարակութիւնը: Այլ ելք չկայ, եւ ծնողներ լաւ պէտք է հասկնան այս իրականութիւնը, աղքատ կամ հարուստ:

***

Այժմ ետ երթանք մօտ 60 տարի, համակարգիչի անգոյ եւ անհոգ տարիներուն, երբ հայոց լեզուի պահպանման մասին որեւէ մտահոգութիւն գոյութիւն չունէր` հակառակ մեր ծնողներուն մեծամասնութեան թրքախօս ըլլալուն:

Այն երանելի օրերուն ես մաս կը կազմէի ՀԵԸ-ի ուսանողական վարչութեան: Վերջերս Հալէպի մէջ լոյս տեսաւ ՀԵԸ-ի 80-ամեակին նուիրուած յուշամատեանը, եւ ըստ բժ. Թ. Թորանեանի գրախօսականին, փառաւոր հատոր մըն է: Ութսունամեակի տօնակատարութիւնն ալ եղած է փառաւոր, ճոխ եւ շքեղ գեղարուեստական բաժինով մը, որ նախանձը պիտի շարժէր նոյնիսկ հայրենի արուեստագէտներուն: Նոյնը տօնուեցաւ նաեւ Պէյրութ, ուր նուագախումբը լատինատառ էր, ոչ մէկ հայերէն երգ… Անշուշտ որ պէյրութցիներն ալ բծախնդրութեամբ կազմակերպած էին հաւաքոյթը, որ ցոլաց հանգանակութեան արդիւնքին մէջ: Բայց հոգեկանը նիւթականով չի չափուիր:

Ուրեմն ուսանողականի վարչութիւնը, հերթական ձեւով, մշակութային հանդիպումներ կը կազմակերպէր: Օրերէն մէկը ինծի վիճակուեցաւ «դասախօսութիւն» մը պատրաստել առասպելական ջութակահար Փականինիի մասին: Մեծ ուրախութեամբ ընդունեցի այս առաջարկը, քանի որ պիտի տրամադրէի սկաւառակներն ու նուագելիք գործիքը (pick-up): Բարեդէպ զուգադիպութեամբ մը, թուղթերուս մէջէն գտայ այս թուղթը, որ այդ օրուան խօսքս կը պարունակէր: Տեղ մը III նշանը կայ: Կ՛ենթադրեմ, որ այս գրութիւնը մէկ երրորդն է ընդհանուր խօսքիս: Բարի՛ վայելում:

… Անոնք ունեցած են մասնաւոր «երգեցիկ» դասարաններ, որոնց միակ գործը եղած է երգել, մասնաւորաբար` կրօնական երգեր: Ասոնց միակ օգտակարութիւնը եղած է բազմաձայնութեան եւ ներդաշնակութեան գաղափարին ներշնչումը, որ շատ կարեւոր դեր ունեցած է արդի երաժշտութեան զարգացման տեսակէտէն: Այս «երգեցիկ» դասարանները, սկսած 11-րդ դարէն, իրենց կատարելութեան կը հասնին 15-16-17 դարերու ընթացքին, մինչ այդ նոթագրութիւնները շատ զարգացած ըլլալով` մեծապէս սատարած են բազմաձայնութեան զարգացման:

Եկեղեցական երաժշտութեան առընթեր, զարգացած է նաեւ աշխատաւորական երաժշտութիւն մը, ուր աստիճանաբար աւելի կարեւորութիւն տրուած է եղանակին, քան թէ` բառերուն, մինչ եկեղեցականը շեշտը բառերուն վրայ է որ կը դնէր: Այս ժողովրդային երգերուն գլխաւոր պատճառը եղած է պարը, երբ ձայնը միացած է շարժումին: Եւ որ աւելի ժողովրդականացած է աշուղներով (որոնք սովորաբար առանձինն կը պտտէին) եւ minisfeell-ները, որոնք խումբով կը պտտէին գիւղէ գիւղ: Ասոնք վայելեցին իշխաններու աջակցութիւնը եւ կարգ մը կարող աշուղներ արտայայտեցին ինքնատիպ երգեր, որոնց նիւթը մնացած սովորաբար կ՛ըլլար հերոսի մը պատմութիւնը կամ ներկայ իշխանին ներփողականը:

Ուրեմն ետ գալով եկեղեցական երաժշտութեան (13 դար)` մենք կը տեսնենք, թէ նոթագրութիւնը բաւական զարգացած է: Այդ 5 գիծերը գոյութիւն ունին եւ նոթերը գրեթէ արդի նոթերու կը նմանին, ծնունդ կ՛առնէ conterpoint ձեւը (որ մի քանի եղանակներ նոյն ատեն երգելու մէջ կը կայանար), որուն կատարելագործուած մէկ պատկերն է բազմաձայնութիւնը: Այս շրջանի կարեւորագոյն դէմքերն են Փալեսթրինա եւ Պախ, առաջինը ձայնային իսկ երկրորդը` գործնական երաժշտութեան մէջ. Պախի օրով երաժշտութիւնը արձանագրած է մեծ եւ արագ զարգացում մը, որուն չենք հանդիպիր երաժշտութեան պատմութեան մէջ: Պախի կարեւորագոյն ժամանակակիցը եղած է Հենտըլ, որ ունեցած է որոշ ազդեցութիւն երաժշտութեան զարգացման վրայ: Հենտըլով կը սկսի դասական շրջանը, 18-րդ դար, եւ որ կատարելութեան կը հասնի Մոցարթով, իսկ Պեթհովեն զայն կը խորացնէ եւ կը գեղեցկացնէ.: Ուրեմն Փականինի ծնած է 1782 եւ մեռած է 1840-ին, կ՛իյնայ դասականութեան վերջաւորութեան եւ վիպապաշտութեան  սկզբնաւորութեան (մօտաւորապէս, Փականինի եղած է բոլոր ժամանակներու ջութակահարը եւ ջութակահարներու թագաւորը, սակայն այս հաստատումը պէտք չէ դեղահատի պէս կուլ տալ, քանի որ Մենուհին, զոր պիտի լսէք քիչ ետք, մեծ յաջողութեամբ կը նուագէ Բականիի կտորները, սակայն կարելի չէ ըսել, թէ Մենուհինի նուագը նոյնքան յաջող է յուզելու եւ տպաւորելու տեսակէտէն: Փականինի մագնիսացուցած է իր ունկնդիրները ոչ միայն իր աղեղի մեծ ճարտարարութեամբ այլ նաեւ` իր արտաքինով, ժամանակակիցներ կ՛ըսեն, թէ ան սատանայի մը երեւոյթը ունէր:

Ան իր սատանայական թեքնիքով ջութակի չորս թելերուն համար անկարելին կարելի ըրած է. ան գոհացած է նոյնիսկ մէկ թելով մը: Իր նշանաւոր գործերէն մին գրուած է սոլ թելի համար:

Երաժշտական աշխարհէն դուրս իր կեանքը եղած է քիչ մը շատ անկանոն, եղած է նշանաւոր խաղամոլ մը. անգամ մը ծախած է իր սուղ ջութակը` պարտքը վճարելու համար. ուրիշ առթիւ մը 20,000 ֆրանք տուած է Պերլիոզ անուն ֆրանսացի յօրինողին, անոր սինֆոնի ֆանթասթիք մտիկ ընելէ ետք: Ուրիշ անգամ մը իր ամբողջ հարստութիւնը կորսնցուցած է մէկ խաղի ընթացքին, սակայն հակառակ ամբողջ ասոնց, անիկա լուրջ կերպով մօտեցած է իր երաժշտութեան: Իր գործերը առաւելաբար ջութակի համար գրուած են: Նշանաւոր են իր քոնչերթոները, որոնցմէ ամէնէն ժողովրդականը պիտի  լսենք այժմ:

Յուսամ ընթերցողը գնահատեց այս գրութիւնը, որ աւելի քան 60 տարիներ առաջ գրուած է: Շատ հետաքրքրական պիտի ըլլար լսել մեր սիրելի ընթերցողներէն: Թերեւս հարց տան, թէ ուրկէ՞ այսքան գիտութիւն այդ օրերուն: Այս գիտելիքներս կը պարտիմ ընկերային շրջանակիս, ուր չորս ջութակահարներ կային, եւ մեր խօսակցութիւնները ընդհանրապէս երգահաններու եւ նուագողներու մասին կ՛ըլլային: Ալեփփօ քոլեճ շաբաթական մէկ պահ երաժշտութեան դաս ունէինք պրն. Ուէյվըրի հետ, որ հմուտ դաշնակահար էր եւ յօրինող: Յաճախ կը խօսէր երաժշտական նիւթերու մասին եւ անցեալի յօրինողներու շուրջ` համեմուած անեքթոտներով:

***

Ներկայիս մեր դպրոցներուն մէջ կամ արդի երիտասարդութեան մօտ ի՞նչ աստիճանի կը գնահատուի դասականը: Ունկնդրութիւններ կա՞ն որոշ դասարաններու մէջ:

Կ՛արժէ մտածել:

***

Մարգար աղա կերուխումի սեղանէն ելլելով` քանի մը քայլ կ՛առնէ եւ ետ կը փլի աթոռին վրայ, եւ ամենայն լրջութեամբ կը յայտարարէ.

– Հիմա կը հասկնամ, թէ ո՛վ էր առաջին խմանը:

– Ո՞վ է,- ձայնակցեցան սեղանակիցները:

– Գալիլէոն, հապա ո՞վ: Այդ մարդը չէ՞ր, որ միշտ կը կրկնէր, թէ աշխարհը կը դառնայ:

 

5/3/2012

Share this Article
CATEGORIES