Ազգային Պահանջատիրութիւնը Նոր Հորիզոններու Դիմաց. (Անթիլիասի մայրավանքին մէջ տեղի ունեցած միջազգային համագումարին առիթով)
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Անթիլիասի մայրավանքին մէջ 23-26 Փետրուար 2012-ին տեղի ունեցաւ միջազգային համագումար` «Հայոց ցեղասպանութիւնը` ճանաչումէն հատուցում» թեմայով, Արամ Ա. կաթողիկոսի հովանաւորութեամբ ու ներկայութեամբ: Համագումարին մասնակցեցան միջազգային օրէնքի երեսուն օտար մասնագէտներ` Եւրոպայի ու Հիւսիսային Ամերիկայի համալսարաններէն, միջազգային դատական ատեաններու դատաւորներ, պետական երեսփոխաններ, Ցեղասպանութեան ու 20-րդ դարու Օսմանեան կայսրութեան պատմութեան ծանօթ անձեր եւ Հայ դատի մարմիններու ներկայացուցիչներ:
Արդարեւ, եզակի նախաձեռնութիւն էր յիշեալ համագումարը: Եզակի` մասնակիցներուն ունեցած մասնագիտութեամբ, որակով ու փորձառութեամբ. եզակի նաեւ` մեր պահանջատիրութիւնը միջազգային օրէնքի լոյսին տակ դիտելու ու արժեւորելու իր յստակ նպատակով: Ներկայացուած մասնագիտական զեկոյցներու ու քննարկումներու ճամբով համագումարը երեք օրեր շարունակ համապարփակ հայեցակէտով քննարկեց միջազգային օրէնքի տրամադրութիւնները ընդհանրապէս Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման ու մասնաւորաբար հատուցման գծով: Այս ծիրէն ներս նկատի առնուեցան Մարդկային իրաւանց հռչակագիրը, Միացեալ ազգերու կազմակերպութեան որդեգրած Ցեղասպանութեան ուխտագիրը, Մարդկային իրաւանց յանձնաժողովի որոշումները, ինչպէս նաեւ` ցեղասպանութեան ու հատուցման առնչուած ՄԱԿ-ի յարակից մարմիններուն յայտարարութիւններն ու որոշումները:
Անհրաժեշտ կը նկատենք քանի մը ընդգծումներ կատարել` ազգային պահանջատիրութեան նոր շեշտաւորում եւ աշխատանքներուն նոր հունաւորում տալու հեռանկարով.-
Ա.- Անցնող տասնամեակներուն Հայ դատի մարմինները, քաղաքական կուսակցութիւնները ու մեր եկեղեցին հսկայ աշխատանք կատարեցին հայ ժողովուրդին դէմ գործադրուած ցեղասպանութիւնը եւ մեր արդար իրաւունքները օտարներուն ծանօթացնելու իմաստով: Քարոզչական այս աշխատանքները իրենց դրական արդիւնքը ունեցան եւ մեր ժողովուրդին դատը սկսաւ ծանօթ դառնալ օտար ազգերուն. եւ աւելի՛ն, պետութիւններ ու կրօնական կազմակերպութիւններ սկսան պաշտօնապէս ճանչնալ մեր ժողովուրդին դատը: Այս ուղղութեամբ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը յատկանշական դեր կատարեց միջեկեղեցական ու միջկրօնական իր լայնածաւալ գործունէութեամբ: Հայաստանի վերանկախացումէն ետք Հայաստանի պետութեան կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան արծարծումը արտաքին քաղաքական ու դիւանագիտական յարաբերութիւններու ճամբով, նոր հունաւորում տուաւ մեր պահանջատիրութեան: Ցարդ կատարուած աշխատանքը առաւելաբար քարոզչական, քաղաքական ու դիւանագիտական բնոյթ ունէր. կը պակսէր իրաւական տարածքը: Անթիլիասի մայրավանքին մէջ տեղի ունեցած համագումարին նպատակը փաստօրէն ա՛յս էր. մեր ժողովուրդին պահանջատիրութիւնը քննարկել, ուսումնասիրել ու հետապնդել իրաւական գետնի վրայ:
Բ.- Վեհափառ հայրապետը համագումարի ընթացքին կարեւոր հաստատում մը կատարեց` ըսելով. «Անհրաժեշտ է քարոզչական, քաղաքական, դիւանագիտական եւ իրաւական տարածքներու միջեւ սերտ առնչութիւն ստեղծել եւ ներդաշնակում յառաջացնել, որովհետեւ անոնք զիրար կ՛ամբողջացնեն ու կը զօրացնեն: Ռազմավարական ու մարտավարական այս մօտեցումը կը նկատենք խիստ հրամայական, որ կ՛ենթադրէ իւրայատուկ մտածելակերպ ու գործելակերպ: Արդարեւ, իրարմէ անջատ ու հեռու աշխատանքներ պէտք չէ դառնան մեր իրաւունքներու հետապնդման առնչուած ծրագիրներն ու ճիգերը: Անոնք պէտք է երբեմն ըլլան իրարու զուգահեռ, երբեմն պէտք է կատարուին միասնաբար` համաձայն պայմաններուն, սակայն միշտ ներդաշնակաբար: Նման գործելակերպ իր բարերար արդիւնքը պիտի ունենայ ազգային պահանջատիրութեան մեր աշխատանքներուն մէջ»:
Գ.- Նման գործընթաց բնականաբար կ՛ենթադրէ դերերու յստակացում ու աշխատանքի բաժանում: Վեհափառ հայրապետը բազմիցս Անթիլիասի թէ Երեւանի մէջ, իր պատգամներուն ու գրութիւններուն մէջ շեշտած է ազգային պահանջատիրութեան աշխատանքներու շրջագիծէն ներս դերերու բաշխում կատարելու անյետաձգելի անհրաժեշտութիւնը: Այսպէս, Հայաստանի պետութիւնը իր իւրայատուկ դերը պէտք է ունենայ, սփիւռքը` իր իւրայատուկ դերը, եկեղեցին` իր իւրայատուկ դերը: Հարկ է հեռու մնալ խաչաձեւումներէ ու կրկնութիւններէ: Դերերու տարբերութիւնները անհրաժեշտ է պահել, որովհետեւ անոնք զիրար կ՛ամբողջացնեն: Անհրաժեշտ է սակայն հիմնական հարցերու շուրջ հաւաքական տեսակէտներ ունենալ ու կեցուածքներ ճշդել: Հո՛ս կը կայանայ մեր դատին հզօրութիւնը: Չմոռնանք, որ մեր պահանջատիրութիւնը մէ՛կ է եւ այդ մէկութիւնը պէտք է մեր բոլոր աշխատանքներուն մէջ կարեւորութեամբ շեշտուի: Չմոռնանք, որ վերջին շրջանին ցեղասպանը սկսած է օգտագործել ազգային պահանջատիրութեան գծով Հայաստանի եւ սփիւռքի միջեւ երբեմն երեւան եկող տարբեր շեշտաւորումները: Հարկ է ըլլալ զգո՜ւշ եւ արթուն:
Դ.- Փաստօրէն ազգային պահանջատիրութեան մեր հաւաքական ըմբռնումը ու սահմանումը տակաւին կը մնան ընդհանրութեան սահմաններուն մէջ: Այսպէս, ի՞նչ կը պահանջենք ցեպասպանէն. Ցեղասպանութեան ճանաչում, հողային պահանջ, կալուածներու վերադարձ, նիւթական հատուցում եւ այլն.: Ոմանք կը մտածեն, որ անհրաժեշտ է յստակացում կատարել այս ուղղութեամբ: Ուրիշներ կը կարծեն, թէ մեր պահանջատիրութիւնը այս հանգրուանին առաձգական պահելը կրնայ մեզի աւելի նպաստաւոր ըլլալ: Երկու մօտեցումներն ալ կարելի է նկատել շինիչ: Միաժամանակ անհրաժեշտ է գործնական քայլերու դիմել դուրս գալու այս նեղ օղակէն ու ընդհանրացումներէն: Այլ խօսքով, առանց անտեսելու ճանաչման գծով կատարուող աշխատանքները, ժամանակը հասած է այլեւս ճանաչումէն անդին մեր աշխատանքը ուղղելու դէպի հատուցում: Ա՛յս հեռանկարով կազմակերպուեցաւ Անթիլիասի համագումարը:
Ե.- Անթիլիասի համագումարը լուսարձակի տակ բերաւ ընդհանրապէս հատուցման ու մասնաւորաբար եկեղեցապատկան կալուածներու վերադարձի խնդիրը: Ինչո՞ւ այս շեշտադրումը` ա՛յս հանգրուանին.- ա) Միացեալ Նահանգներու Քոնկրեսը անցեալ տարի որոշում կայացուց, որ Թուրքիոյ մէջ գտնուող փոքրամասնութիւններու եկեղեցապատկան ինչքերը, շարժուն եւ անշարժ, վերադարձուին իրենց իրաւատէրերուն: բ) Թուրքիոյ կառավարութիւնը եւս վերջերս որոշում կայացուց 1929-էն ասդին պետութեան կողմէ բռնագրաւուած կալուածները վերադարձնելու իրենց սեփականատէրերուն: Այս երկու որոշումները որոշ իմաստով արթնութեան կոչ էին` ուղղուած մեր եկեղեցւոյ ու ժողովուրդին ու յատկապէս Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան, գործնապէս արտայայտելու իր պահանջատիրութիւնը` Կիլիկիոյ մէջ ունեցած իր կալուածներուն գծով:
Զ.- Համագումարին ընթացքին պարզուեցաւ, թէ միջազգային օրէնքի տուեալները կալուածներու վերադարձին գծով երբեմն նպաստաւոր էին ու երբեմն` ո՛չ նպաստաւոր: Սակայն համագումարը մեր առջեւ բացաւ նոր հորիզոններ` մեր պահանջատիրութիւնը ու մանաւանդ կալուածներու վերադարձի հարցը ներկայացնելու միջազգային ատեաններուն` հակառակ գոյութիւն ունեցող անպատեհութիւններուն եւ քաղաքական ոչ նպաստաւոր պայմաններուն: Վեհափառ հայրապետը փակման իր խօսքին մէջ անդրադառնալով այս կացութեան` ըսաւ. «Եկեղեցապատկան ու ազգապատկան հազարաւոր կալուածներ ունինք Կիլիկիոյ ու Արեւմտեան Հայաստանի մէջ: Չենք կրնար անտարբեր ու ձեռնածալ մնալ. մենք պահանջատէր ենք: Որքան ալ դժուար ու երկար ըլլայ մեր առջեւ բացուող ճամբան, մենք պարտաւոր ենք քալելու այդ ճամբէն: Մեր նահատակներուն կտակը մեզի համար նուիրական է: Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը, Հայ կաթողիկէ ու Հայ բողոքական եկեղեցիներուն եւ մեր կուսակցութիւններուն հետ գործակցաբար, յառաջիկային պիտի պատրաստէ աշխատանքային ծրագիր: Բնականաբար Հայաստանի Հանրապետութիւնը կարեւոր դեր ունի կատարելիք այս ուղղութեամբ»:
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան կազմակերպած այս համագումարը ազգային պահանջատիրութեան դիմաց նոր հորիզոններ կը բանայ: Անհրաժեշտ է շարունակել այս աշխատանքը պատասխանատու մօտեցումով, հետեւողական ճիգով ու միասնական ոգիով:

