Ցաւակցելու Եւ Ներողութիւն Խնդրելու Հարց

ԱՐԱ ԿԱՐՄԻՐԵԱՆ

Երբ պատանի էի եւ աւելի վերջ նոյնիսկ` համալսարանի ուսանող, որոշ ժամերու հանրակառքով կամ հանրաշարժով ճամբորդութիւնը, բազմութեան պատճառով, կարեւոր հարց էր: Մանաւանդ եթէ պէտք ըլլար կայարան մը իջնել, ատեն առաջ կը պատրաստուէինք, որպէսզի մօտենանք մեր ելքի դրան եւ առանց շարժավարը սպասցնելու` կարենայինք դուրս նետուիլ: Փորերնիս ներս քաշած, շատ անգամ մեր ձեռքի պայուսակը մարդոց գլխէն աւելի բարձր բռնած, միշտ մեր ճամբուն վրայ կեցող անցորդներէն ներողութիւն խնդրելով` տեղ կը շահէինք անցնելու համար: Կը պատահէր, որ հակառակ ամէն զգուշութեան, մէկուն կամ միւսին ոտքին ալ կոխէինք: Այն ատեն մեր «ներողութիւն»-ը աւելի ստիպողական կը դառնար եւ կ՛ըլլար աղաչական եւ վերջին ծայր քաղաքավարական: Երբեմն ալ կը պատահէր, որ «առջեւդ նայէ» կամ «զգուշ չըլլա՞ս» խօսքին ընկերանար կոպիտ եւ անպարկեշտ խօսք մըն ալ, որ կռիւի հանգամանք ալ կրնար ունենալ, բայց միշտ ճամբայ խնդրողն էր, որ առանց տեղի տալու վէճի եւ «տեսար, որ պիտի իջնեմ, բայց տեղէդ չշարժեցար»-ի նման չքմեղանք յայտնելու` կը շարունակէր կրկնել իր ներողութիւնը:

Որեւէ հարց չկար հայու, թուրքի կամ հրեայի, պարզապէս ճամբայ ուզող եւ տեղ բացող երկու կամ աւելի ճամբորդներու միջեւ պատահած քաղաքավարութեան կամ անբարեացակամութեան խնդիր էր:

Երբ ճամբան, մայթին վրայէն քալող մարդոց բազմութիւն մը խնդրոյ առարկայ ըլլար, կողմ դառնալով` անցքը կը դիւրացնէինք դիմացէն եկողին եւ` փոխադարձաբար: Կը պատահէր, որ դիմացինը բնաւ չփոխէր իր դիրքը եւ շատ անգամ ուժով զարնուէր քեզի: Ետ կը նայէինք տեսնելու համար, որ այս լեռնէն իջնողը ո՞վ է: Մինչդեռ միւսը կը շարունակէր իր յաղթական երթը: Հարկաւ թէ ներողութիւն խնդրելը խնդրոյ առարկայ չէր: Իսկ եթէ քիչ մը տարբեր կամ երկար նայէինք ու անդրադառնար, կռիւը կրնար վրայ հասնիլ: Կը հետեւցնէինք, որ գաւառէն նոր եկած եւ քաղաքին չվարժուած անձ մըն էր:

***

Ներողութիւն բառը կրկին այժմէական դարձաւ, երբ օտար պետութիւններ 20-րդ դարուն երկրորդ կիսուն, հետզհետէ իրենց խորհրդարաններուն մէջ 1915-ը ընդունեցին որպէս Ցեղասպանութիւն եւ յանձնարարեցին, որ Թուրքիա հաշտուի մօտաւոր անցեալի իր պատմութեան հետ: Թուրք կառավարութիւններ մէկ կողմէ թիւ 301 յօդուածով կը փորձէին լռեցնել գայթակղեալ միտքերը, միւս կողմէ ալ միջոցներ կը խորհէին պաշտպան կանգնելու իրենց իթթիհատական նախնիներուն: Դպրոցական պատմութեան գիրքին մէջ աւելցուեցաւ նոր էջ մը` «Գաղթին օրէնքը» (Tehcir kanunu), ուր տեղափոխութիւնը բացատրուեցաւ որպէս զինուորական միջոցառում, եւ մահերը ցոյց տրուեցան սնունդի եւ դեղի պակասի հետեւանք: Ա. Համաշխարհային պատերազմի տարիներն էին: Ռուսերը արեւելքէն կը գրաւէին երկիրը եւ հայերը կը միանային անոնց` հարուածելով թուրք բանակին ետեւէն: Ա՛լ հարցնող չկար, թէ ինչո՞ւ էտիրնեցիները, թեքիրտաղցիները, պուրսացիները, զմիւռնիացիներն ու ատաբազարցիներն ալ տեղահան եղեր են, այս անգամ` դէպի արեւելք: Թէ ինչո՞ւ 24 ապրիլ 1915-ին բոլոր հայ մտաւորականները, ներառեալ` թուրք Ազգային Ժողովի անդամ հայ երեսփոխանները քշուեցան Չանքըրը կամ Այաշ, եւ անոնցմէ հազիւ մի քանի հոգի (մտաւորականի հետ շփոթուածներ) ետ դարձան: Գաղթի ենթարկուածներէն «ոմանք» իրենց կեանքը կորսնցուցեր են ուտելիքի պակասէ, հիւանդանալով եւ դեղի չգոյութեան պատճառով: Տարագրեալներուն թիւը հայերու ըսածին նման շատ չէ եղեր, իսկ մեռնողնե՞րը, հազիւ 300,000: Քերինչսիզի եւ Հալլաճօղլուի նման, գիտութեան եւ պատմութեան հեռուէն` մօտէն կապ չունեցողներ, մինչեւ իսկ զոհերը յանցաւոր հանելէ կրնային խօսիլ: Բայց ի՞նչ զարմանալի, ասոնք ալ միլիոնաւոր համախոհներ կ՛ունենային:

Սակայն Հրանդ Տինք եւ սփիւռքահայ զանազան անձնաւորութիւններ լրջօրէն հակազդեցին: Ըստ պետական եւ պատրիարքական տուեալներուն, 1912-ին 1.5-2 միլիոն հայեր կային Անատոլուի մէջ, մինչ այսօր 50.000 մնացեր է: 19 յունուար 2007-ին ուզեցին լռեցնել Հրանդին ձայնը, սակայն անոր համախոհներուն թիւը նոյն պահուն բարձրացաւ հարիւր հազարներով: Նոյնպէս բազմապատկուեցան թուրքերուն ձայները, որոնք կը խորհէին, թէ 1915-ին կորսուած հայերու համար պէտք էր ներողութիւն խնդրել: Պէտք էր թուրք պետութիւնը պաշտօնապէս ընդունէր իրենց պապերուն յանցանքը եւ պաշտօնապէս ներողութիւն խնդրէր համայն հայ ժողովուրդէն:

Բայց ինչպէ՞ս կարելի էր նման բան մը: Պետութիւնը, որուն իշխող կառավարութիւնը աւելի քան տասը տարիէ ի վեր կը պնդէ, որ 1915-ին պատահած դէպքերը ցեղասպանութիւն չեն, կը պայքարէր այն երկիրներուն դէմ, որոնք Հայոց ցեղասպանութիւնը պաշտօնապէս ընդունած են: Տակաւին ան իր թիւ 301 օրէնքով կը դատապարտէ 1915-ին համար ցեղասպանութիւն ըսողները, ուստի ինչպէ՞ս կրնար մէկ օրէն միւսը ետդարձ ընել, ոչ միայն Ցեղասպանութիւնը ընդունիլ, այլ նաեւ` ներողութիւն խնդրել հայ հայրենակիցներէն: Բայց ինչո՞ւ չէ, լեզուն ոսկոր չունի: Կարելի էր ներողութիւն խնդրել` առանց ցեղասպանութիւն բառը գործածելու: Քաղաքագէտներուն համար լեզու կամ խօսք փոխելէ աւելի դիւրին բան կա՞յ: Հրանդին յուղարկաւորութեան օրը «Բոլորս հայ ենք», «Բոլորս Հրանդ ենք» ըսողները ո՞ւր կորսուեցան:

Պասքըն Օրան եւ Օրալ Չալըշլար, «ԱԿՕՍ»-ի իրենց յատկացուած անկիւններուն մէջ այս նիւթով շատ լուրջ զբաղած, նոյնիսկ լուծում գտած ըլլալ կը թուին:

Պասքըն Օրան շատ վստահելի երիտասարդ իրաւագէտ Քերեմ Ալթըփարմաքի հետ խօսեր եւ «կարեւոր» հետեւութիւններու յանգեր է: Ան նոր բացատրութիւններ ունի.

Իրաւական կացութիւն.-

1. Թուրքիա միայն օսմանեան տէրութեան յաջորդը ըլլալով պատասխանատու կրնայ ըլլալ:

2. Միջազգային իրաւագիտութեան մէջ պատասխանատուութիւնը պատժական եւ իրաւական (հատուցում եւլն.) ըլլալով` երկու մաս ունի եղեր, իսկ Թուրքիա այս երկու անկիւնէն ալ նայուած` պատասխանատու չի կրնար եղեր, ըլլալ` վասնզի յանցաւորները բոլորն ալ մեռած են եւ յանցանքը 1948-էն առաջ կատարուած է: Ժամանցում կայ:

Քաղաքական կացութիւն.-

Այսօր, բացի ազերիներէն, չկայ մէկը, որ 1915-ը ցեղասպանութիւն չորակէ: Բոլոր խորհրդարանները, գիտակից կամ ոչ, կարգով որոշումներ կու տան, Թուրքիան կը դատապարտեն եւ կ՛աւելցնեն, որ ցեղասպանութիւն բառը կարելի է գործածել նախապէս գործադրուած նման դէպքերու համար ալ: Այդ շրջանին կեանքի ապահովութիւն գնած հայերու թոռները այսօր այդ ապահովութեան ընկերութիւններուն վրայ յաջորդական դատեր բացած են եւ հատուցում կը պահանջեն: Այս ընկերութիւններն ալ վաղը Թուրքիոյ դառնալու ճամբան պիտի փնտռեն: Բոլոր ասոնք, միայն ու միայն իթթիհատական ոճրագործները կուրօրէն պաշտպանելու հետեւանք են:

Գալով խղճմտանքին` Պասքըն Օրան ցոյց կու տայ, թէ այժմու կառավարութիւնը ի՛նչ պէտք է ընէ.

1.- Պատճառները ինչ ալ ըլլան, Թուրքիոյ Հանրապետութիւնը Օսմանեան կայսրութեան քայքայման շրջանին հայ հայրենակիցներուն ենթարկուած դառն ցաւերը Թուրքիոյ ալ ցաւը կը համարէ եւ հայ եղբայրներուն զգացումները կը բաժնէ:

2.- Պատճառները ի՛նչ ալ ըլլան, այս ցաւալի վիճակը իր հայրենակիցներէն պահած ըլլալուն համար իր անկեղծ ներողութիւնը կը յայտնէ:

3.- Թուրքիոյ Հանրապետութիւնը, Ցեղասպանութեան առթած ցաւը խորհրդանշականօրէն թեթեւցնելու միտումով, հայ-օսմանցիներու թոռներուն որոշ արժէքով վճարում մը ընելու որոշումը կը յայտնէ:

Այս կը նշանակէ, որ թուրք կառավարութիւնը պէտք է չոր ներողութիւն մը խնդրէ միայն, ինչպէս հանրաշարժին ճամբորդը պիտի ընէր ճամբայ խնդրելու կամ ուրիշի մը ոտքին կոխած ըլլալուն համար: Իսկ մեռնողներուն թոռներուն համար, ինչ որ թուրք կառավարութեան անդամներուն խղճմտանքը արտօնէ, պիտի խոստանայ եւ այդքան. թէ ի՞նչ հաշիւով, թէ ե՞րբ, յայտնի չէ: Եւ եթէ, ըստ ընկալեալ սովորութեան, խոստանայ եւ չտա՞յ, հարկաւ Պասքըն Օրան եւ Քերիմ Ալթըփարմաք ասոր ալ լուծում կը գտնեն…

Ասոր նման խաբուսիկ առաջարկներ ունեցող մըն ալ Ճեմալ Ուշշագն է, լրագրողներու եւ գրողներու հիմնարկի նախագահի փոխանորդը: Ան նոյնիսկ 1915-ի զոհերուն թոռներուն հատուցումի խօսք ալ չ՛ըներ, անոր համաձայն, կը բաւէ, որ ապահովութիւն տրուի այդ թոռներուն, որ հանգիստ սրտով կարենան այցելել եւ տեսնել իրենց նախնիներուն բնակավայրերը, արտերը, այգիները… Ճ. Ուշշագի համաձայն, «եթէ իրաւասու պետական անձ մը ըսէ, թէ 1915-ի պատահածներուն նկատմամբ մենք ալ վիշտ կը զգանք, շատ կարեւոր քայլ մը առած կ՛ըլլայ»: Կը տարուիմ խորհիլ, թէ այս ի՞նչ դիւային քայլ պէտք է ըլլայ, որ թուրքերու եւ հայերու միջեւ բացուած անջրպետին մէջ տեսանելի ըլլայ:

Եթէ երանելի եւ հանգուցեալ Հրանդ Տինքը անդենականէն վերադառնայ, առաջին գործը պիտի ըլլայ երթալ «ԱԿՕՍ»-ի գրասենեակը եւ վերոնշեալ մեծ գրողներուն օձիքէն բռնել եւ պատուհանէն դուրս նետել: Մէկ հոգի չելաւ եւ չըսաւ, որ` «եթէ թուրք կառավարութիւնը անկեղծ վերաբերում մը ցոյց տալ ուզէ 1915-ի զոհերուն թոռներուն, առաջին արարքը կ՛ըլլայ Թուրքիոյ եւ Հայաստանի միջեւ սահմանները բանալ եւ ապահովել Հայաստանի հանգիստ շնչառութիւնը»: Մինչդեռ ոչ մէկ կասկած, որ եթէ Թուրքիա առիթ ունենար, կրնար քարտէսէն ջնջել Հայաստանը, բայց ռուսեւհայ զինուորական համաձայնութիւնը արգելք է: Այս միտքը յայտնուած է նուազագոյն երկու թուրք կառավարութիւններու կողմէ, իր ամենաիրաւասուի բերնով:

Անունը չկրցայ սորվիլ թրքուհիին, որ Փարիզի հեռատեսիլէն սփռուած հաղորդման մը ընթացքին (11/01/2012) ինքնավստահօրէն եւ թրքերէնով կը բացատրէր, թէ ինչո՞ւ իր երկիրը կը փափաքէր ԵՄ-ի անդամ դառնալ: Հարկաւ խօսակցութիւնները կը թարգմանուէին ֆրանսերէնի: Ան ըսաւ, թէ այժմ Թուրքիան առանց ԵՄ-ի անդամ ըլլալու` արդէն Եւրոպայի մէջ տնտեսական գետնի վրայ վեցերորդ ուժը կը համարուի. մինչդեռ եթէ մտնէ ԵՄ-է ներս, 27+1 երկիրներու մէջ պիտի ըլլայ երկրորդը: Պատասխանելով այն հարցումին, թէ ինչո՞ւ Թուրքիա չի խորհիր Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչնալ, ան յառաջ քշեց թրքական առաջարկը ըսելով որ պէտք է Թուրքիան, Հայաստանը, Միացեալ Նահանգներ եւ Ֆրանսան միասնաբար բանան արխիւները եւ որոշումի մը յանգին:

Իրականութեան մէջ թուրքը ճիշդ կը գնահատէր Հայոց ցեղասպանութիւնը յառաջ քշելու արգելքը, որ ծանր կշիռ ունի կը կարծուէր: Նախագահներու ընտրապայքարին մէջ քուէի հարցն ալ պարապ պատմութիւն է, քանի որ թուրքերուն թիւը Եւրոպայի մէջ շատ աւելի բարձր է հայերէն: Եթէ հանրաքուէի դիմելով` ժողովուրդներուն կարծիքին դիմեն, հարցը կը փոխուի, որովհետեւ եւրոպացի ժողովուրդները չեն սիրեր թուրքը, մանաւանդ անոր իսլամ կրօնքը: Արդէն եւրոպական մեծ պետութիւնները պիտի չուզեն դիմել հանրաքուէի: Անոնք նկատի պիտի ունենան իրենց շահերը եւ երկիրներու միջեւ մրցակցութիւնները, ինչպէս ըրին Լոզանի դաշնագրի բանակցութիւններուն միջոցին: Անամօթաբար ականջ տուին թուրք պատուիրակութեան եւ ընդունեցին Սեւրի դաշնագրով հայերուն տրամադրուած հողերը չտալու համար թրքական պատճառաբանութիւնը. «Արդէն այդ հողերուն վրայ բնակող հայ չէ մնացած»: Ահա թէ ինչպէ՛ս «քաղաքակիրթ» Եւրոպան, Հայոց ցեղասպանութեան գործադիր Թուրքիան փոխանակ պատժելու, զայն վարձատրեց իր շահերուն համար: Այդ իսկ պատճառով պիտի ըսեմ, թէ Հայոց ցեղասպանութիւնը եւրոմիութեան վէճերու մէջ նկատի առնուելիք հարց չէ, նոյնիսկ պատրուակ չէ:

Հայոց ցեղասպանութիւնը երբ խնդրոյ առարկայ եղաւ վերոյիշեալ ասուլիսի ընթացքին, ուր թրքական թեզը գտած էր իր շատ կարող պաշտպանը, չեմ գիտեր` ինչպէ՛ս սկսայ մտածել այժմու թուրք աշխարհի շահատակութիւններուն մասին: Կը խորհէի, թէ ինչպէս բեռնակիր Սափանճը մը վերածուեցաւ «Սափանճը Հոլտինկ»-ի, թաղի մը պարզ նպարավաճառ Վեհպի Քոչէ մը ծնաւ «Քոչ Հոլտինկ»ը եւ դեռ ով գիտէ` տակաւին ուրիշ անուանի կամ ծածուկ մնացած հարստահարիչներ, որոնք նորակազմ թուրք հանրապետութեան կարեւոր գումարներ տրամադրելէ ետք իրենց բաժին ինկած գողօնները պաշտօնապէս սեփականացուցին եւ այսօրուան մեծահարուստ եւ «ազնուական» գերդաստանները դարձան: Հայերէ կորզուած կալուածները հարիւր տարուան մէջ հարիւրապատիկ եւ հազարապատիկ արժեւորուած են եւ եթէ պետութիւնը շնորհ ընէ եւ մտածէ վերադարձնելու մասին, նկատի պիտի չառնէ այն հասոյթը, զոր տուաւ 95 տարուան ընթացքին: Աւելի՛ն. կը խօսուի սեփականաթուղթ պահանջելու մասին` փոխանակ հին տոմարներուն դիմելու: Իսկ վճարումի համար, ով գիտէ, ի՜նչ դժուարութիւններ պիտի յարուցուին: Օրինակ` Անատոլուի հազար եկեղեցիներէն մէկը նորոգուեցաւ եւ վերադարձուեցաւ` խաչը վերցուած եւ թանգարանի վերածուած: Աղթամարն ալ թրքացած` Ագտամար դարձաւ:

Այո՛, առանց նկատի առնելու կորսուած կեանքերը, խօսեցայ միայն ինչքերու մասին: Բայց ինչո՞ւ աննկատ թողուլ կեանքերը: Կ՛ըսուի, որ 1915-ին, ոչ իսլամներուն համեմատութիւնը 20 առ հարիւր է եղեր, որուն ստուար մեծամասնութիւնը հայ: Մօտաւոր հաշիւ մը ընելով եւ այսօրուան բնակչութիւնը 75 միլիոն ընդունելով` կրնամ մտածել, որ եթէ 1915-ի Ցեղասպանութիւնը չըլլար, այսօրուան Թուրքիոյ սահմաններուն մէջ պիտի ապրէին 14 միլիոն հայեր: Իսկ Լոզանը ստորագրող քաղաքակիրթ եւ «սուտ հայասէր» եւրոպացի երկիրները գոնէ միայն Կարսն ու Վանը կարենային պահել, այդ քաղաքները այսօրուան հետ բաղդատմամբ տասնապատիկ աւելի բնակչութիւն կ՛ունենային, եւ` հայաբնակ:

Ահա թէ ի՛նչ վնասներու մասին կը խօսիմ: Որքա՜ն արգահատելի է տեսնել, որ չոր ներողութիւն մը խնդրել իսկ չեն զիջիր եւ ամէն ջանք կը տանին Հայաստանը խեղդամահ ընելու:

 

 

Share this Article
CATEGORIES