ԽՈՐՀՐԴԱՏՈՒԱԿԱՆ ԾԱՌԱՅՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ԽՈՐՀՈՒՐԴ` ԹՈՒՐՔ – ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԳՈՐԾԱՐԱՐ ՅԱՐԱԲԵՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ԶԱՐԳԱՑՄԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻՆ ՄԷՋ

Թուրք-հայկական գործարար յարաբերութիւններու զարգացման խորհուրդը կը ծրագրէ խորհրդատուական ծառայութիւններու խորհուրդ ստեղծել երկու երկիրներու ձեռներէցներուն համար, որոնք կ՛ուզեն համագործակցիլ` հակառակ 1993-էն ի վեր հայ-թրքական սահմանին փակ ըլլալուն:

Խորհուրդի համանախագահ Քաան Սոյաք յայտնեց, որ Հայաստանի մէջ կան մարդիկ, որոնք կ՛ուզեն գործ հիմնել Թուրքիոյ մէջ եւ հակառակը: «Մենք կ՛ուզենք անոնց օգնել եւ խորհուրդներ տալ, եթէ որոշ խնդիրներու հանդիպին», յայտնեց Քաան Սոյաք:

Ըստ անոր, Թուրքիոյ եւ Հայաստանի միջեւ գործարար կապերը հիմնականին մէջ կը հաստատուին առանց համաձայնագիրներու: Սակայն, նոյնիսկ այդ պարագաներուն, երբ բացառութեան կարգով համաձայնագիրներ կը կնքուին, անոնք որեւէ խնդիր փաստացի ձեւով չեն լուծեր, քանի որ ծագած վէճերը կրնան քննուիլ թէ՛ Հայաստանի, թէ՛ Թուրքիոյ դատարաններուն մէջ, մինչդեռ երկու երկիրները դիւանագիտական յարաբերութիւններ չունին եւ չեն ընդունիր մէկզմէկու դատարաններուն վճիռները:

Հակառակ փակ սահմաններուն եւ լարուած յարաբերութիւններուն, երկու երկիրներու գործարարները կը փորձեն ելքեր գտնել:

Թրքական «Զաման» օրաթերթը կը փոխանցէ, որ միջազգային օրէնքի փորձագէտ Սիլվիա Թիրեաքի իր կարգին կ՛առաջարկէ իրաւարարական դատարան ստեղծել թուրք-հայկական գործարար յարաբերութիւններու զարգացման խորհուրդի ծիրին մէջ, ուր լուծում պիտի ստանան երկու երկիրներու ձեռներէցները յուզող խնդիրները:

«Այս դատարանին դատաւորները կրնան ըլլալ երկու երկիրներուն հեղինակութիւն վայելող անհատները կամ առեւտուրի պալատին ներկայացուցիչները», առաջարկեց Թիրեաքի:

 

Share this Article
CATEGORIES