ՌԱԼՖ ԵԻՐԻԿԵԱՆ ՊԱՐԳԵՒԱՏՐՈՒԱԾ Է «ԵՐԵՒԱՆԻ ԶԻՆԱՆՇԱՆ» ՅՈՒՇԱՄԵՏԱԼՈՎ
Երեւանի քաղաքապետարանի հասարակութեան հետ կապերու վարչութեան տեղեկութիւններով, քաղաքին մատուցած ծառայութիւններուն, քաղաքապետարանին հետ սերտ համագործակցութեան, Երեւանի մէջ իրականացուող տօնակատարութիւններու կազմակերպման ընթացքին իր ցուցաբերած աջակցութեան, ինչպէս նաեւ հասարակական կեանքին մէջ անոր ներդրած զգալի աւանդին համար, Երեւանի քաղաքապետի որոշումով, «Ղարաբաղ-Թելեքոմ» ընկերութեան ընդհանուր տնօրէն Ռալֆ Եիրիկեան պարգեւատրուած է «Երեւանի զինանշան» շքանշանով:
Գնահատելով այն նախաձեռնութիւնները, զորս, իբրեւ համագործակցող` կ՛իրականացնէ «Ղարաբաղ-Թելեքոմ»ը, քաղաքապետ Կարէն Կարապետեան համոզում յայտնած է, որ ընկերութեան օրինակը ոգեւորիչ պէտք է ըլլայ հասարակութեան համար:
Շնորհակալութիւն յայտնելով պարգեւին համար` Ռալֆ Եիրիկեան նշած է, որ իր ընկերութիւնը պատրաստ է շարունակելու համագործակցութիւնը Երեւանի քաղաքապետարանին հետ: «Մեր պարտքն է մասնակցիլ բոլոր այն նախաձեռնութիւններուն, որոնք կը կատարուին յօգուտ մեր բնակչութեան», նշած է Ռալֆ Եիրիկեան:
Ընդգծելով քաղաքային տնտեսութեան կառավարման համակարգին մէջ գործարարական կառոյցներու ներգրաւման անհրաժեշտութիւնը` Կարէն Կարապետեան ներկայացուցած է Երեւանի մէջ այդ առումով հետաքրքրական հանդիսացող մարզերը: Ռալֆ Եիրիկեան, իր կարգին հաւաստիացուցած է, որ մանրամասնօրէն պիտի քննարկուին առաջարկուող բոլոր ծրագիրները: Ապա ողջունելով քաղաքապետարանի «Օգնի՛ր դպրոցիդ» ծրագիրը` «Ղարաբաղ-Թելեքոմ»ի ընդհանուր տնօրէնը պատրաստակամութիւն յայտնած է օժանդակելու ծրագիրի իրականացման: