Ս. Յարութեան Տօնը` Ս. Եղիա – Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Աթոռանիստ Եկեղեցւոյ Մէջ
Յիսուս Քրիստոսի հրաշափառ յարութեան տօնին առիթով կիրակի, 8 ապրիլին հայ կաթողիկէ Ս. Եղիա – Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ աթոռանիստ եկեղեցւոյ մէջ մատուցուեցաւ Ս. պատարագ` հանդիսապետութեամբ կաթողիկէ հայոց Ներսէս Պետրոս ԺԹ. պատրիարքին:
Եկեղեցին լեցուցած հաւատացեալներու հոծ բազմութեան ուղղելով իր պատգամը` ամենապատիւ հոգեւոր տէրը վեր առաւ Ս. Զատկուան նշանակութիւնը իւրաքանչիւր քրիստոնեայի կեանքին մէջ:
Ս. պատարագէն ետք հոգեւոր տէրը շնորհաւորութիւններ ընդունեց եկեղեցւոյ սրահին մէջ, իսկ այնուհետեւ` Հայ կաթողիկէ պատրիարքարանին մէջ:
CATEGORIES Գաղութային

