«Յարութեան Հաւատքը Յաւիտենական Արժէքներու Հաւատք Է» Հաստատեց Գեղամ Արք. Խաչերեան

Յիսուս Քրիստոսի հրաշափառ յարութեան տօնին առիթով կիրակի, 8 ապրիլին մատուցուեցաւ Ս. եւ անմահ պատարագ` Ս. Նշան Մայր եկեղեցւոյ մէջ: Պատարագեց եւ քարոզեց Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեան: «Քրիստոս յարեաւ ի մեռելոց աւետիսը եկեղեցւոյ կեանքին մէջ ամէնէն ուրախ եւ անժամանցելի հոգեկան հրճուանքն է, որ Քրիստոսի աշակերտները իմացան, տեսան եւ այնուհետեւ այս ուրախութիւնը արձագանգէ արձագանգ եկեղեցւոյ պատմութեան մէջ դարերու ընթացքին ծաւալեցաւ ու կը ծաւալի», այսպէս սկսաւ առաջնորդ սրբազանը իր պատգամը` ուղղուած հաւատացեալ ժողովուրդին: Ան նկատել տուաւ, որ ուրախութեան այս զգացումին վրայ պէտք է կանգ առնել, որովհետեւ անմահութեան եւ վերակենդանացման պահն է: «Առաքեալները իրենց բոլոր քարոզութիւնները հիմնեցին յարութեան վրայ», շեշտեց սրբազանը` բացատրելով, որ յարութեան գաղափարը քարոզութեան եւ քրիստոնէական հաւատքին հիմքն է:

Շարունակելով իր պատգամը` սրբազանը հաստատեց, որ Քրիստոսի բոլոր խօսակցութիւնները եղան յաւիտենական կեանքին համար: «Յարութեան հաւատքը յաւիտենական արժէքներու հաւատք է», շեշտեց առաջնորդ սրբազանը` աւելցնելով, որ այս տարի «Հայ գիրքի տարի» է, որ կը նշանակէ մեր ժողովուրդի պատմութեան արժէքներու գանձարանը: Ան նկատել տուաւ, որ հայ ժողովուրդի արժանիքներէն մէկը այն է, որ գաղթականութեան եւ տեղահանութեան ընթացքին ան իր ունեցած հարստութենէն իրեն հետ գիրք տարաւ միայն: «Յարութեան հաւատքը այն է, որ մենք այնպիսի ձեւով ապրինք, որ մեզի օգնէ հասնելու դէպի յաւիտենականութիւն: Մենք պէտք է գիտնանք կարեւորը տարբերել անկարեւորէն, նիւթականը զանազանել հոգեւորէն եւ պէտք է գիտակցինք կարեւորին, որպէսզի մեր կեանքը մնայուն արժէքներով լեցուն ըլլայ», եզրափակեց սրբազանը:

 

 

Share this Article
CATEGORIES