«Քրիստոսի Յարութիւնը Կեանքին Յաղթանակն Է Մահուան Դէմ» Ընդգծեց Արամ Ա. Կաթողիկոս

Այսպէս բնորոշեց Արամ Ա. կաթողիկոս Քրիստոսի յարութեան դէպքը: Ապա ան ըսաւ. «Քրիստոնէական հաւատքը իր իմաստը, ուժը եւ նպատակը պիտի կորսնցնէր, եթէ Քրիստոս յարութիւն առած չըլլար: Յարութիւնն է աղբիւրը քրիստոնէական հաւատքին, յարութիւնն է աղբիւրը Քրիստոսով վերանորոգուած կեանքին. յարութիւնը չարին վրայ տարուած յաղթանակ է»: Շարունակելով իր խօսքը` վեհափառը ըսաւ, որ «յարութեամբ վերանորոգուած կեանքը պէտք է դառնայ աղբիւրը եւ ուղեցոյցը քրիստոնեայ մարդու կեանքին: Այդ կեանքը ճշմարտութիւններով ու արժէքներով շաղախուած կեանք է. այդ կեանքը Աստուծոյ ներկայութեամբ իմաստաւորուած կեանք է: Քրիստոսի յարութիւնը հրաւէր մըն է` ուղղուած իւրաքանչիւր քրիստոնեային իր կեանքը վերանորոգելու յարուցեալ Քրիստոսով»:

Ապա Արամ Ա. կաթողիկոս անդրադառնալով արաբական աշխարհին մէջ տեղի ունեցող վերիվայրումներուն ըսաւ. «Մենք պիտի ուզենք, որ արաբական աշխարհին մէջ իրապէս «գարուն»-ը տիրէ, գարնան բերած գեղեցկութեամբ, կենսունակութեամբ ու կեանքով վերանորոգուի արաբական աշխարհը: Մենք պիտի ուզենք որ արդարութիւնը, գոյակցութիւնը, խաղաղութիւնը, մարդկային իրաւունքներու ամբողջական ճանաչումը, փոխադարձ հասկացողութիւնը դառնան «Արաբական գարնան» գեղեցիկ ծաղիկները: Մենք պիտի ուզենք, որ բռնութիւնը, պատերազմը, արիւնը, արտագաղթը ամբողջութեամբ հեռանան արաբական աշխարհէն: Ահա այս է, որ կը սպասենք եւ այս բոլորին իրագործման համար մենք պէտք է աշխատինք, քրիստոնեայ ու իսլամ միասնաբար, որովհետեւ Միջին Արեւելքը մեր բոլորին կը պատկանի. բոլորս ալ հաւասարապէս պարտաւորութիւններ ու իրաւունքներ ունինք: Քրիստոնեաները եկուոր չեն. անոնց պատմութիւնը սերտօրէն շաղախուած է շրջանի պատմութեան հետ: Մեր պահանջն է, որ բարեկարգումի ու վերակազմակերպումի ընթացքին մէջ գտնուող արաբական երկիրներուն մէջ ամբողջութեամբ յարգուին քրիստոնեայ համայնքներուն իրաւունքները ոչ զգացական, մակերեսային ու ժամանակաւոր մօտեցումներով, այլ` սահմանադրութեամբ ճշդուած ու ապահովուած ազդու միջոցներով», շեշտեց վեհափառը:

Զատկուան իր պատգամին վերջին բաժինին մէջ Արամ Ա. կաթողիկոս անդրադարձաւ Լիբանանի ներքին կացութեան ու ըսաւ. «Կ՛ողջունենք Լիբանանի մէջ տիրող ապահովութիւնը. սակայն կը սպասենք աւելին: Կը սպասենք, որ ներկայ կառավարութիւնը աւելի կազմակերպ ու ներդաշնակ աշխատանքով հասնի ժողովուրդի կարիքներուն: Անընդունելի է, որ Լիբանանի ժողովուրդը աւելի քան երեսուն տարիներէ ի վեր զրկուած մնայ ելեկտրականութենէ եւ ամէնօրեայ կեանքին հետ կապ ունեցող հիմնական կարիքներէն: Կառավարութենէն ժողովուրդը իր առօրեայ կեանքին ու տնտեսութեան բարելաւումը կը պահանջէ. այլապէս ի՞նչ է կառավարութեան նպատակը: Նաեւ կը սպասենք, որ ազգային ներքին համերաշխութիւնը աւելի արմատանայ երկխօսութեան հանդիպումներու վերսկսումով», ըսաւ Արամ Ա. կաթողիկոս:

Երկուշաբթի` Մեռելոցի օրը, վեհափառին նախագահութեամբ հոգեհանգիստ տեղի ունեցաւ հայ ժողովուրդի բոլոր ննջեցեալներուն հոգիներուն եւ յատկապէս ղարաբաղեան ազատագրական պայքարին ընթացքին նահատակուած Մարաղայի զոհերուն համար` անոնց նահատակութեան 20-ամեակին առիթով :

 

Share this Article
CATEGORIES