Անանի Ծրագիրին Ճշդած Ժամկէտը Այսօր Կ՛Աւարտի. Թուրքիա – Սուրիա Սահմանին Վրայ Վտանգաւոր Դէպք
Թուրքիոյ սահմանակից սուրիական Ազազ քաղաքին մէջ տեղակայուած սուրիական բանակի զինուորականներու կողմէ արձակուած փամփուշտներու պատճառով Քիլիսի մէջ տեղակայուած սուրիացի գաղթականներու ճամբարին մէջ երկու զոհ եւ 21 վիրաւորներ արձանագրուեցան: Վիրաւորներուն շարքին են թուրք ոստիկան մը եւ թարգման մը:
Անգարայի մէջ Սուրիոյ դեսպանը Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւն կանչուեցաւ: Թրքական լրատուամիջոցներ կը հաղորդեն, որ հանդիպումին ընթացքին Թուրքիոյ արտաքին գործոց փոխնախարար Ֆերիտուն Սինիրլիօղլու սուրիական կողմը զգուշացուցած է սահմանամերձ շրջաններուն մէջ բախումները շարունակելէ:
Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Նաճի Քարուն յայտնեց, որ նախարարութիւնը Սուրիոյ կոչ ուղղած է անյապաղ դադրեցնելու թրքական սահմանին մօտ կրակոցները: Ան յայտարարեց, որ արդէն ակնյայտ է, որ ՄԱԿ-ի եւ Արաբական լիկայի Սուրիոյ հարցով յատուկ պատուիրակ Քոֆի Անանի վեց կէտերէ բաղկացած «Սուրիոյ խաղաղութեան ծրագիրը» պիտի չգործադրուի:
«10 ապրիլին նախատեսուած ժամկէտը շուտով պիտի աւարտի: Կը կարծեմ, որ Քոֆի Անանը վաղը (այսօր) պիտի խօսի սուրիական կողմին հետ: Վաղուընէ սկսեալ այս հարցին մէջ նոր փուլ պիտի սկսի», նշեց ան:
Քարուն յայտնեց, որ թրքական կողմը կը քննէ, թէ կրակոցը պատահակա՞ն եղած է, թէ՞ միտումնաւոր:
Թուրքիոյ նախագահի աւագ խորհրդական Արշատ Հիւրմիւզլիւ լիբանանեան «Մուսթաքպալ» պատկերասփիւռի կայանին հետ զրոյցի մը ընթացքին անդրադառնալով թրքական հողամասերուն ուղղութեամբ արձակուած կրակոցին շեշտեց, որ «սուրիական վարչակազմը պէտք է գիտնայ, թէ ի՛նչ կը նշանակէ ծանր հետեւանք, եւ նմանօրինակ որեւէ դէպք ուժեղ եւ խիստ հակազդեցութեան պիտի արժանանայ»` նշելով, որ «Պոլսոյ հանդիպումին ընթացքին բոլոր ընտրանքները արծարծուեցան»:
Սուրիական ազատ բանակի հրամանատար Ռիատ Ասաատ Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանին կոչ ուղղեց` Հիւսիսային Սուրիոյ մէջ ապահովական գօտիի ստեղծումը յայտարարելու:
Անան այսօր քանի մը ժամուան համար Սուրիոյ հետ Թուրքիոյ սահման պիտի մեկնի, այդտեղ ապաստանած սուրիացի գաղթականներուն այցելելու համար, իսկ վաղը կը մեկնի Թեհրան, ուր իրանցի պաշտօնատարներու հետ պիտի քննարկէ Սուրիոյ տագնապը:
Մինչ այդ, սուրիական ընդդիմութիւնը մերժեց սուրիական կառավարութեան պահանջած զինադադարի հաստատման եւ զէնքերու յանձնման գրաւոր երաշխիք տալ` նշելով, որ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատ այդ պայմաններով կը փորձէ Անանի ծրագիրը տապալել:
Թրքական «Աքշամ» օրաթերթը երէկ հաղորդեց, որ Անանի ծրագիրի տապալման պարագային Անգարա կը պատրաստուի Փարիզի մէջ տեղի ունենալիք «Սուրիոյ բարեկամներ»-ու 3-րդ խորհրդաժողովին ընթացքին ներկայացնել 5 կէտերէ բաղկացած ծրագիր մը, որուն առաջին կէտով կը նախատեսուի ուժեղացնել Սուրիոյ ազգային խորհուրդը` զայն ճանչնալով իբրեւ սուրիացի ժողովուրդի միակ օրինական ներկայացուցիչը: Պիտի քննարկուի նաեւ ընդդիմութիւնը զինելու հաւանականութիւնը:
Սուրիոյ ազգային խորհուրդը պիտի ստանայ Սուրիա առաքուող միջազգային օգնութիւնը տնօրինելու իրաւունք: Ասատ ընտանիքին պատկանող եւ արտերկրի մէջ գտնուող գոյքն ու դրամական միջոցները նոյնպէս պիտի դրուին խորհուրդի տնօրինման տակ: Դէպի Սուրիա բոլոր թռիչքները պիտի դադրին եւ բոլոր երկիրներու դեսպանատուները պիտի փակուին:
Մինչ Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարար Ուալիտ Մոալլեմ երէկ Մոսկուա կ՛այցելէր, Ռուսիոյ արտաքին գործոց փոխնախարար Կենատի Կաթիլով յայտնեց, որ Մոսկուա բռնարարքները դադրեցնելու եւ ընդդիմութեան հետ բանակցութիւններու սկսելու համար Դամասկոսի մօտ աշխատանք կը տանի: Ան նշեց, որ «Սուրիոյ արտաքին լուծումներ պարտադրելու փորձերը միայն լարուածութեան մագլցումի պիտի առաջնորդեն: Պէտք է ատիկա Սուրիոյ գերիշխանութեան յարգումին վրայ հիմնուած ըլլայ, իսկ բռնարարքները անպայման պէտք է դադրին»:
Չինաստան իր կարգին Սուրիոյ կոչ ուղղեց` Անանի ծրագիրին շուրջ գոյացած համաձայնութեան յանձնառու մնալու, սակայն Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Ժիհատ Մաքտիսի յայտնեց, որ 10 ապրիլին սուրիական ուժերը քաղաքներէն հեռացնելու մասին խօսքերը, սխալ բացատրութիւն են, եւ բանակը առանց ընդդիմութեան գրաւոր երաշխիքներուն քաղաքներէն պիտի չհեռանայ:


