Պարազանի Կը Սպառնայ Հիւսիսային Իրաքի Մէջ Քրտական Անկախ Պետութեան Շուրջ Հանրաքուէ Կատարել

Մասուտ Պարազանի

Հիւսիսային Իրաքի քրտական ինքնավար շրջանի ղեկավար Մասուտ Պարազանի Միացեալ Նահանգներ իր այցելութեան ընթացքին սպառնաց Հիւսիսային Իրաքի մէջ քրտական անկախ պետութեան շուրջ հանրաքուէ կատարել, ինչպէս նաեւ Իրաքի վարչապետ Նուրի Մալիքին ամբաստանեց բռնատիրութեան յանցանքով եւ սպառնաց անոր կառավարութենէն վստահութիւնը յետս կոչել:

Պարազանի յայտարարեց, որ «Իրաք դէպի աղէտ, դէպի բռնատիրութիւն եւ պետութեան բոլոր կառոյցներուն մէջ իշխանութեան սեփականացում կ՛ուղղուի»: Ան ըսաւ, որ այն ինչ որ ներկայիս տեղի կ՛ունենայ «բոլորը լուսանցքայնացնել է, կարծէք Իրաքի մէջ նոր վարչակարգը մէկ անձի ձեռամբ տապալած է, իսկ մնացեալները նոր ղեկավարի շնորհներէն կ՛ապրին»:

«Երբ Քիւրտիստան վերադառնամ, Իրաքի բոլոր ղեկավարները ժողովի պիտի հրաւիրեմ կացութիւնը պատասխանատու կերպով քննարկելու համար», ըսաւ ան` աւելցնելով, որ «կա՛մ արմատական լուծումներ, կա՛մ իւրաքանչիւրը իր ուղին գիտէ: Հանդիպումը պէտք է լուրջ եւ վճռորոշ ըլլայ, իսկ եթէ չընդառաջեն, ապա այլ խօսք կ՛ըլլայ»:

Share this Article
CATEGORIES