Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ՆԱԽԿԻՆ վարչապետ Սաատ Հարիրի երէկ հեռաձայնային հաղորդակցութիւններ ունեցաւ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյմանի, Փաղանգաւոր կուսակցութեան ղեկավար Ամին Ժեմայէլի, Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահի եւ լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժիի, ինչպէս նաեւ քաղաքական այլ անձնաւորութիւններու եւ հոգեւորականներու հետ` շնորհաւորելով զանոնք Ս. Զատկուան տօնին առիթով:

ՏԻՒՐԶԻ համայնքի հոգեւոր պետ շէյխ Նայիմ Հասան լիբանանցիները եւ յատկապէս քրիստոնեաները շնորհաւորեց Ս. Զատկուան տօնին առիթով: Ան կոչ ուղղեց որդեգրելու փոխըմբռնումի, երկխօսութեան եւ լիբանանեան պետութիւնը ամրապնդելու ուղին:

ԸՆԿԵՐՎԱՐ յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ շեշտեց, որ սուրիացի ժողովուրդին նեցուկ կանգնիլ չի նշանակեր լիբանանեան առումով ներքին դաշինքները փոփոխութեան ենթարկել: Ան շեշտեց, որ ինք կը զօրակցի Հըզպալլայի զէնքին, որ ուղղուած է Իսրայէլի եւ ոչ թէ լիբանանցիներուն դէմ:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ժողովրդավարական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Թալալ Արսլան յայտնեց, որ Սուրիոյ մէջ երկխօսութիւնը պատմական առիթ է վերջ տալու համար արիւնահեղութեան: Խալտէի իր բնակարանին մէջ ժողովրդային պատուիրակութեան մը հետ իր ունեցած հանդիպումին ընթացքին Արսլան շեշտեց, որ քրիստոնէութիւնը արեւելեան մշակոյթներուն սիւներէն է:

ՓԱՂԱՆԳԱՒՈՐ կուսակցութեան ղեկավար Ամին Ժեմայէլ յայտնեց, որ ներքին լիբանանեան կայունութիւնը վտանգելու առումով ո՛չ Հըզպալլա եւ ո՛չ ալ ընդդիմադիր քաղաքական ուժերը շահեր կրնան ունենալ:

ԱՌՈՂՋԱՊԱՀՈՒԹԵԱՆ նախարար Ալի Հասան Խալիլ շեշտեց, որ Լիբանանի զօրութիւնը կը գտնուի իր զաւակներուն միասնականութեան մէջ:

ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի անդամ Նաուաֆ Մուսաուի շեշտեց, որ Իրաքի մէջ Դիմադրութեան արձանագրած յաղթանակը բանալի մըն է, որուն միջոցով կարելի է ըմբռնել Սուրիոյ մէջ արձանագրուած իրադարձութիւններուն գաղտնիքը:

ՀԸԶՊԱԼԼԱՅԻ գործադիր խորհուրդի փոխնախագահ շէյխ Նապիլ Քաուք յայտնեց, որ իրենք Լիբանանի կառավարութեան կը զօրակցին` յանձնառու մնալու համար երկրին ապահովական կայունութեան եւ ոչ թէ այն իրականութեան համար, որ իրենք գոհ են կառավարութեան ընթացքէն:

ՔՈՒԷՅԹԵԱՆ «Ռայ» օրաթերթին համաձայն, հանրապետութեան միւֆթի շէյխ Մոհամետ Ռաշիտ Քապպանիի կողմէ կատարուած այն յայտարարութիւնը, թէ Սուրիոյ մէջ քաղաքայիններուն դէմ սպանդներ կը գործուին, փորձ մըն է` սիրաշահելու սիւննի համայնքը:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան երեսփոխան Ժոզեֆ Մաալուֆ յայտնեց, որ ինք համաձայն է Լիբանան ժամանող սուրիացի գաղթականներուն համար գաղթակայաններ կառուցելու. ան նկատել տուաւ, որ այդ գաղթականներուն թիւը հետզհետէ կը բարձրանայ:

ԱՐԴԱՐՈՒԹԵԱՆ նախարար Շաքիպ Քըրթպաուի «Նահար» օրաթերթին հետ իր ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին յայտնեց, որ Դատական իշխանութիւններու գերագոյն խորհուրդի նախագահութեան առումով ինք թեկնածուի մը անունը առաջարկած է, սակայն վարչապետ Նեժիպ Միքաթի այդ մասին ակնարկութիւն չէ կատարած կառավարութեան նիստին ընթացքին:

«ԺՈՒՄՀՈՒՐԻԱ» օրաթերթին համաձայն, 2013-ի երեսփոխանական ընտրութիւնները եւ ընտրական դաշինքները տարբեր ձեւով դուրս պիտի գան:

ՊԱՂԵՍՏԻՆԵԱՆ աղբիւրներ «Սաֆիր» օրաթերթին յայտնեցին, որ սալաֆականութիւնը առկայ է Սուրի գաղթակայաններուն մէջ եւ անիկա կը ներկայացուի բարեսիրական միութիւններով:

ՏՆՏԵՍՈՒԹԵԱՆ եւ առեւտուրի նախարար Նիքոլա Նահհաս շեշտեց, որ վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի եւ Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթի միջեւ յարաբերութիւնը մնայուն կերպով եղած է փոխըմբռնումի յարաբերութիւն:

 

 

Share this Article
CATEGORIES