Սինիորա. «Ֆայեզ Քարամի Բանտէն Ազատ Արձակման Մասին Սէյիտ Նասրալլայի Լռութիւնը Զարմանալի Է»
Նախկին վարչապետ, երեսփոխան Ֆուատ Սինիորա զարմանք յայտնեց, որ Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլա լուռ մնացած է Իսրայէլի գործակալ, Ազգային ազատ հոսանքի պատասխանտու Ֆայեզ Քարամի բանտէն ազատ արձակումին առումով:
Սինիորա շեշտեց, որ սէյիտ Նասրալլա մնայուն կերպով մահապատիժ կը պահանջէ գործակալներուն դէմ, սակայն այս պարագային անոր լուռ մնալը շատ զարմանալի է:
Միւս կողմէ, Սինիորա անդրադարձաւ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահի դէմ գործուած մահափորձին` ընդգծելով, որ այդ արարքը խիստ դատապարտելի է, եւ այդ մասին լիբանանեան ապահովական ու դատական իշխանութիւնները պէտք է ամէն ջանք ի գործ դնեն` բացայայտելու համար այդ միջադէպին ծալքերը եւ ձերբակալելու ու պատժելու համար յանցագործները:
CATEGORIES Լիբանանեան

