Լիբանանեան Ուժեր Կուսակցութիւնը Կը Քննադատէ Ժահժահի Դէմ Մահափորձը Իր Վտանգէն Պարպելու Փորձերը

Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան տեղեկատու գրասենեակը երէկ հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ կուսակցութիւնը ցաւ յայտնեց, որ կարգ մը քաղաքական ուժեր եւ լրատուամիջոցներ

Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահի դէմ գործուած  մահափորձը կը փորձեն իր վտանգէն պարպել ու անոր նկատմամբ անհեթեթ վարուելակերպ ցուցաբերել, եւ պահանջեց անմիջապէս ձերբակալել յանցագործները:

Այս շրջագիծին մէջ, հաղորդագրութեան մէջ նշուեցաւ, որ Լիբանանեան ուժերը իրենց կարողութիւնները կը դնեն դատական իշխանութիւններուն եւ լիբանանեան ապահովական կառոյցներուն տրամադրութեան տակ:

Ժահժահի դէմ գործուած մահափորձին մասին բացուած հետաքննութեան առումով, ներքին գործոց նախարար Մարուան Շարպել յայտնեց, որ ցարդ ոչ մէկ արդիւնք կարելի եղած է արձանագրել այդ մահափորձին գծով բացուած հետաքննութեան առումով:

Միւս կողմէ, Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահի դէմ գործուած մահափորձին մասին հակազդեցութեան ալիքը շարունակուեցաւ բարձրանալ: Այս ծիրին մէջ, երեսփոխան Ֆարիտ Հապիպ քուէյթեան «Սիասա» օրաթերթին հետ իր ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին սուրիական վարչակարգը եւ Լիբանանի մէջ անոր դաշնակիցները ամբաստանեց Ժահժահի դէմ մահափորձը գործելու յանցանքով:

Ազգային ազատականներու կուսակցութեան նախագահ, երեսփոխան Տորի Շամուն շեշտեց, որ Ժահժահը զգետնելու փորձին նպատակն է տկարացնել քրիստոնեայ համայնքը, եւ այդ մէկը Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աունի փափաքն է:

Իր կարգին, Փաղանգաւոր կուսակցութեան երեսփոխան Ֆատի Հապըր յայտնեց, որ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահի դէմ գործուած  մահափորձը միջազգային մակարդակով կատարուած արարք մըն է:

Ժամաա Իսլամիէի երեսփոխան Իմատ Հութ յայտնեց, որ սուրիական վարչակարգին մատնահետքերը դրոշմուած են Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահի դէմ գործուած մահափորձին վրայ:

«Լիուա» օրաթերթին համաձայն, Ժահժահի դէմ գործուած մահափորձին ընթացքին օգտագործուած են արձակազինային ռուսական թեքնիքներ:

«Ախպար» օրաթերթին համաձայն, Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահի դէմ գործուած  մահափորձին շուրջ հետաքննութիւնները ամբողջական ձեւով չեն գործադրուիր:

Share this Article
CATEGORIES