Վարչապետ Միքաթի Ընդունեց Ժոմպլաթը

Վարչապետ Նեժիպ Միքաթի քուէյթեան «Անպա» օրաթերթին հետ իր ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին յայտնեց, որ ինք մօտիկ ապագային պիտի այցելէ Քուէյթ եւ արաբական կարգ մը երկիրներ:

Միւս կողմէ, «Հայաթ» օրաթերթին համաձայն, վարչապետ Միքաթի, նախքան իր ընտանիքին հետ Լոնտոն մեկնիլը, հանդիպում մը ունեցած է Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթի հետ եւ քննարկած Լիբանանի կառավարութեան աշխատանքին թափը արգելակող խոչընդոտները:

Վարչապետին մօտիկ աղբիւրներ յայտնեցին, որ ան Ժոմպլաթի հետ երբեք տարակարծութիւններու եւ բանավէճի մէջ չ՛ուզեր մտնել:

Ընտրական օրէնքին առումով, վարչապետ Միքաթի նշեց, որ ինք ամբողջովին համաձայն չէ ներքին գործոց նախարար Մարուան Շարպելի մշակած ընտրական օրէնքին վաւերացումին:

Share this Article
CATEGORIES