Իտալիոյ Վարչապետ Մարիօ Մոնթի Այցելեց Լիբանան

Մոնթիին ի պատիւ պաշտօնական դիմաւորում` վարչապետարանին մէջ

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման շաբաթավերջին նախագահական պալատին մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Իտալիոյ վարչապետ Մարիօ Մոնթիի հետ, որ պաշտօնական այցելութեամբ մը ժամանած էր Լիբանան:

Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան երկկողմանի յարաբերութիւնները, ինչպէս նաեւ փոխադարձ գործակցութեան հեռանկարները:

Հանդիպումէն ետք Մոնթի յայտնեց Իտալիոյ մնայուն զօրակցութիւնը Լիբանանի նկատմամբ եւ կարեւորութեամբ շեշտեց երկու երկիրներուն միջեւ տնտեսական, առեւտրական եւ ներդրումային յարաբերութիւններուն բարելաւման անհրաժեշտութիւնը:

Իր կարգին, նախագահ Սլէյման շնորհակալութիւն յայտնեց Իտալիոյ, յատկապէս հարաւային Լիբանանի մէջ տեղակայուած իտալական ջոկատին գործունէութեան, ինչպէս նաեւ Լիբանանի նկատմամբ Իտալիոյ ցուցաբերած զօրակցութեան առումով:

Վարչապետ Նեժիպ Միքաթի վարչապետարանին մէջ ընդունեց իտալացի իր պաշտօնակիցը, որուն հետ քննարկեց երկկողմանի յարաբերութիւններն ու գործակցութիւնը:

Վարչապետ Միքաթի շեշտեց, որ հարաւային Լիբանանի մէջ տեղակայուած ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերուն առաքելութեան ստանձնումին առումով Իտալիոյ մասնակցութիւնը պատմական է: Ան աւելցուց, որ շրջանին հարցը կարելի կ՛ըլլայ լուծել պաղեստինեան հարցին լուծումով:

Վարչապետ Միքաթի շնորհակալութիւն յայտնեց Մոնթիի` Լիբանանի նկատմամբ Իտալիոյ ցուցաբերած զօրակցութեան համար:

Իր կարգին, Մոնթի շեշտեց, որ Լիբանան յաջողած է ազգային միասնականութեան օրինակելի տիպարը ներկայանալ, ինչպէս նաեւ դրուատեց Սուրիոյ տագնապին նկատմամբ Լիբանանի որդեգրած չէզոք մնալու քաղաքականութիւնը:

Մոնթի հաստատեց, որ Իտալիա յանձնառու կը մնայ լիբանանեան ազգային միասնականութեան եւ գերիշխանութեան, ինչպէս նաեւ երկրին խաղաղութեան:

Նշենք, որ Մոնթի այցելեց նաեւ հարաւային Լիբանան, ուր ստուգեց իտալական ջոկատն ու անոր դիրքերը:

Իտալիոյ վարչապետը հարաւի մէջ ընդունուեցաւ ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերու ընդհանուր հրամանատար զօր. Փաուլօ Սիերայի կողմէ:

Հարաւային Լիբանանի Շամահ գիւղաքաղաքին մէջ Մոնթի իմացաւ ՖԻՆԻՒԼ-ի կողմէ Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1701 բանաձեւի գործադրութեան մանրամասնութիւններուն մասին:

 

Share this Article
CATEGORIES