Ալի Շաապան Կը Զոհուի Իր Պարտականութեան Ճամբուն Վրայ

Լիբանանի տեղեկատուական մարզին եւ յատկապէս «Ժատիտ» պատկերասփիւռի կայանի անձնակազմին համար 9 ապրիլը վերածուեցաւ սուգի օրուան` կայանին քամերամեններէն Ալի Շաապանի սպանութեան պատճառով:

Ալի Շաապան, իր 29 տարեկան հասակին, սպաննուեցաւ, երբ ան «Ժատիտ»-ի լրագրողին ու այլ քամերամենի մը հետ ուղղուեցաւ Հիւսիսային Լիբանան-Սուրիա սահմանամերձ Ուատի Խալետ շրջանը` նկարահանելու համար սահմանային իրադարձութիւններն ու ապահովական միջադէպերը, որոնց մասին աղօտ լուրեր կը հասնէին Պէյրութ:

Նահատակ քամերամենը իր պաշտօնակիցին` Ապըտ Խայեաթի եւ լրագրող Հիւսէյն Խրէյսի հետ ուղղուեցաւ այդ շրջանը եւ մնալով լիբանանեան հողերու վրայ նկարահանումը կատարեց, սակայն ան մետասաներորդ պահուն իր սրտէն ստացաւ արձակազէնի մը փամփուշտը:

Հիւսէյն Խրէյս եւ Ապըտ Խայեաթ, որոնք ականատես էին իրենց գործընկերոջ սպանութեան, պատմեցին, որ իրենց գտնուած շրջանէն կրցած են խօսիլ սուրիական բանակին հետ, որ իրենցմէ խնդրած է անմիջապէս հեռանալ այդ վայրէն, սակայն հեռանալու պահուն նոյն կողմէն կրակ բացուած է իրենց ուղղութեամբ եւ սպաննելէ ետք Ալի Շաապանը, կրակոցներուն պատճառով գրեթէ քանդուած է իրենց օգտագործած ինքնաշարժը:

Հիւսէյն Խրէյս եւ Ապըտ Խայեաթ ոչ մէկ ձեւով կրցած են օժանդակել իրենց գործընկերոջ եւ ժամերով սողացած են` օժանդակութիւն պահանջելու համար:

Հիւսէյն Խրէյս ընդգծեց, որ այդ շրջանը կը գտնուի լիբանանեան սահմաններուն մէջ ու հոն մարդիկ կը բնակին, եւ ոչ մէկը զգուշացուցած է զիրենք հաւանական վտանգէ մը:

Ժամեր ետք Ալի Շաապանի դիակը կրցած են փոխադրել Քըպէյեաթի «Սալամ» հիւանդանոցը:

«Ժատիտ» պատկերասփիւռի կայանը գուժեց իր պաշտօնեաներէն Ալի Շաապանի նահատակութիւնը:

Ընդհանուր դատախազ Սայիտ Միրզա դատաւոր Թարեք Պիթարին յանձնեց այս դէպքին մասին բացուած հետաքննութեան հետեւելու պատասխանատուութիւնը:

«Ժատիտ»-ի սեփականատէր Թահսին Խայեաթ ցաւակցական հեռաձայնային հաղորդակցութիւններ ստացաւ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյմանէն, որ խստիւ դատապարտեց լրագրողներուն դէմ կրակ բանալու արարքը:

Նախագահ Սլէյման հեռաձայնային հաղորդակցութիւններ ունեցաւ նաեւ արդարութեան նախարար Շաքիպ Քըրթպաուիի ու Լիբանանեան-սուրիական գերագոյն խորհուրդի ընդհանուր քարտուղար Նասրի Խուրիի հետ եւ պահանջեց բացայայտել դէպքին դրդապատճառները: Ան պահանջեց նաեւ, որ սուրիական կողմը հետաքննութիւն բանայ, որպէսզի ճշդուին պատասխանատուութիւնները եւ կարելի ըլլայ ապագային կանխարգիլել նման դէպքերու կրկնութիւնը:

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի իր կարգին ցաւակցութիւն յայտնեց Ալի Շաապանի ընտանիքին եւ «Ժատիտ» պատկերասփիւռի կայանին:

Վարչապետ Նեժիպ Միքաթի խստիւ դատապարտեց լիբանանցի լրագրողներուն դէմ գործուած այս քստմնելի արարքը` շեշտելով, որ «Ժատիտ» պատկերասփիւռի կայանին անձնակազմը իր պարտականութիւնը կը կատարէր:

Միքաթի շեշտեց, որ բանակէն պահանջուած է հետաքննութիւն բանալ այս դէպքին մասին եւ պատժել յանցագործները:

Ան ցաւակցութիւն յայտնեց Ալի Շաապանի ընտանիքին եւ հարազատներուն, ինչպէս նաեւ «Ժատիտ» պատկերասփիւռի կայանի բոլոր պատասխանատուներուն եւ անձնակազմին:

Նախկին վարչապետներ Սաատ Հարիրի, Ֆուատ Սինիորա եւ Օմար Քարամէ իրենց կարգին դատապարտեցին այդ անարգ ոճիրը:

Տեղեկատուութեան նախարար Ուալիտ Տաուք «Ժատիտ» պատկերասփիւռի կայանի լրագրողներուն եւ քամերամեններուն դէմ գործուած այս արարքը որակեց անարգ ոճիր եւ ընդգծեց մամլոյ ազատութիւնը յարգելու կարեւորութիւնը:

Խմբագիրներու սենտիքան հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ խստիւ դատապարտեց Ալի Շաապանի նահատակութիւնը:

Հաղորդագրութիւնը պահանջեց յարգել լրագրողները, անոնց աշխատանքն ու պարտականութիւնը եւ երբեք վնաս չհասցնել անոնց, որովհետեւ լրագրողները ճշմարտութեան ծառայող զինուորներ են:

Փաղանգաւոր կուսակցութեան ղեկավար Ամին Ժեմայէլ դատապարտեց Ալի Շաապանի սպանութիւնը եւ «Ժատիտ» պատկերասփիւռի կայանի անձնակազմին դէմ գործուած զինեալ յարձակումը` Լիբանանի կառավարութենէն պահանջելով պաշտպանել երկրին սահմանները:

Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ դատապարտեց այս արարքը եւ պահանջեց յարգել ու պաշտպանել մամլոյ ազատութիւնը:

Հըզպալլայի տեղեկատու գրասենեակը հաղորդագրութեամբ մը գուժեց Ալի Շաապանի մահը եւ դատապարտեց այդ արարքը` ցաւակցութիւն յայտնելով «Ժատիտ»-ի անձնակազմին եւ Շաապանի ընտանիքին:

Նշենք, որ սուրիական ՍԱՆԱ պաշտօնական լրատու գործակալութիւնը շեշտեց, որ «Ժատիտ» պատկերասփիւռի կայանին անձնակազմը ենթարկուած է սահմանային շրջաններուն վրայ գտնուող զինեալ խմբաւորումներուն կրակոցին, որոնք նաեւ կրակ բացած են սուրիական սահմանապահ ուժերուն ուղղութեամբ:

Իր պարտականութեան ճամբուն վրայ նահատակուած լրագրութեան զինուոր Ալի Շաապանի դիակը այսօր կը յանձնուի հողին:

ԽԱՅԵԱԹ ԽՍՏԻՒ ԿԸ ԴԱՏԱՊԱՐՏԷ ԱՐԱՐՔԸ

«Ժատիտ» պատկերասփիւռի կայանի սեփականատէր Թահսին Խայեաթ որ կսկիծով գուժեց Ալի Շաապանի մահը եւ շեշտեց, որ նահատակ Ալի Շաապանի դէմ յարձակումը ամբողջ Լիբանանի դէմ յարձակում է` սուրիական բանակին կողմէ գործուած:

Խայեաթ շեշտեց, որ «Ժատիտ»-ի անձնակազմին դէմ յարձակումը դիտմամբ կատարուած է եւ ոչ պատահաբար: «Փամփուշտներուն թիւը կը փաստէ, թէ մեր լրագրողները ուղղակի կերպով թիրախ դարձած են սուրիական բանակին կողմէ», ըսաւ ան:

Խայեաթ նշեց, որ ինք կը բաւարարուի այս դէպքին մասին լիբանանեան հետաքննութեամբ, յատկապէս նկատի ունենալով, որ ականատեսներ եւ վկայութիւններ կան: «Մենք սուրիական հետաքննութեան կարիքը չունինք», ըսաւ ան:

Խայեաթ աւելցուց, որ տարբեր հանգրուաններու ընթացքին «Ժատիտ» կայանը Սուրիոյ իշխանութիւններէն սպառնալիքներ ստացած է, սակայն օր մը օրանց տեղի չէ տուած: «Մենք պիտի մնանք ճշմարտութիւնը հաղորդող լրատուամիջոցը եւ քաջաբար պիտի յայտարարենք ճշմարտութիւնը», եզրափակեց Խայեաթ:

 

 

 

Share this Article
CATEGORIES