Պքերքէի Մէջ Նախագահ Սլէյման Ներկայ Կը Գտնուի Ս. Զատկուան Պատարագին
Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման կիրակի առաւօտեան, ընկերակցութեամբ Առաջին տիկին Ուաֆա Սլէյմանի այցելեց Պքերքէ, ուր ներկայ գտնուեցաւ մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքին նախագահութեամբ մատուցուած Ս. Զատկուան պատարագին:
Իր արտասանած քարոզին մէջ, Ռայի պատրիարքը ողջունեց նախագահ Սլէյմանը եւ շեշտեց, որ իրենք միասնաբար կը գործեն լիբանանցի ժողովուրդին ազգային եւ համայնքային միասնականութեան ի խնդիր` հեռու մնալով կողմնակալութենէ եւ կառչած մնալով չէզոքութեան:
Ռայի պատրիարքը իր քարոզին մէջ ընդգծեց, որ կարելի չէ քաղաքական այս կամ այն ուժը պատժել, լքել կամ ջնջել:
Ան հաստատեց, որ Լիբանան կարիքը ունի իր բոլոր զաւակներուն` զարթօնք մը ապրելու, բարգաւաճելու եւ ապահովական իր կայունութիւնը ամրապնդելու համար:
Իր քարոզին աւարտին, Ռայի պատրիարքը յայտնեց, որ յառաջիկայ 14-16 սեպտեմբեր Պենետիկտոս ԺԶ. պապը պաշտօնական այցելութիւն մը պիտի տայ Լիբանան:
Այնուհետեւ Պքերքէի պատրիարքարանի դահլիճին մէջ նախագահ Սլէյման դռնփակ հանդիպում մը ունեցաւ Ռայի պատրիարքին հետ` քննարկելու համար երկրին իրադարձութիւնները:
Հանդիպումէն ետք նախագահ Սլէյման մաղթեց, որ հանրապետութեան նախագահութիւնը կարենայ կանոնաւորել երկրին պետական հաստատութիւններուն աշխատանքները: Ան աւելցուց, որ երկրին պետական պիւտճէն վաւերացնելու առումով արդէն իսկ բաւական աշխատանք տարուած է:
«Նոյնիսկ եթէ Ռայի պատրիարքին դէմ քննադատութիւն կատարուի, ան է, որ կ՛որոշէ Պքերքէի սկզբունքները», ըսաւ հանրապետութեան նախագահը:
Անդրադառնալով Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահի դէմ գործուած մահափորձին` նախագահ Սլէյման խստիւ դատապարտեց այդ մահափորձը, աւելցնելով, որ իրենք առիթ պիտի չտան Լիբանանի ապահովական կայունութիւնն ու խաղաղութիւնը խախտելու փորձերուն:
Միւս կողմէ, նախագահ Սլէյման շեշտեց, որ Թաէֆի համաձայնագիրին գործադրութեամբ կարելի եղած է Լիբանանի քաղաքական հաւասարակշռութիւնը պահել` աւելցնելով, որ մենք ժողովրդավարական երկրի մէջ կ՛ապրինք:
Ընտրական օրէնքին մասին հարցումի մը պատասխանելով` նախագահ Սլէյման կոչ ուղղեց չվերադառնալու 1960-ի հիման վրայ մշակուած ընտրական օրէնքին:
Նախագահ Սլէյման շեշտեց, որ պետական նշանակումներուն թղթածրարը պիտի շարունակուի քննարկուիլ:
Միւս կողմէ, Պենետիկտոս ԺԶ. պապին Լիբանան այցելութեան մասին նախագահական պալատին կողմէ հրապարակուած հաղորդագրութիւն մը նկատել տուաւ, որ այդ այցելութիւնը առիթ մը պիտի ըլլայ Լիբանանի եւ Վատիկանի միջեւ պատմական յարաբերութիւններու բնոյթը վերահաստատելու, ինչպէս նաեւ ընդգծելու, որ Լիբանան իր համերաշխութեամբ կը գոյատեւէ իբրեւ պատգամ երկիր:


