«Մեր Նախընտրութիւնն Է Փոքր Ընտրաշրջաններու Մէջ Գործադրուող` Համամասնական Դրութեան Հիման Վրայ Ընտրական Օրէնք Մը» Շեշտեց Յ. Բագրատունի
Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի շաբաթավերջին «Սաութ Լուպնան» ձայնասփիւռի կայանին հետ իր ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին նշեց, որ ՀՅ Դաշնակցութեան նախընտրութիւնն է ունենալ համամասնական դրութեան վրայ հիմնուած ընտրական օրէնք մը, որ պիտի գործադրուի փոքր ընտրաշրջաններու մէջ:
Յ. Բագրատունի շեշտեց, որ լիբանանցիներուն հիմնական հարցը այն է, որ չեն կրցած պետութիւն մը հիմնել, այլ` կախեալ մնացած են այս կամ այն պետութեան հրահանգէն: Այս շրջագիծին մէջ ան նշեց, որ ընտրական արդի օրէնք մը մշակելու եւ համամասնական դրութեան վրայ հիմնուած օրէնք մը մէջտեղ բերելու առումով լուրջ վերաբերում չկայ` աւելցնելով, որ ինք համոզուած է, որ կարելի պիտի չըլլայ ընտրական նոր օրէնք մը մշակել:
Յ. Բագրատունի յայտնեց, որ 1960-ի եւ Տոհայի մէջ մշակուած ընտրական օրէնքները նոյնը չեն` ընդգծելով, որ Տոհայի մէջ մշակուած ընտրական օրէնքը հիմնուած է 1960-ի ընտրական օրէնքին վրայ եւ որոշ փոփոխութիւններ կը կրէ:
Անդրադառնալով համամասնական դրութեան վրայ հիմնուած ընտրական օրէնքին` Յ. Բագրատունի ըսաւ, որ այդ օրէնքը հիմնուած է երկրի մը իշխանութեան մէջ բոլոր կողմերուն մասնակցութեան եւ ներկայացուցչութեան սկզբունքին վրայ:
Յ. Բագրատունի նշեց, որ պէտք է պահպանել լիբանանեան համախոհութիւնը, որպէսզի կարելի եղածին չափ հարցերը նուազին:
Պատասխանելով այն հարցումին, որ Դիմադրութեան զէնքը կրնայ նաեւ պատճառ մը ըլլալ ընտրական օրէնքի մը մշակումին հոլովոյթը խոչընդոտելու առումով, Յ. Բագրատունի ըսաւ, որ այդ զէնքը մնայուն կերպով հարցի կը վերածուի, սակայն իրականութեան մէջ այդ զէնքին դէմ մեղադրական բոլոր յայտարարութիւնները կը շարունակուին մինչեւ ընտրութիւններուն աւարտը, եւ յաջորդ օրն իսկ, երբ արդիւնքները յայտարարուին, այդ յայտարարութիւնները վերջ կը գտնեն:
«Եթէ Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերուն եւ Ամալ շարժումին կամ Հըզպալլայի միջեւ ընտրական դաշինք գոյանայ, զէնքին թղթածրարը չի մոռցուի՞ր», հարց տուաւ ան` շեշտելով, որ կարելի չէ վարուիլ այնպէս մը, որ երբ յաղթական ենք` պիտի դրուատենք, իսկ երբ պարտուինք` պիտի քննադատենք:
Յ. Բագրատունի յայտնեց, որ կառավարութիւնը պիտի շարունակէ իր աշխատանքը` աւելցնելով, որ ամէն ջանք ի գործ պիտի դրուի բարելաւել կարենալու համար կառավարական այս կազմին աշխատանքը:
«Եթէ մենք Լիբանանի գերիշխանութեան, անկախութեան եւ ազատութեան մասին պիտի խօսինք, ապա պէտք է ըլլանք ազատ, անկախ եւ գերիշխան անձնաւորութիւններ եւ ոչ թէ այս կամ այն դեսպանին կամ գաղտնի սպասարկութեան պատասխանատուին հարց տանք` Լիբանանի մէջ առնուելիք քայլերուն մասին», ըսաւ Յ. Բագրատունի:
Անդրադառնալով Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահի դէմ գործուած մահափորձին` Յ. Բագրատունի շեշտեց, որ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէն կը դատապարտէ այդ արարքը եւ այդ իմաստով հեռաձայնային հաղորդակցութիւն ունեցած է Ժահժահի հետ:
Ան շեշտեց, որ Լիբանանի մէջ կացութիւնը տակաւին վտանգաւոր է, որովհետեւ քաղաքական սպանութիւններու հանգրուանը տակաւին չէ աւարտած, եւ քաղաքական սուր յայտարարութիւններն ու ցեխարձակումները լարուածութիւններ կը հրահրեն:
Սուրիոյ տագնապին մասին հարցումի մը պատասխանելով` Յ. Բագրատունի յայտնեց, որ Սուրիոյ տագնապը վերածուած է միջազգային տագնապի մը:
Այս ծիրին մէջ ան քննադատեց Թուրքիոյ դերակատարութիւնը եւ Սուրիոյ մասին վերջինիս կեցուածքները: «Թուրքերը համոզուած են, որ իրենք կրնան շրջանին մէջ հերոսներ դառնալ, իսկ արաբները կարծեցին, որ Թուրքիա օսմանական իր նոր դիմակով կրնայ օրինակելի տիպար մը դառնալ շրջանին մէջ ժողովրդավարութիւն հաստատելու», ըսաւ ան:
Յ. Բագրատունի ընդգծեց, որ միշտ պէտք է ի մտի ունենալ, որ Սուրիոյ եւ շրջանին մէջ բաժանումի ծրագիրը տակաւին առկայ է` նշելով, որ Միացեալ Նահանգներու համար Միջին Արեւելքի մէջ կարեւորը քարիւղն է եւ Իսրայէլը:
Ան ըսաւ, որ զէնքով եւ բռնարարքներով կարելի չէ ժողովրդավարութեան յանգիլ, այլ` բարեկարգումներուն գործադրութեամբ:

