Սամպօ. Եւրոպայի Ախոյեանութիւն. Գոռ Մալեան Հանդիսացաւ Եւրոպայի Ախոյեան
Եւրոպայի Սամպոյի պատանիներու, աղջիկներու եւ երիտասարդներու ախոյեանութեան վերջին օրը` կիրակի, 8 ապրիլին, գերազանց ելոյթով հանդէս եկաւ Հայաստանը ներկայացնող մարզիկներէն, 56 քկ դասակարգի մրցումներուն իր մասնակցութիւնը բերող Գոռ Մալեան, որ գերազանց արդիւնք արձանագրելով եւ իր կատարած բոլոր մրցումներուն ալ յաղթանակ արձանագրելով հանդիսացաւ Եւրոպայի ախոյեան:
Հայաստանի Սամպոյի ֆետերասիոնը հաղորդեց նաեւ, որ Հայաստանի երիտասարդներու հաւաքականին մաս կազմող Սուրէն Գառնիկեան (74 քկ) իր կարգին բարձրացաւ փոտիում` գրաւելով 3-րդ դիրքը:
Այսպիսով, Հայաստանի հաւաքականը հայրենիք կը վերադառնայ 11 մետալներով, որոնցմէ 1-ը` ոսկի, 2-ը` արծաթ եւ 8-ը` պրոնզ:
Ինչ կը վերաբերի խմբային դասաւորման, Հայաստան 21 հաւաքականներուն մէջ գրաւեց 3-րդ դիրքը` յաջորդաբար` վրացիներուն եւ ռուսերուն ետին:

