Աղջկանց Պէյրութեան Վազքի Մրցում (5 Քմ). Մարիա Փիա Նաամէ Հանդիսացաւ Առաջին

Յաջորդաբար 5-րդ տարին ըլլալով, Ինթըր Լեպանոն ակումբը կազմակերպեց Պէյրութեան վազքի մրցումը (5 քմ), որ յատկացուած էր միայն աղջիկներուն:

Վազքի այս մրցումին, որ տեղի ունեցաւ կիրակի, 8 ապրիլին, իրենց մասնակցութիւնը բերին 100 վազողներ:

Անիկա սկիզբ առաւ Ռիատ Սոլհի հրապարակէն եւ աւարտեցաւ Զէյթունա Պէյի մօտ:

Ինթըր Լեպանոնի մաս կազմող Մարիա Փիա Նաամէ հանդիսացաւ առաջին` արձանագրելով 18′ 38″ արդիւնք մը: Անոր ետին երկրորդ դիրքը գրաւեց Մարի Ամ (47 տարեկան), իսկ երրորդ դիրքը` Ռանտա Տաքրուպ (բոլորն ալ` Ինթըր Լեպանոնէն):

Նշենք, որ Փիա Նաամէի կը պատկանին 3000, 5000, 10000, կէս-մարաթոնի, մարաթոնի լիբանանեան մրցանիշները:

Աւարտին տեղի ունեցաւ տասը տարբեր դասակարգերուն մրցանակաբաշխութիւնը` Զէյթունա Պէյի մէջ գտնուող «Քաֆէ-Փոլ» ճաշարանին մէջ:

 

Share this Article
CATEGORIES