Կռփամարտ. Վիք Դարչինեանի Յաջորդական Երկրորդ Պարտութիւնը

Վիք Դարչինեան (ձախին) - Շինսուք Եամանաքա մրցումէն

Հայրենի 36 տարեկան արհեստավարժ կռփամարտիկ Վիք Դարչինեան նախորդ շաբաթավերջին իր ասպարէզին ընթացքին առաջին անգամ ըլլալով կրեց յաջորդական իր երկրորդ պարտութիւնը ճափոնցի իր մրցակիցէն` Շինսուք Եամանաքայէն, Թոքիոյի մէջ (Ճափոն) տեղի ունեցած ճակատումին: Այսպիսով, անոր մրցակիցը իր մօտ պահեց WBC-ի ախոյեանութեան գօտին:

Այս ճակատումէն առաջ Դարչինեան կը պնդէր, որ անպայման պիտի յաղթէ իր մրցակիցին, սակայն այս մրցումը ցոյց տուաւ, որ Եամանաքա աւելի լաւ պատրաստուած է, եւ պատահական չէ, որ ան ցարդ պարտութիւն չէ կրած:

12-րդ ռաունտէն ետք յաղթանակը շնորհուեցաւ 29 տարեկան ճափոնցիին` 117-111, 116-112 եւ 116-112 արդիւնքով:

Այսպիսով, իր կատարած 43 ճակատումներուն ընթացքին Դարչինեան կրեց իր 5-րդ պարտութիւնը:

Share this Article
CATEGORIES