Պասքեթպոլ. Մութթահետ Թրիփոլի Լիբանանեան Առաջին Ակումբը, Որ Մուտք Գործեց «Կինես» Գիրքին Մէջ
Լիբանանեան Մութթահետ Թրիփոլի ակումբը յաջողեցաւ հանդիսանալ լիբանանեան պասքեթպոլի առաջին խումբը, որ մուտք գործեց «ԿԻՆԵՍ» մրցանիշներու գիրքին մէջ, շնորհիւ իր մարզիկին` Մոհամետ Աքքարիի, որ նախորդ շաբաթ Պըժժէի դէմ տեղի ունեցած ֆայնըլ-էյթի մրցումներուն առանձինը նշանակեց 113 կէտ (32-ը` թրի փոյնթ):
Նշենք, որ նախապէս ամերիկեան Կերըթ Ֆալքոն ակումբը 1998-ին իրագործած էր 32 թրի փոյնթ, երբ մրցումը աւարտած էր անոր յաղթանակով` 117-39, Փունամ Աքատեմիի դէմ:
Սակայն Պըժժէի դէմ Մութթահետ իրագործած էր 34 թրի փոյնթ:
CATEGORIES Մարզական

