Թենիս. «Տէյվիս Քափ». Լիբանան Յաղթեց Փասիֆիք Կղզիներուն (4-1) Եւ Մնաց Բ. Դասակարգին Մէջ

PROFOTO

Ասիա-Ովկիանիա թենիսի «Տէյվիս Քափ»-ի փլէյ-օֆի մրցումներուն ծիրին մէջ, նախորդ շաբաթավերջին Ա. Թէ. Սէ. Էլ. հիւրընկալեց Լիբանան – Փասիֆիք կղզիներ մրցումը:

Այս ճակատումը կը նկատուէր կարեւոր, որովհետեւ պարտուող խումբը պիտի փոխադրուէր Գ. դասակարգ, մինչ յաղթականը պիտի մնար Բ. դասակարգին մէջ:

Իր հիւրը 4-1 արդիւնքով պարտութեան մատնելով` Լիբանան յաջողեցաւ մնալ Բ. դասակարգին մէջ, բաւական տպաւորիչ մրցում կատարելէ ետք:

Մրցումէն ետք, Լիբանանի թենիսի ֆետերասիոնի նախագահ Ռիատ Հատտատ եւ Լիբանանի ազգային խումբի մարզիչ Հիւսէյն Պատրէտտին, լիբանանցի համակիրներուն ներկայութեան շնորհաւորեցին իրենց մարզիկները` արձանագրուած այս տպաւորիչ յաղթանակին համար:

Share this Article
CATEGORIES