Արեւմտեան Ասիոյ Կրտսերներու Պասքեթպոլի Ախոյեանութիւն. Իրան, Լիբանան Եւ Սուրիա Ապահովեցին Աւարտական Հանգրուանի Իրենց Տոմսերը
Նախորդ շաբաթավերջին, Մութթահետի ակումբին մէջ (Թրիփոլի) աւարտեցաւ Արեւմտեան Ասիոյ կրտսերներու պասքեթպոլի ախոյեանութիւնը (18 տարեկանէն վար), երբ տեղի ունեցան վերջին հանգրուանի մրցումները:
Երթի եւ դարձի մրցումներուն աւարտով Իրան գրաւեց պարագլուխի դիրքը, իսկ անոր ետին յաջորդաբար երկրորդ եւ երրորդ դիրքերը գրաւեցին Լիբանան եւ Սուրիա: Անոնք երեքն ալ ապահովեցին աւարտական հանգրուանի մրցումներուն իրենց տոմսերը: Աւարտական հանգրուանը տեղի պիտի ունենայ յառաջիկայ ամառ` Մոնկոլիոյ մէջ:
Վերջին հանգրուանի մրցումներուն, Իրան արձանագրեց իր չորրորդ յաջորդական յաղթանակը` 81-64 արդիւնքով պարտութեան մատնելով Լիբանանը, որ այսպիսով կրեց իր միակ պարտութիւնը` երեք յաղթանակէ ետք:
Աւարտին, Լիբանանի երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարար Ֆայսալ Քարամէ կատարեց մրցանակաբաշխութիւնը:
Այս մրցանակաբաշխութեան ներկայ գտնուեցան նաեւ Արեւմտեան Ասիոյ պասքեթպոլի ֆետերասիոնի փոխնախագահ Ժան Թապեթ, գանձապահ Ֆաուզի Ապտալլա, Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնի փոխնախագահ Ժաուտաթ Շաքեր, այս ախոյեանութեան տնօրէն եւ Լիբանանի ֆետերասիոնի անդամ Հատի Ղըմրաուի եւ Մութթահետ ակումբի նախագահ Ահմետ Սաֆատի:


