Լիբանանի Ֆութպոլի Դ. Դասակարգի Ախոյեանութիւն. ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ – Ռայէ` 4-6
Լիբանանի ֆութպոլի Դ. դասակարգի ախոյեանութեան Ա. հանգրուանի 5-րդ եւ վերջին հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, նախորդ շաբաթավերջին տեղի ունեցաւ ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ – Ռայէ մրցումը:
ՀՄԸՄ, որ իր կատարած նախորդ չորս մրցումներուն բոլորին ալ յաղթանակ արձանագրած էր եւ ապահոված առաւելագոյն 12 կէտը, կրեց իր առաջին պարտութիւնը` 6-4 արդիւնքով:
Լեռնալիբանանի նահանգին մէջ տեղի ունեցած այս մրցումին արդիւնքը այդքան ալ կարեւոր չէր ՀՄԸՄ-ի համար, որ արդէն իսկ ապահոված էր Բ. հանգրուանի իր տոմսը: Սակայն բնականաբար փափաքելի պիտի ըլլար, որ ՀՄԸՄ-ի տղաքը Ա. հանգրուանի մրցումներուն արձանագրէին 100 առ հարիւր յաղթական արդիւնք մը:
Մրցակից կազմը, որ կը գրաւէր խմբակին վերջին դիրքը, Ա. կիսախաղին յառաջացաւ 3-2 արդիւնքով: Նոյնը պատահեցաւ նաեւ Բ. կիսախաղին:
ՀՄԸՄ-ի կոլերը նշանակեցին Յարութ Մումջողլեան, Աւօ Տոմպուրեան, Յակոբ Գուճանեան եւ Ներսէս Գիւլխանճեան:

