ԱԶՐՊԷՅՃԱՆԻ ՄԷՋ ՄԻԱՑԵԱԼ ՆԱՀԱՆԳՆԵՐՈՒ ԴԵՍՊԱՆԱՏՈՒՆԸ ԱՆՀԱՆԳՍՏԱՑԱԾ Է ՊԱՔՈՒԻ ՄԷՋ ԲՈՂՈՔԻ ՑՈՅՑԸ ՃՆՇԵԼՈՒ ԱՌՆՉՈՒԹԵԱՄԲ
Ազրպէյճանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանատունը հրապարակած է հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ նշուած է, թէ Ազրպէյճանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանատունը անհանգստութիւն յայտնած է երկրի ընդդիմադիր խումբերուն կողմէ Պաքուի կեդրոնին մէջ 2 ապրիլին խաղաղ բողոքի ցոյց կատարելու փորձերը կանխարգիլելու ուղղութեամբ Ազրպէյճանի կառավարութեան քայլերուն, ինչպէս նաեւ նախքան նախատեսուած ցոյցը ընդդիմութեան ներկայացուցիչները ձերբակալելու առնչութեամբ:
Միացեալ Նահանգներ Ազրպէյճանի իշխանութիւններուն կոչ ուղղած են յարգելու երկրին սահմանադրութեամբ, ինչպէս նաեւ մարդկային իրաւանց վերաբերեալ միջազգային համաձայնագիրներով, որոնց շարքին` ԵԱՀԿ-ի պարտաւորութիւններով ամրագրուած մարդկային իրաւունքները, հաւաքներու ազատութիւնը եւ խօսքի ազատութիւնը:
Միացեալ Նահանգներու դեսպանատունը նաեւ Ազրպէյճանի իշխանութիւններուն կոչ ուղղած է ձերբակալուած ընդդիմադիրներուն համար կազմակերպելու բաց եւ թափանցիկ դատական լսումներ եւ անոնց համար ապահովելու համապատասխան իրաւաբանական խորհրդատուութիւն` «օրէնքի տառին համաձայն»:
Ազրպէյճանի ոստիկանութեան տուեալներով` 2 ապրիլի ցոյցին ընթացքին 75 մարդ ձերբակալուած է: Ընդդիմութեան ղեկավարները կը պնդեն, որ ձերբակալուածներուն թիւը կը հասնի 100-ի:

