ՄԻՆՉ ԲԱԽՈՒՄՆԵՐԸ ԿԸ ՇԱՐՈՒՆԱԿՈՒԻՆ ԵՄԷՆԻ ՆԱԽԱԳԱՀԸ ԸՆԴԴԻՄՈՒԹԵԱՆ ԲԱՆԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ՀՐԱՒԷՐ Կ՛ՈՒՂՂԷ
Եմէնի նախագահ Ալի Ապտալլա Սալեհ երէկ ընդդիմութեան կոչ ուղղեց երկրին մէջ երկու ամիսէ ի վեր քաղաքական տագնապին վերջ տալու համար բանակցելու: Մինչ իր հեռացման շուրջ բանակցելու հարցով ամերիկեան ճնշումը կը բարձրանայ, Սալեհ ընդունեց Արաբական ծոցի պետութիւններուն կողմէ Սէուտական Արաբիոյ մէջ ընդդիմութեան հետ բանակցելու հրաւէր մը: Բանակցութեան թուականը տակաւին չէ ճշդուած:
Սալեհ, որ շաբաթ օր մերժեց ընդդիմութեան ներկայացուցած իշխանութեան փոխանցման առաջարկը, ընդունեց Արաբական ծոցի երկիրներու հրաւէրը եւ ընդդիմութեան կոչ ուղղեց իր օրինակին հետեւելու: «Կը խոստանամ, որ ամէն ջանք պիտի թափենք Միացեալ հանդիպումներ կուսակցութենէն (Եմէնի ընդդիմադիրներու գլխաւոր համախմբումը) ողջամիտ մարդոց հետ բանակցութիւններու ճամբով հարցերը բնականոնացնելու: Մենք կը կրկնենք անոնց հետ երկխօսութեան սեղան նստելու մեր ուղղած հրաւէրը եւ կոչ կ՛ուղղենք բռնարարքներէ հրաժարելու», ըսաւ ան:
Ծոցի համագործակցութեան խորհուրդի նախաձեռնութիւնը կրնայ չբաւարարել հազարաւոր ցուցարարները, որոնք շաբաթներէ ի վեր Եմէնի տարբեր շրջաններուն մէջ ցոյցեր կը կատարեն` պահանջելով Սալեհի հեռացումը:
Մայրաքաղաք Սանաայի մէջ երէկ 3 զոհ եւ 15 վիրաւոր արձանագրուեցաւ, երբ Սալեհի համակիրներ բախում ունեցան անոր հակառակորդներուն հետ, իսկ բանակէն զօրաբաժին մը զիրենք պաշտպանեց:
Թայիզի մէջ հարիւրաւոր ապահովական ուժեր եւ զինեալներ յարձակում գործեցին տասնեակ հազարաւոր ցուցարարներու դէմ: Վերջիններս հակադարձեցին քարեր արձակելով: Բախումներուն պատճառով շուրջ 300 վիրաւոր արձանագրուեցաւ:
Երկուշաբթի օր ամերիկացի պաշտօնատարներ յայտնեցին, որ Ուաշինկթըն ճնշում կը բանեցնէ, որպէսզի Սալեհ իշխանութեան փոխանցման ուղղութեամբ աշխատանք տանի: Ամերիկացի պաշտօնատար մը «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութեան յայտնեց, որ «հետզհետէ կը թուի, որ ան պէտք է հեռանայ»:
Ըստ կարգ մը տեղեկութեանց, Միացեալ Նահանգներ Եմէնի նախագահին իշխանութենէն հեռանալու պայմանաժամ մը ճշդած են:
Եւրոպական Միութիւնը իր կարգին Եմէնի նախագահին կոչ ուղղեց փոխանցման հոլովոյթը անմիջապէս սկսելու: