50 Տարի Առաջ ( 11 ապրիլ 1962 )

Ուխտի Օրը Անթիլիասի Մէջ

Բազմահազար Հաւատացեալներ Երկիւղածութեամբ
Հետեւեցան Սրբազան Արարողութեանց Եւ
Ս. Գրիգոր Լուսաւորչի Աջի Թափօրին

Կիրակի, 8 ապրիլ 1962, կաթողիկոսարանի Ուխտի օրուան առթիւ, Անթիլիասի մայր տաճարին մէջ տեղի ունեցան եկեղեցական հոգեպարար արարողութիւններ:

Առաւօտեան առաջին ժամերէն սկսեալ բազմահազար հաւատացեալներ շուտով լեցուցին մայր տաճարն ու շրջակայ բակերը:

Արարողութեան, ներկայ եղան Զարեհ Ա. կաթողիկոս, լիբանանահայոց առաջնորդ Խորէն արք. Բարոյեան, միաբան հայրեր, Պէյրութի եւ դպրեվանքի քահանայ հայրեր:

Հանդիսաւոր Ս. պատարագը մատուցեց դպրեվանքի տեսուչ Գարեգին վրդ. Սարգիսեան: Դպրեվանքի ուսանողութեան երգեցիկ խումբը, ղեկավարութեամբ Գէորգ Գանտահարեանի, առաւել փայլ մը տուաւ օրուան փառաշուք արարողութեանց:

«Հայր մեր»-էն առաջ պատարագիչ հայր սուրբը խօսեցաւ հոգեշունչ քարոզ մը, բնաբան ունենալով «Քնար քաղցրախօս աստուածային հոգւոյն, յօրինեալ մարմնով եւ մասամբք հոգւոյդ», շարականէն առնուած եւ Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորչի ձօնուած երգէն: Անդրադարձաւ մեր հոգեւոր Հօր կեանքին ու գործունէութեան զանազան երեսներուն, վեր առաւ Անոր այսօրուան բառով յեղաշրջող գործը, որ լուսաւորութիւնն էր Հայաստան աշխարհին:

Խօսելով հայ եկեղեցւոյ հիմնարկութեան մասին` յիշեց Միածնի իջման սքանչելի դրուագը եւ յայտնեց, որ Ս. Էջմիածինը է եւ կը մնայ մեր բոլորին հաւատոյ բերդը:

Հրեաները, ըսաւ քարոզիչ հայր սուրբը, ունէին իրենց նուիրական ու սրբութիւն դարձած Տապանակ ուխտին, որուն մէջ ամփոփուած էին տասնաբանեայ պատուիրանները, Ահարոնի ծաղկեալ գաւազան, երկինքէն իջած սափոր մը մանանայ եւ այլ սրբութիւններ: Անոնք ջերմեռանդ հաւատքով կապուած էին այդ Տապանակ ուխտին, որ կրցաւ քանդել Երիքովի պարիսպները:

Հայ ժողովուրդն ալ այսօր իր տապանակ ուխտին ունի, որուն մէջ կը գտնուի Ս. Գրիգոր Լուսաւորչին Աջը, Ս. Մեսրոպ Մաշտոց վրդ.ի այբուբենը եւ քաջն Վարդանի սուրը: Մատնանշեց, որ նուիրական երեք նկարներով ասոնք կը խորհրդանշուին մայր տաճարին մէջ: Կոչ ուղղեց, որ համայն հայութիւնը իր ամբողջ ուժով եւ միասնականութեամբ փարի Ս. Գրիգոր Լուսաւորչի Աջին, որ Հայ եկեղեցին է, Ս. Մեսրոպ Մաշտոց վրդ.ի այբուբենին, որ հայ մշակոյթն է եւ քաջն Վարդանի սուրին, որ հայուն յարատեւելու կամքն է:

Քարոզի վերջաւորութեան, յանուն հայ ժողովուրդին, մաղթեց, որ անսասան մնայ կիլիկեան Սուրբ Աթոռը եւ անոր սրբազան գահակալը` Զարեհ Ա. կաթողիկոս` երկար տարիներ կարենայ յառաջ տանիլ Ս. Գրիգոր Լուսաւորչի գործը: Հրաւիրեց ժողովուրդը, որ ուխտի այս օրուան առթիւ, անգամ մը եւս վերանորոգէ իր ուխտը` հաւատարիմ մնալու Հայ եկեղեցիին եւ հայ մշակոյթին:

Յաւարտ Ս. պատարագի, մեծահանդէս թափօր կազմուեցաւ Ս. Գրիգոր Լուսաւորչին, Սեղբեսարոս հայրապետին, Նիկողայոս սքանչելագործ հայրապետին, Կենաց փայտին եւ այլ սրբազան մասունքներուն:

Զանգերու ղօղանջներուն տակ թափօրը, մայր տաճարի արեւմտեան դռնէն ելլելով, շրջեցաւ մայրավանքի բակերուն մէջ, մինչ հաւատացեալ ժողովուրդը, ջերմեռանդ երկիւղածութեամբ կը համբուրէր սրբազան մասունքները: Ապա թափօրը մտաւ մայր տաճար, ուր տեղի ունեցաւ խաչ հանգիստի արարողութիւն:

Վեհափառ հայրապետը Ս. Գրիգոր Լուսաւորչի Աջով օրհնեց հաւատացեալ ուխտաւորները, եւ սրբազան արարողութիւնները վերջացան կէսօրուան ժամը 12:00-ին:

Մինչեւ ուշ գիշեր բազմահարիւր ուխտաւորներ եկան մայրավանք` համբուրելու սրբազան մասունքները:

Կաթողիկոսարանի Ուխտի օրը, անգամ մը եւս եկաւ փաստելու, թէ հայ ժողովուրդը որքա՜ն հաւատարմութեամբ փարած է իր մայրենի եկեղեցիին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան եւ անոր արժանաւոր գահակալին:

ԹՂԹԱԿԻՑ

Share this Article
CATEGORIES