«Ազդակ»` Ութսունհինգ Տարիներու Ծառայութեան Ընդմէջէն. «Ազդակ» Կարեւոր Կապ` Հայ Եւ Արաբ Ժողովուրդներու Բարեկամութեան

ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ

Ժիպէյլի Եւ Թրիփոլիի Համայնքները

Քէմփի բնակիչ հայ ընտանիք

«Ազդակ» հայութիւնը Լիբանանի եւ Սուրիոյ արաբ ժողովուրդին ճանչցնելու, ինչպէս նաեւ տեղացի համայնքներուն հետ շփումներ հաստատելու առաքելութեան մէջ մեծ դեր ունեցաւ: Տեղական պայմաններուն եւ լեզուին հազիւ ծանօթ հայութեան եւ տեղացիներուն միջեւ յարաբերութիւնները նուազագոյն մակարդակի վրայ էին եւ առաւելաբար սահմանափակուած էին շուկայի սահմաններուն մէջ: Շատ քիչ թիւով հայեր եւ առաւելաբար` տղամարդիկ արաբերէն գիտէին կամ հազիւ կը հասկնային:

Տեղացի ժողովուրդն ալ շատ բան չէր գիտեր հայութեան մասին: Կային լեզուի, բարքերու, սովորութիւններու ու մտայնութիւններու զգալի տարբերութիւններ: Տարբեր հաւաքականութիւններու գոյակցութիւնն ու դրացնութիւնը անհանդուրժողութիւններու ու անհասկացողութիւններու պատճառ դարձաւ:

7 դեկտեմբեր 1929-ին, «Արաբ թերթ մը «Ազդակ»ի մասին» խորագիրով «Ազդակ» կը գրէր.

«Ի՞նչ Կը Պահանջենք Հայերէն»

Սուրիոյ ազգայնականներու ամենամեծ օրաթերթը` «Էլիֆ Պա» կը գրէ.-

«Սուրիա եւ Լիբանան գտնուող հայերու ապրումներուն եւ փափաքներուն մենք կը ծանօթանանք Պէյրութ հրատարակուող եւ հայ ազգային մարմիններու եւ ժողովուրդի կարծիքը ներկայացնող «Ազդակ» թերթով: Մենք կը հետեւինք այս թերթին օրը օրին, իսկապէս կը գնահատենք անոր կատարած ծառայութիւնները:

Այս հայ թերթը Սուրիոյ եւ Լիբանանի մեր թերթերուն կանոնաւոր կերպով կը հետեւի, մեր կամքը կը հաղորդէ հայերուն եւ մեր կառավարութեան հնազանդիլ կը յանձնարարէ. ահա այս է մեր ուզածը հայերէն: Իր խմբագրականներով եւ յօդուածներով «Ազդակ» թերթը Լիբանանի եւ Սուրիոյ կառավարութիւններուն ամրացումն ու զարգացումը փափաքելէ վերջ, հայերուն այդ ուղղութեամբ աշխատիլն ու ծառայելը կը փափաքի: Վերջապէս մեզի բարեկամ եւ մեր ուզած թերթն է, որ կրնայ մեզի ճանչցնել հայերը: Եթէ ժամանակին մենք կարենայինք կարդալ եւ հետեւիլ այս թերթին, ի հարկէ այնքան թիւրիմացութիւններու պիտի չիյնայինք:

Բայց մենք մեր պաշտօնակիցէն եւ հայ մեծերէն կը պահանջենք որ իրենք որպէս տեղացի, շաբաթը գոնէ մէկ անգամ արաբերէն լեզուով ալ գրեն, մենք շատ դժուարութեան կը հանդիպինք եւ թարգման չենք գտներ կանոնաւոր եւ տեւական զիրենք ճանչնալու համար. եթէ «Ազդակ» արաբերէն բաժին մը ունենայ, ամէն տեղացի պիտի ճանչնայ զիրենք եւ պիտի վերնան սխալ հասկացողութիւնները: Այս մասին ինչո՞ւ չեն մտածեր հայ ազգային ժողովները եւ հայ պատրիարքարանը: Հայերը աւելի պիտի օգտուին այս կերպով, տեղական կառավարութիւնները աւելի լաւ աչքով պիտի նային հայերուն եւ պիտի օգնեն իրենց. միեւնոյն ժամանակ հայերն ալ արաբերէն պիտի սորվին ասանկով:

Մենք կ՛ուզենք հայերուն հետ անկեղծ եւ ճշմարիտ հայրենակիցներ ըլլալ եւ այդ պատճառաւ ալ այս առաջարկը կը ներկայացնենք իրենց. մենք կ՛ուզենք իրենց ձեռքերէն բռնել եւ վերցնել զիրենք, միայն թէ իրենք պարտաճանաչ ըլլան, հանգիստ կենան եւ մեր քաղաքականութեան հակառակ չգործեն»:

* * *

Ժիպէյլի մէջ հայ համայնքի կազմաւորումն ու զարգացումը առաւելաբար կապուած է հոն հաստատուած Ամերիկեան Մերձաւոր Արեւելքի նպաստամատոյցի որբանոցին, ուր 1920-էն սկսեալ մօտաւորապէս հազար հինգ հարիւր որբեր պատսպարուեցան: Յետոյ հոն փոխադրուեցաւ նաեւ Սայտայի Թռչնոց Բոյնը` իր անչափահաս որբերով եւ անտէր մանուկներով: Ժիպէյլի մէջ հասանպէյցի, հաճընցի, քիլիսցի, գոնիացի, խարբերդցի եւ ատանացի քառասուն հայ ընտանիքներ բնակութիւն հաստատեցին եւ եկեղեցի ու դպրոց հիմնեցին:

Ժիպէյլի հայ համայնքին անդրադառնալով «Ազդակ» 2 ապրիլ 1930-ին կը գրէր.

«Ժիպէյլահայ կեանքը կը սկսի 1920-ին երբ Մերձաւոր Արեւելքի Նպաստամատոյց Ընկերութեան նախապէս Այնթապ հաստատուած հայ մանչերու որբանոցը Պէյրութի քեմփէն կը մեկնի Ժիպէյլ: Սոյն որբերէն եւ պաշտօնեաներէն զատ հետզհետէ Ժիպէյլ կը հաստատուին հայ բանուորներ եւ կ՛աշխատին մօտակայ խճուղիներու կամ հնութեան գործին մէջ: Կիրակի օրեր որբանոցին մէջ պատրաստելու համար Պէյրութէն կամ Ժիւնիէէն հայ քահանաներ կը հրաւիրուին, որոնց եկեղեցական արարողութեան ունկնդրելու համար ուղղակի որբանոցին հետ առնչութիւն չունեցող հայեր ալ կ՛արտօնուին եւ ընտանիքներու մէջ մեծցող հայ երախաներն ալ որբանոց կը ղրկուին կրթութիւն ստանալու համար: 1925-ին որբանոցը կը փակուի, որով Ժիպէյլ հաստատուած հայը կը զրկուի եկեղեցիէն ու դպրոցէն: Նոյն տարուան սեպտեմբեր ամսուան մէջ կը կազմուի անդրանիկ Թաղական Խորհուրդը եւ շէնք մը կը վարձուի իբր եկեղեցի գործածուելու համար, որուն մէջ եկեղեցական արարողութիւն կատարելու համար քահանայ կամ վարդապետներ կը հրաւիրուին երեք-չորս շաբաթը անգամ մը: Միշտ Որբերու կիրակիին առթիւ հանգանակութիւն կ՛ըլլայ եւ արդիւնքը ՀԲԸ Միութեան Պէյրութի մասնաժողովին կը յանձնուի: Կարգ մը տիկիններ գաղափարը կ՛ունենան Մաամլթէյնի ազգային թոքախտանոցին օգնելու: Որով իրենց ձեռագործի  մէկ օրուան աշխատավարձը կը յատկացնեն այս նպատակին: Այլ տիկիններ ալ միանալով այս խումբին հանգանակութեան կը ձեռնարկեն եւ կոկիկ գումար մը կը ղրկեն բուժարան»:

* * *

Պէյրութի Ալենպի պողոտան

Լիբանանահայ գաղութի կազմաւորման սկզբնական շրջանին, Կիլիկիոյ տարբեր շրջաններէ գաղթական մօտաւորապէս երկու հազար հայեր Թրիփոլի ապաստան գտան, ուր դպրոց եւ փայտաշէն եկեղեցի մը հիմնեցին: Սակայն, կեանքի դժնդակ պայմաններու պատճառով, յաջորդող քանի մը տարիներուն անոնցմէ շատեր ցրուեցան եւ մեծ մասամբ Պէյրութ փոխադրուեցան: 1927-ի տուեալներով 840 հայեր կը բնակէին Թրիփոլիի մէջ: Համայնքին ղեկավար դէմքերէն էր տոքթոր Մինաս Արծրունի, որ 1928-ին Թրիփոլիի թաղապետութեան մօտ հայութեան ներկայացուցիչ նշանակուեցաւ:

Թրիփոլիէն ազգային մը 30 դեկտեմբեր 1930-ի թիւով «Ազդակ»-ի մէջ կը գրէր.

«Գաղութիս հայութիւնը հայ ըլլալէ դադրած է եւ կիրքերը այն աստիճան լարուած են ու գրգռուած որ մինչեւ եղբայրասպանութեան դիմելու գագաթնակէտին հասած է: Այս բոլոր տխուր իրականութեանց պատճառը թաղականութեան խնդիրն է: Եթէ երբեք այս կացութեան առաջքը առնելու միջոցներուն մասին չմտածուի, ըստ իմ գուշակութեան հետեւանքը շատ ողբերգական պիտի ըլլայ: Չկրցայ հասկնալ թէ` ինչ է գաղտնիքը այս  թաղականի աթոռներուն, որոնց տիրանալու համար մարդիկ խտիր չեն դներ միջոցներու մէջ»:

* * *

«Ազդակ» իր հիմնադրութենէն մինչեւ 1930 եռօրեայ էր. երրորդ տարին դարձաւ երկօրեայ, իսկ չորրորդ տարին փոխադրուեցաւ Խայրէտտին Ահտապի «Ահտ էլ ժետիտ» թերթին տպարանը: Հայկ Պալեան չորս հարիւր օսմանեան ոսկիով Ահտապէն գնեց տպարանը` իր մամուլով, տառերով եւ տպագրական կազմածներով: Տարի մը ետք «Ազդակ» փոխադրուեցաւ իր նախկին վերանորոգուած տպարանը: Հոն, «Ազդակ»-ի տպարանին մէջ սկսան տպուիլ տեղական շարք մը թերթեր: «Ազդակ»-ի հետ իրենց գործակցութեան բերումով լիբանանցի խմբագիրներ ու մտաւորականներ շփում ունեցան հայերու հետ,  մօտէն ծանօթացան հայ ժողովուրդի զգացումներուն եւ երկուստեք բարեկամական կապեր հաստատուեցան:

Հետաքրքրական է նշել, որ լիբանանցի խմբագիրներէն ոմանք եւ յատկապէս Խայրէտտին Ահտապ նախապէս հակահայ տրամադրութիւններ ունէին, իսկ «Ահտ էլ ժետիտ» հակահայ տրամադրութեանց հրահրիչներէն եղած էր: Շնորհիւ սերտ գործակցութեան, թիւրիմացութիւնները արագ հարթուեցան եւ Խայրէտտին Ահտապ հայութեան մօտիկ բարեկամը դարձաւ:

Հետագային Հայկ Պալեան կը գրէր.

«Մեր չորրորդ տարին սկսանք մեծ դժուարութիւններով, սակայն վերջացուցինք յաջողութեամբ:

Ահտ-Իւլ-Ճէտիտ թերթի տէր եւ տնօրէն Խայրէտտին պէյ Ահտապ այդ տարի որոշած էր երեսփոխանական ընտրութիւններուն իր թեկնածութիւնը դնել եւ պէտք ունէր դրամի` ընտրական ծախքերու յատկացնելու համար: Այդ պատճառաւ ալ կ՛ուզէր ծախել իր նոր հաստատած տպարանը` իր մամուլով եւ արաբական մեծաքանակ տառերով:

Բացառիկ յանդգնութիւն պէտք էր յաճախորդ ներկայանալու համար այդ տպարանին: Սակայն հազուագիւտ եւ բացառիկ առիթ մըն էր` «Ազդակ»-ը օժտելու համար սեփական մամուլով: Բարեկամ խմբագիր մը քաջալերեց մեզ` հանդիպում մը ունենալու համար Խայրէտտին պէյ Ահտապի հետ, որ ըստ տրուած տեղեկութեանց, ինչ գնով եւ պայմանով ալ ըլլայ պիտի ծախէր իր տպարանը, ընտրական աշխատանքներու նուիրուելու համար:

Ընդառաջելով բարեկամիս պնդումներուն, առաջին հանդիպումը ունեցայ ապագայ երեսփոխան-վարչապետին հետ, որ ներկայացուց իր պայմանները: 400 օսմանեան ոսկի կը պահանջէր` յանձնելու իր տպարանը` մամուլով, տառերով եւ տպագրական բոլոր կազմածներով: Գումարին կէսը կանխիկ կ՛ուզէր, մնացած կէսն ալ կը խոստանար հաշուակցիլ իր թերթին տպագրութեան հետ, որ պիտի շարունակուէր նոյն տպարանին մէջ, այս անգամ մեր հաշուոյն:

Առաջարկուած պայմանը շատ նպաստաւոր էր. 200 ոսկիով տէր պիտի դառնայինք արդիական նոր եւ արագաշարժ մամուլի մը եւ արաբերէն տառերու ճոխ մթերքի մը:

Բայց ինչպէ՞ս ապահովել 200 ոսկին: Ոսկերիչ մը խոստացած էր 50 ոսկիի գնել տիկնոջս ոսկեղէնները: Բայց 150՞ը…: Սկսայ ծրագիրներ մշակել: Թերթին վարկը բարձրացած էր եւ հրապարակին վրայ բարեկամներ ապահովուած էին: Եգիպտոսէն Մաթոսեան ծխախոտի ընկերութիւնը մասնաճիւղ մը հաստատած էր Լիբանանի մէջ եւ անոր տնօրէնութիւնը վստահած ընկ. Գասպար Իփէկեանի: Քանի մը ծանուցումներ արդէն տուած էին մեր թերթին եւ խոստացած` երկար ատեն շարունակել զանոնք: Ծրագիրս պարզեցի ընկ. Իփէկեանին, որ բացառիկ խանդավառութեամբ ընդունեց եւ խոստացաւ, ի հաշիւ ծանուցումներու 50 ոսկի տրամադրել:

Վճարուելիք գումարին կէսը ապահովուած էր լաւատեսութեան առաջնորդելով զիս եւ յանդգնութիւնս կրկնապատկելով:

Յաջորդաբար դիմեցի քանի մը բարեկամ առեւտրականներու եւ անկեղծօրէն պարզեցի դրութիւնը: Երկու ազգայիններ խոստացան դիւրացնել գործս եւ հաւանութիւն յայտնեցին գոհացում տալու խնդրանքիս:

Այս ձեւով պատրաստ էր 200 ոսկին եւ շուտով պիտի կրնայի իրականացնել երազս եւ տէր դառնալ մամուլի մը, երկօրեայ «Ազդակ»-ը դարձնելով օրաթերթ:

Արդարեւ քանի մը օրէն «Ազդակ»-ի խմբագրատունը կը փոխադրուէր Ահտ-Իւլ-Ճէտիտի տպարանը, որ կը գտնուէր Եազըճըի արձանին մօտ, Բան Ամերիքէնի ներկայ շէնքին հարաւը:

Այս յաջողութիւնը դարձակէտ մը եղաւ «Ազդակ»-ի համար: Մօտ տարի մը, «Ահտ-Իւլ-Ճէտիտ» տպուեցաւ մեր քով եւ մեր շփումները աւելի սերտացան ոչ միայն Խայրէտտին պէյ Ահտապի եւ անոր խմբագիրներուն հետ, այլ նաեւ արաբ երեւելի անձնաւորութեանց հետ, տրուած ըլլալով որ Ահտ-Իւլ-Ճէտիտի տէր եւ տնօրէն Խայրէտտին Ահտապի եւ մեր գրասեղանները դրուած էին քով քովի միեւնոյն սենեակի մէջ: Ամէն օր հոն մեր հիւրը կ՛ըլլար Լիբանանի անկախութեան ռահվիրաներէն ապագայ վարչապետ Ռիատ պէյ Սոլհ, որ այդ օրերուն անբաղձալի նկատուած էր գրաւող տէրութեան` ֆրանսական իշխանութեան կողմէ եւ ենթակայ էր հետապնդումի:

Այդ թուականէն սկսած Ահտ-Իւլ-Ճէտիտ դադրեցուց հակահայ պայքարը եւ ընդհակառակը, սկսաւ հրատարակել հայանպաստ գրութիւններ:

Անթիլիասի դպրեվանքի սաները

Շնորհիւ այդ կարգադրութեան, հայ եւ արաբ յարաբերութիւնները սկսան բարելաւուիլ եւ «Ազդակ» արաբերէնի բաժին մը հաստատեց իր առաջին էջին վրայ եւ որը շարունակուեցաւ ամիսներ:

Տարի մը վերջ «Ազդակ» կը փոխադրուէր իր նախկին տպարանը, աւելի ընդարձակ եւ օդասուն, ուր մնաց աւելի քան 25 տարի: Հոն, «Ազդակ»-ի տպարանին մէջ սկսան տպուիլ նաեւ «Էլ Շարք», «Էլ Ահվալ», «Էլ Տիւնիա» քաղաքական օրաթերթերը եւ ֆրանսերէն լեզուով «Քօմմէրս տիւ Լըվան» առեւտրական թերթը: Այս բոլոր թերթերն ալ, մեր թելադրութեամբ, ատեն-ատեն սկսան հայանպաստ լուրեր հրատարակել եւ լուսաբանել այդ օրերուն Լիբանանի տեղացի ժողովուրդին մօտ արմատացած սխալ կարծիքները հայերու մասին:

Այս ուղղութեամբ ամէնէն փրկարար դերը կատարեց մեր բարեկամ, մեծանուն հրապարակագիր-գրագէտ հանգուցեալ Քէրէմ Միւլհէմ Քէրէմ, այդ օրերուն Լիբանանի ամէնէն տարածուն օրաթերթ «Էլ Ահրար»-ի մէջ ստորագրած երկար յօդուածաշարքով, որոնց թարգմանութիւնը լոյս տեսաւ «Ազդակ»-ի մէջ, այդ օրերուն: Պ. Քէրէմ, մեր ընկերակցութեամբ հայկական թաղերու մէջ կատարած պտոյտէն ետք, լաւագոյն տպաւորութիւններ կրած էր եւ ծանօթացած հայ ժողովուրդի մեծ ողբերգութեան, աշխատասիրութեան եւ հաւատարմութեան  այս երկիրներու հանդէպ:

Այդ օրերուն մեր տպարանին մէջ տպուող «Էլ Ահվալ» թերթի խմբագրապետ եւ լիբանանցի մեծանուն գրագէտ Նէճիպ պէյ Լիան եւս, որ երկար տարիներէ ի վեր կը վարէ Լիբանանեան ձայնասփիւռի եւ քարոզչութեան բաժնի տնօրէնութիւնը, կարեւոր դեր մը ունեցաւ հայութեան հանդէպ գոյութիւն ունեցող թիւրիմացութեանց վերացման աշխատանքին մէջ, իր խմբագրականներով եւ յօդուածներով:

Յիշենք նաեւ պարագայ մը, որ շատ կենսական նշանակութիւն ունեցաւ լիբանանահայութեան կեանքին մէջ: Ռիատ պէյ Սոլհ, որուն ծանօթացած էինք Ահտ-Իւլ-Ճէտիտի խմբագրատան մէջ, հրահանգ ստացած էր իբրեւ աքսորական, երթալու Գամիշլիի շրջանը: Մեկնելէն առաջ մեզմէ խնդրեց յանձնարարական մը Գամիշլիի գտնուող բարեկամ հայերուն: Մեծանուն ղեկավարի Գամիշլի գտնուած միջոցին հայերու ցոյց տուած հիւրասիրութիւնն ու ընդունելութիւնը երախտապարտ ձգած էր Լիբանանի ազատագրութեան անխոնջ պայքարողը: Հետագային իր իշխանութեան երկար տարիներուն, Ռիատ պէյ Սոլհ անկեղծ բարեկամ մը եղաւ մեր ժողովուրդին, լաւ ըմբռնած ըլլալով հայ ժողովուրդի ձգտումներն ու իտէալները, ինչպէս նաեւ անոնց անկեղծութիւնն ու հաւատարմութիւնը արաբական դատին հանդէպ:

Մինչեւ վերջ, Ռիատ պէյ Սոլհ, յուզումով կը յիշէր Գամիշլի աքսորման օրերուն հայ բնակչութեան իրեն հանդէպ ցոյց տուած հիւրասիրութիւնն ու անկեղծ վերաբերումը»:

 

 

Share this Article
CATEGORIES