Հայրենի Կեանք

Արարատի Մարզի «Նոր Այնթապ» Գիւղը Նշած Է
Այնթապի
Հերոսամարտին 92-Ամեակը

1 ապրիլին Հայաստանի Արարատի մարզի «Նոր Այնթապ» գիւղը նշած է Այնթապի հերոսամարտին 92-ամեակը: Արդէն իսկ աւանդութիւն դարձած այս տօնակատարութիւնը կը խմբէ ինչպէս Նոր Այնթապի բնակիչները, այնպէս ալ Հայաստանի մէջ ապրող Այնթապէն սերած քաղաքացիները եւ այնթապցի արմատներով սփիւռքահայերը:

Հերոսամարտը խորհրդանշող յուշարձանին առջեւ կատարուած Այնթապի հերոսամարտի զոհերու յիշատակին հոգեհանգստեան արարողութենէն ետք խօսք առին «Այնթապ» հայրենակցական միութեան պատուոյ նախագահ հանրածանօթ գեղանկարիչ Յակոբ Յակոբեան, Հայաստանի հայրենակցական միութիւններու նախագահ Ժոզեֆ Աւետիսեան եւ սփիւռքի նախարարութեան աշխատակազմի ղեկավարը: Հանդիսութեան ընթացքին գործադրուեցաւ գեղարուեստական յայտագիր` պատրաստուած Այնթապի Բիւզանդ Մարգարեանի անուան դպրոցի աշակերտութեան կողմէ:

ՀՅԴ Արցախի Երիտասարդական Եւ «Արամ Մանուկեան»
Ուսանողական Միութիւններուն Կողմէ Կազմակերպուած Է
Բարեգործական
Ձեռնարկ

Մարդասիրական եւ բարեգործական ազնիւ մղումներէ մեկնելով, միասնակամ եւ համախմբուած աշխատանքի շնորհիւ, ՀՅԴ Արցախի երիտասարդական եւ «Արամ Մանուկեան» ուսանողական միութիւններուն կողմէ Ստեփանակերտի Մշակոյթի եւ երիտասարդութեան պալատին մէջ կազմակերպուեցաւ բարեգործական ձեռնարկ, որմէ ստացուած ամբողջ հասոյթը տրամադրուեցաւ 20-ամեայ Արմէն Համբարձումեանի բուժման:

Բարեգործական ձեռնարկին իրենց աջակցութիւնը եւ մասնակցութիւնը ցուցաբերեցին տարբեր հասարակական եւ քաղաքական կազմակերպութիւններ, ուսանողական խորհուրդներ եւ ուսանողական այլ լայն շրջանակներ: Երգահանդէսին ներկաները առիթը ունեցան ունկնդրելու հեղինակային երգիչներ Վարդան Գալստեանն ու Մարալ Յակոբեանը: Թէ՛ երգիչները եւ թէ՛ ներկաները կը գիտակցէին օրուան խորհուրդին եւ կարեւորութեան:

Բարեգործական ձեռնարկին ամբողջ հասոյթը` 300 հազար դրամ, փոխանցուեցաւ Արմէն Համբարձումեանին, որուն մօտ յայտնաբերուած է ծանր հիւանդութիւն մը, եւ ան Գերմանիոյ մէջ պէտք է շատ արագ վիրահատման ենթարկուի:

Արմէն Իվանի Համբարձումեան ծնած է 1992-ին, բազմազաւակ ընտանիքի մը մէջ եւ արցախեան գոյամարտին զոհուած ազատամարտիկի որդին լուրջ առողջական հարցեր ունի, որուն բուժման համար արտասահմանի մէջ անմիջական վիրահատման կարիքը ունի եւ անոր համար անհրաժեշտ են մեծ գումարներ, որոնք ընտանիքը չունի:

Հետեւաբար ան, որ կը ցանկայ օգնել անոր, Արցախի դրամատան մէջ հաշուեհամար բացուած է, ուր կարելի է փոխանցել կամ տեղադրել գումարը: Տեղեկացնենք, որ նուիրատուութիւններ կարելի է կատարել Արցախի դրամատան բոլոր մասնաճիւղերուն մէջ, որոնք կը գտնուին Լեռնային Ղարաբաղի բոլոր շրջաններուն մէջ եւ Երեւանի` Քիեւեան 3, Սայաթ Նովա 12, Խորենացի 2/14, Տիգրան Մեծի 3/1, Բաղրամեան 53 հասցէներուն:

Դրամատան հաշուեհամարն է` 22310027134300:

Երեւանի Մէջ Տեղի Ունեցած Է Արմէն Հախնազարեանի
«
Արտազի Երեք Վանքերը» Գիրքին Շնորհահանդէսը

2 ապրիլին տեղի ունեցած է հայկական ճարտարապետութիւնը ուսումնասիրող հիմնադրամի հիմնադիր նախագահ Արմէն Հախնազարեանի «Արտազի երեք վանքերը» գիրքին շնորհահանդէսը: Գիրքը ներկայացուցած է յուշարձանագէտ Սամուէլ Կարապետեան: «Արմէն Հախնազարեան այս գիրքը գրած է 1969-1970-ական թուականներուն, երբ գտնուած է Իրան: Գիրքին մէջ տեղ գրաւած բոլոր լուսանկարները եւ չափագրումները առնուած են իր կենդանութեան օրերուն: Մենք միայն աւելցուցած ենք վանքերու քարերուն կատարուած արձանագրութիւնները», ըսած է Ս. Կարապետեան: Ան աւելցուցած է, թէ փափաքելի պիտի ըլլար, որ Ա. Հախնազարեան տեսնէր իր կատարած աշխատանքին արդիւնքը:

Ըստ Ս. Կարապետեանի, գիրքին մէջ պատկերուած են ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի ցանկին մէջ ներառուած Մեծ Հայքի երեք նշանաւոր վանքերը` Թադէոս առաքեալ, Մաղարթավանք կամ Ստեփանոս Նախավկայ եւ Ծործորի Ս. Աստուածածին վանքերը: «Այս գիրքը վանքերուն պատմական անցեալին մասին պատմող մեծ գործ մըն է, որուն մէջ կայ նոյնիսկ քարտէս, որպէսզի ընթերցողը միաժամանակ տեսնէ վանքերուն տեղերը», շեշտած է Ս. Կարապետեան:

Փասքալեւան Պուլկարիոյ Վարչապետին Նուիրած Է
«
Ղարաբաղի Վէրքերը» Գիրքը

3 ապրիլին տեղի ունեցած է Հայաստանի եւ Պուլկարիոյ վարչապետներուն` Տիգրան Սարգսեանի եւ Պոյքօ Պորիսովի միացեալ մամլոյ ասուլիսը, որուն ընթացքին ղարաբաղեան  պատերազմի վաւերագրող, պուլկարացի նշանաւոր լրագրող Ցվեթանա Փասքալեւան Պուլկարիոյ վարչապետին` Պոյքօ Պորիսովին նուիրած է իր հեղինակած «Ղարաբաղի վէրքերը» գիրքը:

Փասքալեւա նշած է, որ բախտի բերումով ինք ականատես եւ մասնակից եղած է ղարաբաղեան պատերազմին, որուն համար ինք շատ հպարտ է: «Կ՛ուզեմ այս գիրքին ճամբով պուլկարացիները եւս գիտնան ղարաբաղեան պատերազմին իսկական ճշմարտութիւնը», յայտնած է ան: Պուլկարացի լրագրողը ուրախութեամբ նշած է, որ կամուրջ կը հանդիսանայ Հայաստանի եւ Պուլկարիոյ միջեւ եւ պատրաստ է իր գործունէութեամբ նպաստելու երկու պետութիւններուն միջեւ յարաբերութիւններու ընդլայնման եւ զարգացման:

Նշենք, որ «Ղարաբաղի վէրքերը» գիրքը թարգմանուած է վեց լեզուներու:

«Հայաստան» Համահայկական Հիմնադրամի
Արժանթինի
Տեղական Մարմինին Հովանաւորութեամբ
Դիտաւան
Համայնքը Նոր Դպրոց Պիտի Ունենայ

Արժանթինաբնակ բարերարներ Արմէն եւ Նատիա Էքսերճիեանները չորրորդ անգամն ըլլալով նուիրատուութիւն կը կատարեն «Հայաստան» համահայկական ծրագիրին` այս անգամ ձեռնամուխ ըլլալով Տաւուշի մարզի Դիտաւան գիւղի դպրոցի կառուցման:

Դպրոցը 1950-ականներէն մնացած փայտէ շինութիւն մըն էր: Աշակերտներուն թիւին աւելնալուն զուգընթաց, ժամանակի ընթացքին շինութեան կից տեղադրուած են մետաղեայ տնակներ, որոնք ընդամէնը տարածքի հարցը լուծած են: «Ձմրան` ցուրտ, իսկ ամրան` տաք, այս պայմաններու մէջ դժուար է փոքրիկներուն ուշադրութիւնը դասերուն վրայ կեդրոնացնելը», հաղորդած է դպրոցին տնօրէնը` Արմէն Հախվերդեան: Ան նշած է, որ` «նոր դպրոցը մեծ ձեռքբերում մըն է համայնքին համար եւ բազմաթիւ հարցեր պիտի լուծէ»:

Երկյարկանի կառոյցը իր յարկին տակ կրնայ ընդունիլ մօտաւորապէս 60 աշակերտ: Դպրոցը պիտի ունենայ ամբողջական կահաւորում, ներառեալ` համակարգչային դասասենեակով: Տեղադրուած են ջեռուցման եւ օդափոխութեան համակարգերը: Ներքին յարդարման աշխատանքները աւարտելէն ետք, սեպտեմբերին գիւղի աւելի քան 40 աշակերտները նոր ուսումնական տարին պիտի սկսին նորակառոյց դպրոցին մէջ:

«Էքսերճիեան ամուսինները մեծ ներդրում ունին սահմանամերձ մարզի այս գիւղին մէջ: Ուրախ ենք, որ անոնք ժամանակ կը յատկացնեն անձամբ ներկայ գտնուելու Դիտաւանին մէջ մէկը միւսը յաջորդող ծրագիրներու բացման եւ ականատես ըլլալու, թէ ինչպէ՛ս կեանքը կը փոխուի համայնքին մէջ: Անոնց շնորհիւ է, որ գիւղը այսօր ունի` խմելու ջուր, կազ, համայնքային կեդրոն», նշած է «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի գործադիր տնօրէն Արա Վարդանեան:

Նշենք, որ Էքսերճիեան ամուսիններուն Դիտաւանի «Պատուաւոր գիւղացի» կոչման շնորհումը եւ Դիտաւանի հրապարակի վերանուանումը բարերար ընտանիքին անունով, համայնքին գնահատանքին դրսեւորումն է:

Ծառատնկման Եւ Բարեկարգման
Միամսեայ
Աշխատանքներ Արցախի Մէջ

Լեռնային Ղարաբաղի վարչապետ Արա Յարութիւնեանի որոշումով 29 մարտէն 29 ապրիլ Արցախի մէջ պիտի կայանայ ծառատնկման, մաքրութեան եւ բարեկարգման աշխատանքներու միամսեակ:

Հանրապետութեան նախարարներուն, կառավարութեան առընթեր պետական կառավարման մարմիններուն, շրջաններու վարչակազմերու ղեկավարներուն, Ստեփանակերտի քաղաքապետին յանձնարարուած է մշակել եւ իրականացնել յստակ նախաձեռնութիւններ` կատարուելիք աշխատանքներուն բնագաւառները եւ տարողութիւնը ճշդելով, որոշելով թեքնիք, նիւթական եւ կազմակերպական հարցերը եւ անոնց լուծման համար համապատասխան կարելիութիւնները: Աշխատանքը պիտի տարուի քաղաքային եւ գիւղական համայնքներու բոլոր ուսումնական հաստատութիւններուն, կազմակերպութիւններուն եւ հիմնարկներուն մասնակցութեամբ:

Լեռնային Ղարաբաղի նախարարութիւնները, կառավարութեան առընթեր պետական կառավարման մարմինները, գործադիր իշխանութեան տարածքային եւ տեղական ինքնակառավարման մարմինները միամսեակի արդիւնքներուն մասին պէտք է հաշուետուութիւն ներկայացնեն Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան Ազգային վիճակագրական ծառայութեան` մինչեւ 10 մայիս 2012:

Արցախի «Հանրային հեռուստառատիօ ընկերութեան», «Ազատ Արցախ» թերթին խմբագրութեան, զանգուածային լրատուութեան միւս ներկայացուցիչներուն առաջարկուած է լայնօրէն անդրադառնալ այս աշխատանքին, անոր ընթացքին եւ արդիւնքներուն մասին:

Նշենք, որ որոշման գործադրութեան պատասխանատուութիւնը դրուած է հանրապետութեան նախարարներուն, կառավարութեան առընթեր պետական կառավարման մարմիններուն, շրջաններու վարչակազմերու ղեկավարներուն եւ Ստեփանակերտի քաղաքապետին ուսերուն:

Տարեկան 25 Հազար Հայ Կ՛Արտագաղթէ
Հայաստանէն

3 ապրիլին կայացած կլոր սեղանի ընթացքին պետական գաղթի ծառայութեան ղեկավար Գագիկ Եգանեան նշած է, որ 2001-2007 թուականներուն Հայաստանը լքած է 150 հազար հայ, իսկ 2008 թուականի արտագաղթի հոսքին մասին մասնագիտական եւ խորքային հետազօտութիւն չէ կատարուած:

Ըստ Գ. Եգանեանին, արտագաղթողներուն թիւը մնացած է գրեթէ նոյնը, ինչ որ էր 2001-2007 թուականներուն, որոնց համաձայն, տարեկան դրութեամբ Հայաստանէն կը հեռանայ 25 հազար անձ:

Իր կարգին Հայաստանի մէջ Եւրոպական Միութեան խորհրդատուական խումբի ներկայացուցիչ Էլէոնորա Վերկեր անդրադառնալով Հայաստանի եւ Եւրոպական Միութեան միջեւ ստորագրուած «Ազատ տեղաշարժման համագործակցութեան մասին» հռչակագիրին` յայտարարած է, թէ` «Չեմ կարծեր, որ մինչեւ Հայաստանի մէջ բարենպաստ պայմաններու ստեղծումը` այդ հռչակագիրին կիրարկումը կը նպաստէ Եւրոպայէն Հայաստան ներգաղթողներուն թիւի աճին»:

Նախարար Յակոբեան Այցելեց
Դարբնիկ
Գիւղի Իրաքահայերուն   

Հայաստանի սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեան 6 ապրիլին այցելեց Դարբնիկ գիւղին մէջ բնակող իրաքահայերուն, որոնք այս առիթով պատրաստած էին յատուկ գեղարուեստական յայտագիր մը:

Այս հանդիսութիւնը նուիրուած էր կիներու տօնին: Իրաքահայութեան անունով խօսք առաւ Վիգէն Կետիկեան, որ անդրադարձաւ իրաքահայութեան պատմութեան, անոր ստեղծած մշակութային արժէքներուն: Անդրադարձ կատարուեցաւ նաեւ հասարակական եւ մշակութային կեանքին մէջ իրենց դերակատարութիւնը ունեցած իրաքահայ կիներուն, յատուկ կերպով լուսարձակի տակ առնուեցաւ «Տիկնանց մշակութային միութիւն»-ը եւ անոր ծաւալած բազմաբնոյթ, հայրենանուէր եւ ազգապահպան աշխատանքները:

Իր ողջոյնի խօսքին մէջ նախարար Յակոբեան շնորհաւորեց կիներն ու մայրերը, ինչպէս նաեւ` իրաքահայերը, որոնք հակառակ ամէն տեսակ դժուարութեան հաստատուած են հայրենիքի մէջ: «Դուք արժանի էք մեծարման: Ես շնորհակալ եմ այն կանանց, ովքեր գիտեն իրենց տեղը, դերը ընտանիքում, հասարակութեան մէջ: Իրաքահայ կանայք, ես գիտեմ, որ դուք դժուար ճանապարհ էք անցել, տառապանքներ էք կրել` մինչեւ հասել էք Դարբնիկ: Ուրախ եմ, որ դուք հայրենիքում էք եւ մեզ հետ կիսում էք մեր ուրախութիւններն ու դժուարութիւնները: Ուրախ եմ, որ այստեղ տեսնում եմ վազվզող փոքրիկների, ովքեր ծնուել են ձեր երազների Հայաստանում», յայտնեց նախարարը:

Անդրադառնալով իրաքահայութեան ներկայ կացութեան` նախարար Յակոբեան յայտնեց, որ անոնք արդէն կայուն վիճակի մէջ են եւ իրենց տեղը ունին հայ հասարակութեան մէջ: «Յատկապէս հասարակական կազմակերպութիւնների ստեղծումն ու գոյութիւնը բաւականին խօսուն վկայութիւն է նրա, որ համայնքն արդէն հաստատուել է: Ի հարկէ դա աւարտուն գործընթաց չէ եւ կարող է աւելի խորանալ», ըսած է ան:

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԻՆԱ ՀԱՄԱՄՃԵԱՆ

 

 

 

Share this Article
CATEGORIES