Հայ Աւետարանական Քոլեճին Մասնակցութիւնը Մանրակերտ Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութեան Հաւաքին

Ամիսներ տեւած նախապատրաստական աշխատանքներէ ետք, կիրակի, 1 ապրիլ 2012-ին, ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի սրահին մէջ կայացած եզրափակիչ հանդիսութեամբ վերջ գտան Լիբանանեան-ամերիկեան համալսարանին (LAU) կազմակերպած ու արդէն աւանդական դարձած մանրակերտ ՄԱԿ-ի աշխատանքները:

Լիբանանահայ այլ վեց երկրորդական վարժարաններու կողքին, Հայ աւետարանական քոլեճը այս տարի եւս իր մասնակցութիւնը բերաւ այդ աշխատանքներուն, առաւելաբար 11-րդ դասարանի աշակերտներէ բաղկացած խումբով մը:

Այս տարի ՄԱԿ-ի ութ յանձնաժողովներու մէջ ՀԱՔ-ին վիճակուեցաւ ներկայացնել Ալճերիան: Պատուիրակութեան ղեկավար Տիգի Քիւրքճեան, որ կը մասնակցէր ՄԱԿ-ի Ընդհանուր ժողովի 3-րդ յանձնախումբին, 112 մասնակիցներուն մէջ շահեցաւ «Լաւագոյն զեկոյց»-ի մրցանակը` «Բազմալեզու եւ մայրենի լեզուով կրթութիւն» ու «Ադամանդը զինուած բախումներու պատճառ» նիւթերով:

Նոյն ծիրին մէջ, շաբաթ 30 մարտ 2012-ին, համալսարանին Ժիպէյլի համալիրին մէջ տեղի ունեցաւ «Համաշխարհային գիւղ» նախագիծը, որուն ընթացքին ՀԱՔ-ի պատուիրակութիւնը պատշաճօրէն ներկայացուց Ալճերիան:

Share this Article
CATEGORIES