Մայրերու Օրուան Նշում Հայ Աւետարանական Կէրթմէնեան Վարժարանին Մէջ

Կազմակերպութեամբ Հայ աւետարանական Կէրթմէնեան վարժարանին, ուրբաթ, 30 մարտ 2010-ին, «Արարատ փալաս» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ աւանդական Մայրերու օրուան տօնակատարութիւն:

Ձեռնարկին բարի գալուստի խօսքը արտասանեց վարժարանի ուսուցչուհի Իսկուհի Քիւրտեանը: Ան շնորհաւորեց մայրերու տօնը եւ բարեմաղթութիւններ կատարելէ ետք հրաւիրեց օրուան հանդիսավարը` Տիկնանց յանձնախումբի ատենապետուհի Մարալ Մխսեանը, որ իր կարգին շնորհաւորեց մայրերու տօնը` մաղթելով բոլոր մայրերուն առողջութիւն, ուժ, կորով եւ համբերութիւն: Ապա ան ամփոփ կէտերու մէջ ներկայացուց օրուան բանախօս Եսթեր Քիլաղպեանին կենսագրական տուեալները, անոր ծաւալած գործունէութիւնը եւ հրաւիրեց զայն` ներկայացնելու իր նիւթը:

Բանախօսը նկատել տուաւ, որ սիրոյ իսկական իմաստը կը կայանայ դիմացի անձը հասկնալու մէջ` աւելցնելով, որ հարկ է զայն ճանչնալով եւ հասկնալով` մեր սէրը ցոյց տանք անոր: «Զաւակը պէտք է զգայ, որ իր ծնողները զինք կը ճանչնան որպէս յատուկ անձի մը, որ Աստուծմէ իրենց նուէր եկած է», հաստատեց Ե. Քիլաղպեան` բացատրելով, որ շատ կարեւոր է, թէ ինչպէ՛ս կը խօսինք մեր զաւակներուն հետ: Ան ընդգծեց, որ հոգեբաններ կ՛ըսեն, թէ սիրոյ 5 լեզուներ կան` ա) ծառայութիւն, բ) ֆիզիքական հպում, գ), նուէրներ տալ, դ) որակաւոր ժամանակ անցընել, ե) դրական խօսքեր արտասանել: Ան նկատել տուաւ, որ սկզբնական շրջանին հարկ է այս 5 լեզուները գործածել, որպէսզի գիտնանք, թէ մեր զաւակը ո՞ր լեզուէն աւելի կ՛ախորժի:

Ան շեշտեց հարազատներու միջեւ խօսակցութեան կարեւորութիւնը` աւելցնելով, որ զաւակը պէտք է գիտնայ, թէ ինք ընտանիքին մէջ եղած յատուկ սովորութիւններուն պէտք է համակերպի: Ե. Քիլաղպեան նաեւ հաստատեց, որ հարկ է գիտնալ մեր զաւակներուն ընկերները եւ անոնց ընտանիքները, բաժնեկից ըլլանք մեր զաւկին յաջողութիւններուն, արտօնենք, որ օգնէ մեզի, զգացնենք, որ կը սիրենք զինք, գովենք, եթէ լաւ բան մը ընէ, օրինակ դառնանք իրենց, գիտնանք եւ յարգենք իրենց տկարութիւնները, հաւատքով աղօթենք իրենց համար եւ հաւասարապէս սիրենք մեր զաւակները:

Աւարտին, Մարալ Մխսեան յուշանուէր մը յանձնեց Եսթեր Քիլաղպեանին: Գեղարուեստական յայտագրով ելոյթ ունեցան վարժարանի 6-րդ դասարանի աշակերտները, որոնք ներկայացուցին խմբային եւ անհատական արտասանութիւններ, նաեւ` հայկական պար մը: Ապա ձեռնարկը շարունակուեցաւ խանդավառ մթնոլորտի մէջ:

 

Share this Article
CATEGORIES