ԼՕԽ-ի «Նարօտ Արտալճեան» Մանկապատանեկան Գրադարան

Հովանաւորութեամբ ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան, կազմակերպութեամբ գրադարանի յանձնախումբին, ԼՕԽ-ի «Նարօտ Արտալճեան» մանկապատանեկան գրադարանը նշեց Ս. Զատիկը, ուրբաթ, 30 մարտ 2012-ի յետմիջօրէի ժամը 4:00 – 6:00, գրադարանին մէջ, ներկայութեամբ ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան ներկայացուցիչ Նազելի Աւագեանին, յանձնախումբի ընկերուհիներուն, ծնողներու եւ 50 փոքրիկներու:

Յայտագիրը կ՛ընդգրկէր խաղեր, երգեր, հաւկթամարտ: Բոլոր ներկայ փոքրիկները մասնակից դարձան խաղերուն եւ ստացան նուէրներ. ապա տեղի ունեցաւ հաւկթամարտը: Յայտագրի աւարտին իւրաքանչիւր փոքրիկ ստացաւ Զատկուան նուէրը` պատրաստուած յանձնախումբի ընկերուհիներուն կողմէ:

Բոլորը ուրախ տրամադրութեամբ բաժնուեցան գրադարանէն` իրարու մաղթելով բարի Ծաղկազարդ եւ Ս. Զատիկ, լեցուն` առողջութեամբ եւ ուրախութեամբ:

Գրադարանը նախորդ տարիէն իր արշաւը կը շարունակէ` հրաւիրելով մանկական գիրքերու հեղինակներ, եւ որովհետեւ 2012-ն հռչակուեցաւ Հայ գիրքի տարի, այս ուղղութեամբ յաւելեալ աշխատանք կը տարուի:

Ուրբաթ, ձ- մարտ, կէսօրէ ետք ժամը 4:30-ին, երկրորդ անգամ ըլլալով հրաւիրեցին Զանի Շահինեան-Մեսրոպեանը, որ ընդառաջեց փոքրիկներուն փափաքին եւ եղաւ մեզի հետ` իրեն հետ ունենալով «Վարագը գիւղին մէջ» գիրքը, բացատրելով անոր բովանդակութիւնը, միտքը, նպատակը եւ իմաստը: Փոքրիկները ուշի ուշով մտիկ ըրին բոլոր մանրամասնութիւններուն մեծ խանդավառութեամբ, ապա գիրքին հեղինակը գրադարանին եւ իւրաքանչիւր փոքրիկի նուիրեց սոյն գիրքէն:

Այս է ԼՕԽ-ի գրադարանին հիմնական նպատակը, սիրցնել հայ գիրքը հայ մանուկին: Բոլորս կ՛աշխատինք այս նպատակը իրագործելու եւ մեծ յաջողութիւն կը գտնենք այդ ուղղութեամբ:

Բոլորին վարձքը կատար:

Յարատեւ վերելքի լաւագոյն մաղթանքներ այս սիրելի օճախին:

Share this Article
CATEGORIES