ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ Մասնաճիւղի Աշխատանքներէն

– ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ մասնաճիւղի բոլոր խումբերը, ընկերակցութեամբ մասնաճիւղի Սկաուտական խորհուրդին, կիրակի, 11 մարտ 2012-ին չորս մեծ մարդատարներով ուղղուեցան Մեթնի Զաարուր շրջանը` սպիտակ ձիւնին վրայ անցընելու խաղով եւ ուրախութեամբ լեցուն հաճելի ժամեր: Ձիւնագնացութենէն ետք ամբողջ մասնաճիւղը ուղղուեցաւ դէպի Պիքֆայա, ուր օգտուելով ձմեռնային տաքուկ արեւի ճառագայթներէն շարունակեցին իրենց պտոյտը` գեղեցիկ բնութեան մէջ:

– Մասնաճիւղը հրաւէր ստացաւ Ս. Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ թաղականութենէն` մասնակցելու եկեղեցւոյ անուանակոչութեան առթիւ տեղի ունեցող տօնավաճառին, ուրբաթ 16 եւ շաբաթ 17 մարտ 2012-ին: Մասնաճիւղը սոյն տօնավաճառին մասնակցեցաւ կրպակով մը, ուր երկու օրերու ընթացքին խմբապետական կազմի եւ Սկաուտական խորհուրդի անդամները վաճառեցին ուտեստեղէններ եւ յատուկ ձեռային աշխատանքի նմուշներ: Այս աշխատանքին հասոյթը ամբողջովին պիտի յատկացուի մասնաճիւղի սկաուտութեան: Այս առիթով մասնաճիւղի սկաուտները Արաքս փողոցի մուտքին շինեցին եկեղեցիի գմբէթ մը, որ արժանացաւ բոլորին գնահատանքին:

– Շաբաթ, 31 մարտ 2012-ին մասնաճիւղին մոկլի, գայլիկ, արծուիկ անդամները, ընկերակցութեամբ իրենց պատասխանատուներուն եւ մասնաճիւղի Սկաուտական խորհուրդի անդամներուն, շրջեցան Պուրճ Համուտի թաղերուն մէջ` Զատիկը խորհրդանշող զգեստներով եւ երգերով: Անոնք մասնաճիւղին անունով շնորհաւորեցին հայահոծ թաղերու Ս. Զատիկը եւ իրենց տարազներով, երգերով եւ խանդավառութեամբ գրաւեցին բոլոր անցորդներուն ուշադրութիւնը:

– Կիրակի, 1 ապրիլին, հովանաւորութեամբ մասնաճիւղի վարչութեան եւ կազմակերպութեամբ մասնաճիւղի Սկաուտական խորհուրդին եւ խմբապետական կազմին, կայացաւ Ծաղկազարդի առթիւ ճաշկերոյթ մը` Տըպպայէի «Անթի Ռոզա» ճաշարանին մէջ: Սոյն ճաշկերոյթին ներկայ էին մեծ թիւով ՀՄԸՄ-ական քոյրեր եւ եղբայրներ, համակիրներ, քաջալերողներ, ծնողներ եւ այլ հիւրեր. ճաշկերոյթը սկսաւ խորհուրդի ատենապետուհի Մարիա Չոլաքեանին արտասանած բացման խօսքով: Քոյրը իր խօսքին մէջ բարի գալուստ մաղթելէ ետք ներկաներուն նշեց, թէ Սկաուտական խորհուրդը որեւէ ճիգ չի խնայեր ի նպաստ ՀՄԸՄ-ի բարգաւաճման եւ յարատեւման, նաեւ աւելցուց, թէ ձեռնարկին նպատակն է համախմբել ՀՄԸՄ-ի մեծ ընտանիքին անդամները եւ, ինչո՛ւ չէ, ուրախութեան ընդմէջէն քաղել նաեւ շահեկանը ՀՄԸՄ-ի վսեմ նպատակին համար: Ճաշկերոյթը շարունակուեցաւ հայերէն երգերու ճոխ փունջով մը, եւ ներկաները շատ հաճելի ժամեր անցուցին այս հայկական մթնոլորտին մէջ. յատկանշական էին Սկաուտական խորհուրդին պատրաստած ձեռագործ նուէրները, որոնք ներկաներուն վաճառուեցան իբրեւ վիճակահանութիւն: Խրախճանքի աւարտին բոլոր ներկաները տուն վերադարձան ուրախութեան եւ գոհունակութեան զգացումներով:

– Իսկ ուրբաթ, 6 ապրիլին, Ս. Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ թաղականութեան հրաւէրով մասնաճիւղը պիտի մասնակցի Յիսուսի թաղման թափօրին, Պուրճ Համուտի թաղերուն մէջ, մասնակցութեամբ ՀՄԸՄ-ի շեփորախումբին:

Share this Article
CATEGORIES