Հարցազրոյց Ջաւախքի Հայկական Հասարակական Կազմակերպութիւններու Խորհուրդի Համակարգող Արտակ Գաբրիէլեանին Հետ. Ջաւախահայութեան Հարցերը Համահայկական Են

Արտակ Գաբրիէլեան

Ջաւախքի հայկական հասարակական կազմակերպութիւններու խորհուրդի համակարգող, «Ա-Ինֆօ» լրատու գործակալութեան տնօրէն Արտակ Գաբրիէլեան Եւրոպայի մէջ քաղաքական եւ համայնքային հանդիպումներու շարք մը իրագործեց:

Ան Աթէնք գտնուեցաւ կարճ ժամանակամիջոցի մը համար, որուն առիթով «Ազատ Օր»-ի խմբագրութիւնը տեսակցութիւն մը ունեցաւ անոր հետ:

«ԱԶԱՏ ՕՐ».- Վերջին տասնօրեակին, հանդիպումներու շարք մը կատարեցիք եւրոպական շրջանակներու մօտ: Ինչպէ՞ս կը գնահատէք նախնական արդիւնքները:

ԱՐՏԱԿ ԳԱԲՐԻԷԼԵԱՆ.- Պրիւքսելի Հայ դատի յանձնախումբի գրասենեակին օգնութեամբ կազմակերպուեցաւ այս շրջայցը, որ առիթը տուաւ ինծի տեսակցութիւններ ունենալու մօտ երկու տասնեակ պաշտօնատարներու հետ, որոնք պատասխանատու են հարաւկովկասեան շրջագծի  կամ Վրաստանի հարցերով: Հանդիպումները շատ արդիւնաւէտ էին. անոնց մեծ մասը Եւրոխորհրդարանի պատգամաւորներ կամ յանձնաժողովի անդամներ կամ ալ զեկուցողներ էին:

Իրենց ներկայացուցի Ջաւախքի հայութեան հարցերը:

«ԱԶԱՏ ՕՐ».- Ինչպիսի՞ հարցեր կը դիմագրաւէ Ջաւախքի հայութիւնը:

ԱՐՏԱԿ ԳԱԲՐԻԷԼԵԱՆ.- Ամէնէն կարեւոր խնդիրը այն է, որ ջաւախքցին համարկուած չէ վրացական հասարակութեան մէջ: Ջաւախքցին միշտ ապրած է վրացական կեանքէն, վրացական կենցաղէն, վրացական անցուդարձերէն` զատ, առանձին: Այդպէս եղած է Խորհրդային Միութեան ժամանակներուն եւ այդպէս ալ շարունակուած է մինչեւ այսօր:

2007-ի վերջաւորութեան արդէն սկսաւ կիրարկուիլ ճնշումի մթնոլորտ: Մեր հիմնական խնդիրներէն է վրացերէնի ոչ բաւարար տիրապետումը: Ջաւախքցին իր խնդիրները լուծելու համար չի կրնար Թիֆլիս երթալ` լեզու չիմանալու պատճառով: Ուստի ստիպուած է Հայաստանի Հանրապետութեան` մայր հայրենիքի հետ կապուած ըլլալ: Այսօր մօտ 600 հազար ջաւախքցիներ կ՛ապրին Երեւանի մէջ:

«ԱԶԱՏ ՕՐ».- Հալածանքի մթնոլորտ կա՞յ:

ԱՐՏԱԿ ԳԱԲՐԻԷԼԵԱՆ.- Տարածաշրջանին մէջ խտրական քաղաքականութիւն կը կիրարկուի կեդրոնին կողմէ: Այսօր կարելի չէ ըսել, որ վրացական իշխանութիւնները յաջողած են լեզուի ուսուցումը ստիպողական դարձնել. տարածաշրջանին մէջ վրացերէնի լիակատար ուսուցման համար անհրաժեշտ է ստեղծել կեդրոններ, եւ այս գծով աշխատանք պէտք է տանին  իշխանութիւնները:

Նախապէս ալ տեղական լեզուի իմացութեան անհրաժեշտութիւնը այնքան ալ զգալի չէր, այն իմաստով, որ շրջանէն ներս միայն հայ բնակչութիւն կայ, եւ դպրոցական ժամերուն մէջ վրացերէնի  յաւելումը կը նշանակէ հայերէնի տկարացում, որ նաեւ ազգային պատկանելիութեան առումով սպառնալիք կրնայ դառնալ:

Առաջարկներ ներկայացուցած ենք, որ յաւելեալ կրթական կեդրոններ բացուին, որպէսզի ոչ միայն դպրոցի աշակերտներ, այլ նաեւ տարեց մարդիկ կարողանան սորվիլ եւ հմտանալ լեզուի գործածութեան մէջ: Մեր խորհուրդին հիմնական պահանջն է, որ տեղւոյն վրայ բացուի հայ-վրացական համալսարան-ակադեմիա` հետեւեալ սկզբունքով. հայերէնի իմացութեամբ երիտասարդ մը ընդունուի այդ կրթական հաստատութենէն ներս եւ վրացերէնի իմացութեամբ աւարտէ համալսարանը. այս մէկը շատ կարեւոր է, որպէսզի հաւասարի լեզուներու իմացութեան մակարդակը:

«ԱԶԱՏ ՕՐ».- Ջաւախահայութեան աշխատանքի ասպարէզը ո՞ր մարզերը կը ներառէ:

ԱՐՏԱԿ ԳԱԲՐԻԷԼԵԱՆ.- Ջաւախքցիները հիմնականօրէն կը զբաղին գիւղատնտեսութեամբ եւ անասնապահութեամբ: Պետութեան կողմէ չի խրախուսուիր գիւղատնտեսութիւնը, ոչ ալ պետական ներդրումներ կը կատարուին. նոր արհեստագիտութիւն չկայ, ոչ ալ ժամանակակից արհեստագիտական միջոցներ, որպէսզի գիւղացիի աշխատանքը դիւրանայ եւ արդիւնաւորուի: Իսկ ամէնէն կարեւորը այն է, որ տեղական արտադրանքը շատ դժուար է շուկայ հասցնել, կամ ալ շատ աժան գինով կը տրուի, որովհետեւ նոյն պահուն պետութիւնը կը խրախուսէ Թուրքիայէն ներածումները, որոնք շատ աւելի երկրորդական որակի են:

«ԱԶԱՏ ՕՐ».- Ուրիշ ի՞նչ հարցեր կան:

ԱՐՏԱԿ ԳԱԲՐԻԷԼԵԱՆ.- Լեզուական, կրթական, ընկերային, տնտեսական, մշակութային հարցեր® Ամբողջ Ջաւախքը կը բաղկանայ 145 հայկական գիւղերէ, ուր մշակոյթի տուներ չկան: Ջաւախքցին չի գիտեր համերգը, թատրոնը կամ օփերան: Նոյն պահուն պետութեան կողմէ շարունակաբար ճիգեր ի գործ կը դրուին երկրամասի ժողովրդագրական պատկերը փոխելու համար:

Կան հարցեր տեղական եւ պետական կառավարման կառոյցներուն մէջ, ուր  պէտք է բարելաւել հայերուն ներկայացուածութիւնը եւ վարչական շրջաններու կառավարման մարմիններուն մէջ հայոց լեզուի օգտագործման իրաւունք տալ:

Այս բոլոր խնդիրները լուծելու համար, մեր խորհուրդը բազմաթիւ անգամներ առաջարկներ ներկայացուցած է վրացական իշխանութիւններուն: Եւ հիմնականօրէն հարցերու լուծումը կը տեսնենք ինքնավարութեան մէջ` հաւատալով, թէ Վրաստանի կազմին մէջ ինքնավար տարածքային միաւորի կարգավիճակ պէտք է տալ Սամցխէ-Ջաւախքին եւ յարակից Ծալկա շրջանին:

Քանի որ այսօր Վրաստանը տէ ֆաքթօ դաշնակցային պետութիւն է. կայ ինքնավար Աճարիայի հանրապետութիւն, կայ Վրաստանը: Եւ ինչո՞ւ Ջաւախքի մէջ նոյնպէս ինքնավարութիւն չտրուի, անշուշտ` Վրաստանի կազմին մէջ:

Այս մէկը քաղաքական թեմա է եւ Վրաստանի իշխանութիւնները միջազգային շատ մը բեմերէ կը յայտարարեն, թէ պատրաստ են Աբխազիոյ եւ Հարաւային Օսեթիոյ լայն լիազօրութիւններով ինքնավարութիւն տալ: Իսկ Ջաւախքի հայութիւնը, որպէս օրինապաշտ քաղաքացիներ, միշտ կանգնելով պետութեան կողքին եւ հանդէս գալով կառուցողական դիրքերով, այսուհանդերձ կը փորձուի որպէս անջատողական ներկայացնել, երբ կը խօսուի  ինքնավարութեան մասին:

«ԱԶԱՏ ՕՐ».- Ի՞նչ է բնակչութեան թուային պատկերը:

ԱՐՏԱԿ ԳԱԲՐԻԷԼԵԱՆ.- Ջաւախքի մէջ 200-220 հազար հայութիւն կայ:

1995 թուականին Վրաստանի մէջ տեղի ունեցաւ վարչատարածքային բաժանում:  Խորհրդային տարիներէն կար շրջաններու բաժանում, սակայն հետագային փորձուեցաւ տարածաշրջանի իմաստով ներառել առանձին շրջանները:  Օրինակի համար, Ջաւախքի շրջանը կոչուեցաւ Սամցխէ-Ջաւախեթի տարածաշրջան եւ իր մէջ առաւ վեց շրջաններ:

1995-ին կատարուած վարչատարածքային բաժանումը սխալ էր եւ խտրական քաղաքականութիւն էր հայութեան հանդէպ, այն առումով, որ այդ վեց շրջաններուն մէջ յայտնուեցան վրացական շրջաններ, իսկ դուրս մնաց զուտ հայկական Ծալկան: Այդ առումով իշխանութիւնները փորձեցին տոկոսային համեմատութիւնը աւելցնել` յօգուտ վրացիներուն:

Օրինակի համար, Պորժոմի շրջանը վրացական է, բայց միացուած է տարածաշրջանին, ուր Նինոծմինտայի շրջանին մէջ 98 առ հարիւր տոկոսը հայութիւն է, Ախալքալաքի շրջանէն ներս 97 առ հարիւրը հայկական է: Այս առումով է խտրական քաղաքականութիւնը:

Ուրիշ շրջաններու մէջ այդ փորձերը յաջողեցան, ինչպէս Ատիկէնի շրջանին մէջ, կամ` Թիֆլիսի մէջ®

Հիմա վտանգը կը սպառնայ Ջաւախքի տարածաշրջանին: Մենք կը դիմենք Վրաստանի իշխանութիւններուն` որպէս լիարժէք քաղաքացիներ եւ մեր իրաւունքներու պաշտպանութեան սիրոյն, այլ ոչ թէ որպէս անջատողականներ:

«ԱԶԱՏ ՕՐ».- Այս տուեալները պարզուեցա՞ն եւրոպական շրջանակներուն մօտ:

ԱՐՏԱԿ ԳԱԲՐԻԷԼԵԱՆ.- Իմ  հանդիպումներուս ընթացքին ս5

Share this Article
CATEGORIES