Դարձեալ Վերածուեցաւ «Կար Ու Չկար»-Ի – Հոլիվուտը Եւ Հայոց Ցեղասպանութիւնը
ՆԱՅԻՐԻ ՄԿՐՏՉԵԱՆ-ՏԱՂԼԵԱՆ
Առաջին դէպքը չէ, որ լուրեր կը շրջին այն մասին, որ աշխարհահռչակ դերասաններու կամ ֆիլմարտադրողներու մասնակցութեամբ Հայոց ցեղասպանութեան կամ անոր հետ առնչուող իրադարձութիւններու մասին ժապաւէն պիտի նկարահանուի:
2006-ին խօսուեցաւ այն մասին, որ` «Սիլվեսթըր Սթալոն կ՛երազէ շարժանկարի վերածել «Մուսա լերան քառասուն օրերը»:
Աւելի ուշ մամուլը հրապարակեց, որ «Հայոց ցեղասպանութիւն» արտայայտութեան համար Սիլվեսթըր Սթալոնի դէմ բողոքի նամակներու տեղատարափ սկսած է, եւ թէ` Սիլվեսթըր Սթալոնի` Ֆրանց Վերֆէլի «Մուսա լերան քառասուն օրերը» վէպը շարժանկարի վերածելու մտադրութիւնը բաւական մեծ աղմուկ յառաջացուցած է Թուրքիոյ մէջ, եւ զանազան շրջանակներ գործի լծուած են ամերիկացի նշանաւոր դերասանը ազդարարելու համար, որ եթէ ան այդպիսի ծրագիր մը իրականացնէ, պիտի կորսնցնէ Թուրքիոյ մէջ իր վայելած համբաւը:
Սթալոն այս ծրագրին եւ ընդհանրապէս Հայոց ցեղասպանութեան հարցին վերաբերեալ իր մտածումներուն առնչութեամբ տուաւ իր մեկնաբանութիւնը, որ բաւական ծանր էր թուրք հանրային կարծիքին համար: Դերասանը ըսաւ. «Ասիկա քաղաքական տաք գետնախնձոր մըն է. թուրքերը 85 տարիէ ի վեր կը թաղեն այս խնդիրը»:
Բրիտանական «Ինտիփենտընթ» թերթը եւս, արձագանգելով այս լուրին, տեղեկացուց, որ Թուրքիոյ մէջ Հայոց ցեղասպանութեան անհիմն պնդումներուն դէմ պայքարելու միութեան նախագահ Սաւաշ Էղիլմեզ կազմակերպած է նամակներու տեղատարափ արշաւ մը, որպէսզի արգիլէ այդ շարժանկարին նկարահանումը: Անգլիական թերթը օրին յայտնեց, թէ Սթալոնի այս շարժանկարը կրնայ շատ աւելի աղմուկ բարձրացնել, քան` Մել Կիպսընի պատրաստած Յիսուսի չարչարանքներուն նուիրուած ժապաւէնը:
Թրքական «Քանալ թուրք» կայանը նոյնպէս անդրադարձաւ Սթալոնի այս ծրագրին ու հարցազրոյց մը կատարեց Էղիլմեզի հետ, որ հաստատեց այդ շարժանկարի դէմ բողոքի արշաւի մը իրականացնելու փաստը, բայց շատ ալ լաւատես չէր, որովհետեւ «սփիւռքահայութիւնը շատ մեծ է եւ շատ հետեւողական աշխատանք կը տանի` ի նպաստ հայկական պնդումներուն»:
Այնուհետեւ մամուլը յայտարարեց. «Թուրքիա ինչպիսի՞ պայքար մը տարաւ, որպէսզի Վերֆելի վէպը շարժանկարի չվերածուի». յատկապէս «Թարաֆ» թերթի իր էջին մէջ յայտնի սիւնակագիր Այշէ Հիւր անդրադարձաւ Ֆրանց Վերֆելի նշանաւոր «Մուսա լերան քառասուն օրերը» վէպին առնչուող հարցերուն:
Այշէ Հիւր անդրադարձաւ այն խնդիրներուն, որոնք ծագած էին, երբ Միացեալ Նահանգներու մէջ «Մեթրօ կոլտուին մէյըր» ընկերութիւնը որոշած էր շարժապատկերի վերածել այս վէպը:
Հիւր անդրադարձաւ այն պայքարին, զոր Թուրքիա մղեց «Մեթրօ կոլտուին մէյըր» շարժապատկերի ընկերութեան դէմ, որպէսզի արգելք ըլլայ Վերֆելի վէպին շարժապատկերի վերածուելուն:
Այշէ Հիւր իր յօդուածը կ՛եզրակացնէր հետեւեալ տողերով.
«…. Թուրքիա ամէն ինչ ըրաւ, որպէսզի պատմութեան խորքերուն մէջ թաղէ 1915-ը ու հասանք մինչեւ այս օրերը…. Ձգեցէք 1915-ը, 2009 թուականի հայկական բացումն իսկ յիշող կա՞յ հիմա: Կրնաք վստահ ըլլալ, որ այս անգամ ալ այս փորձանքը մեկուսացնելէ ետք մեր ականջներուն վրայ պառկելով պիտի քնանանք մինչեւ յառաջիկայ 24 ապրիլ: Եւ այնքան ժամանակ, որ մենք պիտի շարունակենք այսպէս ընել, նմանօրինակ օրէնքներ պիտի հանուին մեր դէմ: Մենք դարձեալ պիտի նետենք-բռնենք, սպառնալիքներ պիտի ընենք: Մինչդեռ «գրականութեան մէջ» գրուած է, թէ ի՛նչ պէտք է ընենք իրաւական տեսակէտէ»:
…. Այսպէս, առայսօր «Մուսա լերան քառասուն օրերը» շարժանկարի վերածելու գաղափարը «կար ու չկարի» իրավիճակի մէջ է:
Ականատես եղանք նաեւ հակառակ երեւոյթին. Անթոնիօ Պանտերասին առաջարկուած էր խաղալ Աթաթուրքին կերպարը, սակայն ամերիկացի եւ յոյն խումբի մը կողմէ յղուած բուռն նամակներէն դրդուած` Պանտերաս մերժեց այդ դերը խաղալ: Ժապաւէնին արտադրիչը ըսած է. «Պանտերաս այդպէս վարուեցաւ` ազդեցութեամբ յոյն եւ ամերիկեան խումբին, որուն կարծիքով, Աթաթուրքը արժանի չէ, որ զինք մարմնաւորէ Պանտերասի նման սիրուած դերասան մը»:
Վերջերս, իսկ աւելի ճշգրիտ` այս տարուան փետրուարի կիսուն, մամուլը ողողուած էր օսքարակիր, յայտնի բեմադրիչ Սթիվըն Սփիլպըրկի 1915-ի Հայոց ցեղասպանութեան մասին շարժանկար նկարահանելու մասին լուրերով, յայտնելով, որ նման ժապաւէնի նախապատրաստութեան մասին դեռ մէկ տարի առաջ յայտարարած էր մշակոյթի եւ երիտասարդութեան հարցերով նախկին նախարար, ներկայիս «Հայֆիլմ»-ի տնօրէն եւ «Ազգային կինոկեդրոն»-ի ղեկավար Գէորգ Գէորգեան:
Ինչպէս բնորոշ է մեզի, շատ եւ շուտ ուրախացանք… Վերնագրերն ու շրջանարուող լուրերը բառին բուն իմաստով խանդավառեցին մեզ:
Ազգային կինոկեդրոնը ներկայիս բանակցութիւններ կը վարէ աշխարհահռչակ Սթիվըն Սփիլպըրկի եւ բեմագիր Սթիվըն Զայլեանի հետ: Հայերու ցեղասպանութեան մասին պատմող ժապաւէնը ներկայիս կը գտնուի քննարկումներու փուլին մէջ եւ պատրաստ կ՛ըլլայ 2015 թուականին…. «Ցեղասպանութեան 100-ամեակին մենք պէտք է ամբողջ աշխարհին ժապաւէն ցուցադրենք, որն աւելի ուժեղ կը լինի, քան` «Մայրիկ»-ը կամ «Արարատ»-ը, որտեղ կը հաւաքուեն հայ եւ արտասահմանցի դերասաններ», ըսած էր «Հայֆիլմ»-ի տնօրէն Գէորգ Գէորգեան:
«Սփիլպըրկ Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին կապակցութեամբ պատրաստւում է մեծ պիւտճէով ժապաւէն նկարահանել»:
«Սթիվըն Սփիլպըրկ եւ բեմագիր Սթիվըն Զայլեան Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին նախատեսուող շարժանկարին համար տեսակցութիւններ պիտի ունենան Հայաստանի ազգային «Հայֆիլմ» կեդրոնին հետ: Շարժանկարին մէջ դերեր պիտի ստանձնեն ե՛ւ հայ, ե՛ւ աշխարհահռչակ դերասաններ»:
Եւ այլն, եւ այլն…
Խանդավառուելու ալ իրաւունք ունէինք, որովհետեւ Սփիլպըրկ եւ Զայլեան 1993-ին միասնաբար արտադրած են «Շինտլըրի ցուցակը» յայտնի շարժանկարը, որ կ՛արծարծէ Եւրոպայի հրեաներուն ողջակիզումը գերմանացիներուն կողմէ: «Շինտլըրի ցուցակը» կը գնահատուի ամէն ժամանակներու լաւագոյն շարժանկարներու շարքին, ապահոված է 300 միլիոն տոլարէն աւելի շահ եւ արժանացած է Օսքար, Կոլտըն Կլոպ, Պաֆթա եւ Կրեմմի մրցանակներուն:
Շատ չանցած, Թուրքիա, ինչպէս միշտ, անհանգստանալու առիթ ունեցաւ, ինքն ալ իրաւունք ունէր. մոխիրի տակ ծածկուած կրակը, եթէ փոքրիկ փայտով իսկ խառնեն, կը բռնկի, ալ ո՛ւր մնաց նման մեծ իրադարձութիւն… Այս անգամ մամուլի հրապարակումները կը յայտնէին, որ Սթիվըն Սփիլպըրկի կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան մասին ժապաւէն նկարահանելու շուրջ Հայկական ազգային կինոկեդրոնին հետ տարուող բանակցութիւններուն մասին լուրը խիստ անհանգստութիւն յառաջացուցած է Թուրքիոյ մէջ:
Թրքական «Սապահ» օրաթերթի յօդուածագիր Մեւլութ Թեզել գրեց. «Եթէ աշխարհահռչակ բեմադրիչ Սթիվըն Սփիլպըրկն ու բեմագիր Սթիւըն Զայլեան Հայոց ցեղասպանութեան մասին ժապաւէնը ԱՅՆՈՒԱՄԵՆԱՅՆԻՒ նկարահանեն, ի՞նչ է, Թուրքիան պէտք է պոյքոթէ՞ այդ երկու հանճարեղ ժապաւէնի գործիչներուն նկարահանած ժապաւէնները, կամ ետ կանչէ՞ Միացեալ Նահանգներու իր դեսպանը:
Յօդուածագիրին կարծիքով. «Հիմնական խնդիրը կը ծագի այն ժամանակ, եթէ այդ երկու արուեստագէտները իրենց նկարահանած` «Շինտլերի ցուցակը» ժապաւէնին նման ժապաւէն նկարահանեն 1915-ի իրադարձութիւններու մասին: Այդ ժամանակ ցեղասպանութիւն ըլլալ-չըլլալու մասին քննարկումները քաղաքական գործիչներու շրջանակէն դուրս կ՛ելլեն եւ կը տարածուին լայն զանգուածներու մէջ: Արդէն ամբողջ աշխարհը պիտի խօսի այդ ժապաւէնին մասին: Քարտէսի վրայ Թուրքիոյ տեղը չիմացող երիտասարդներն անգամ պիտի հաւատան Ցեղասպանութեան իրողութեան»:
«Սապահ»-ին յաջորդեց «Հուրրիյէթ»-ը` գրելով. «Ամերիկացի աշխարհահռչակ բեմադրիչ Սթիվըն Սփիլպըրկի մամուլի խօսնակ Մարվին Լեւին հերքած է այն տեղեկութիւնը, թէ իրենք Հայոց ցեղասպանութեան մասին պատմող ժապաւէն պիտի նկարահանեն»:
Լեւի նշած է, թէ այդ առնչութեամբ իրենք ոչ մէկ կազմակերպութեան հետ բանակցած են եւ ոչ ոք իրենց դիմած է Հայոց ցեղասպանութեան մասին ժապաւէն նկարահանելու առնչութեամբ:
Ամերիկացի նշանաւոր բեմադրիչ Սթիվըն Սփիլպըրկի բանբերը հերքեց թրքական եւ հայկական մամուլին մէջ հրատարակուած այն լուրը, թէ Սփիլպըրկ կը պատրաստուի Հայոց ցեղասպանութեան մասին շարժապատկեր մը բեմադրելու: Պատասխանելով թրքական «Հիւրրիյէթ» թերթի թղթակիցին հարցումին` Սփիլպըրկի բանբեր Մարվին Լեւի ըսած է, որ լուրը անհիմն է, եւ որեւէ հաստատութիւն իրենց հետ կապ չէ հաստատած նման շարժանկարի պատրաստութեան համար:
Երբ թերթին աշխատակիցը Լեւիին հարցուցած է, թէ Աթաթուրքի մասին նոր ժապաւէն մը պատրաստելը կրնա՞յ Սփիլպըրկի համար հետաքրքրական թուիլ, ան պատասխանած է, որ այս մասին Թուրքիայէն որեւէ առաջարկ չէ ներկայացուած տակաւին. «Ներկայիս Սփիլպըրկ Լինքընի մասին ժապաւէն մը կը պատրաստէ: Աթաթուրքն ալ ձեր ազգային հերոսն է եւ աշխարհը պէտք է աւելի շատ բան իմանայ անոր մասին: Ուրեմն չեմ կրնար ըսել, որ եթէ Աթաթուրքին մասին ժապաւէն մը պիտի պատրաստուի, այդ ժապաւէնը պատրաստողը Սփիլպըրկը պիտի չըլլայ», աւելցուցած է Լեւի:
Աւելի ուշ լուրեր շրջեցան այն մասին, որ «Հայկական ազգային կինոակադեմիա»-ն հերքած է յայտնի ամերիկացի բեմադրիչ Սթիվըն Սպիլպըրկի հետ Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին նուիրուած ժապաւէնի նկարահանման բանակցութիւններու մասին տարածուած լուրերը:
Ի՞նչ կ՛ըսէ հայկական կողմը.
«Կինոակադեմիա»-ի ղեկավար Գէորգ Գէորգեան այս մասին խօսած է 2010-ին:
«Ազգային կինոկեդրոն»-ի մամուլի պատասխանատու Ռուզան Բագրատունեան յայտնեց, որ` «դեռ 2010 թուականին խօսակցութիւններ են եղել, որ Հայաստանի ազգային կինոկեդրոնը բանակցում է աշխարհահռչակ բեմադրիչի հետ, այսօր նման բան չկայ, ժամանակին հայկական կողմից այդպիսի խօսակցութիւններ եղել էին, նամակ էր ուղարկուել Սփիլպըրկին, պատասխան չենք ստացել, հետագայում սառեցուեց այդ գործընթացը: Աւելի՛ն. առայժմ յայտնի չէ` Սփիլպըրկին կը դիմե՞նք, թէ՞ այլ յայտնի բեմադրիչի: Բայց նպատակներ ու ծրագրեր կան, որ մինչեւ 2015 թուական ժապաւէնը լինի պաստառին, դա հաստատ է», ըսաւ ան եւ ընդգծեց, որ Ցեղասպանութեան 100-ամեակին նուիրուած ժապաւէնի գաղափարը կայ եւ ուժի մէջ կը մնայ: «Դա աշխատանքների մեծ ծաւալ է ենթադրում եւ մենք փորձում ենք տեղաւորուել ժամկէտներում, քանի որ բոլորս ենք հասկանում այդ տարելիցը ի՛նչ նշանակութիւն ունի հայ ազգի համար»:
Եւ այսպէս, այս ծրագիրը նոյնպէս դարձաւ հեքիաթ. կար ու չկար, աշխարհահռչակ բեմադրիչ մը կար, որուն առաջարկուեցաւ Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին նուիրուած ժապաւէն նկարահանել, շատ հաւանաբար թրքական ճնշումները, ինչպէս միշտ, իրենց մեծ դերը խաղացին ու ժապաւէնը կասեցուեցաւ ու դարձեալ եղաւ «կար ու չկար»:

